Յուլիսեան Մարտեր.- Նուաճում Եւ Նոր Հանգրուան. Պետրոս Քհնյ. Շիթիլեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Պետրոս Քհնյ. Շիթիլեան
Սփրինկֆիլտ, Մասաչուսէց

2016-ին չորսօրեայ պատերազմ էր, 2020-ին երեքօրեայ մարտեր էին: 2016-ին Հայաստանը ուրիշ երկիր մըն էր, իսկ 2020-ին բոլորովին տարբեր: 2016-ին շատ հաւանական է, որ պայմանաւորուած պատերազմ էր, 2020-ինը այդպիսին չէր կրնար ըլլալ: 2016-ի ճարտարապետը Ռուսիան էր, 2020-ին ետեւը Թուրքիան: Դէպքերը. Մարտերը տեղի ունեցան Յուլիս 12-14 ոչ թէ Արցախի, այլ Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան Տաւուշ շրջանի սահմանին վրայ ու մեր կողմէն կռուողը մեր բանակին երրորդ կորպուսն էր: Պատերազմ կարելի չէ կոչել եղածը, այլ մարտերու շարք՝ որ կը ճանչցուի որպէս «Յուլիսեան Մարտեր», ու ըստ զինուորական մասնագէտներու կրնար պատահական սկսիլ: Առ ի յիշեցում, որ պատմութեան մէջ նման եղելութիւններ կրնան պատահիլ. կարելի է օրինակ բերել Նախագահ Քենետին, որ 1962-ի Քուպայի հրթիռներու տագնապի ժամանակ ինքը շրջանցելով բանակի վերին ղեկավարութիւնը ուղիղ կապ հաստատեց Քուպան շրջաբակած ամերիկեան ռազմանաւերու հրամանատարներուն հետ, առաջքը առնելու համար որեւէ պատահական սխալի, որ կրնար հսկողութենէն դուրս հանել իրավիճակը ու պատճառ դառնալ պատերազմի: Եթէ նման պատահարներ կրնան պատաhիլ, բայց նաեւ ինչպէս որ յաճախ կ՚ըլլայ՝ նաեւ կողմերը կ՚ուզեն առիթը չփախցնել օգուտներ քաղելու համար: Այս պարագային Ատրպէյճանն էր՝ որ փորձեց շարունակել, բայց այնպիսի հարուածներ ստացաւ մեր բանակէն, որ մինչեւ այսօր շփոթի մէջ կը գտնուի: Յայտարարուած 13 մահ՝ որոնցմէ մէկը զօրավար, մեր 5 նահատակներուն դիմաց. 13 անօդաչու թռչող սարքեր զարնուեցան, որոնց մէջ 30 միլիոն տոլար արժող իսրայէլեան Hermes 900-ը, որ ասկէ առաջ երբեք չէր բացայայտուած ու խոցուած, նաեւ՝ քանի մը ուրիշ սարքերուն վրայ օդին մէջ վերահսկողութիւն ձեռք առնուեցաւ ու սարքերը չվնասուած գետին բերուեցան (նման սարքերու պարագային Ատրպէյճանի վնասները կը գնահատուին 150-200 միլիոն տոլար): Ամենէն նշանակալիցը այն է, որ այդ բարձր մակարդակի սարքերը խոցուեցան հայ մասնագէտներուն կողմէն կատարելագործուած ու դեռ Խորհրդային շրջանէն մնացած հինցած թուացող OSA համակարգի հակա-օդային հրթիռներով: Թշնամին իր ամենալաւ յատուկ ջոկատը համարուող «Եաշմա»-ի (կեցցէ) մօտաւորապէս հարիւր անդամներով մեր «Անվախ» դիրքը փորձեց գրաւել, բայց ետ շպրտուեցաւ մեր կողմէն անգամ վիրաւորներ չտալով, եւ ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ՝ Արծրուն Յովհաննէսեանին, մօտաւորապէս քսան զոհեր տալով: Ատկէ ետք երկրորդ անյաջող փորձ մըն ալ եղաւ «Անվախ»-ը գրաւելու, որուն մանրամասնութիւնը չեն բացայայտուած: Գալով մեր հողային նուաճումներուն, ապա հաստատ է որ քանի մը նոր դիրքեր նուաճուած են, որոնցմէ ամենէն շատ կը խօսուի կարեւոր «Ղարադաշ» (սեւ քար) դիրքի մասին, որուն մասին շատ տեղեկութիւններ չկան ռազմական գաղտնիք ըլլալու պատճառով:

Պատճառներ ու նպատակներ. Տարբեր կարծիքներ կան այս մարտերուն դրդապատճառներուն ու նպատակներուն մասին: Կնճիռը Թուրքիա-Ռուսիա խաղին մէջ է: Համաճարակին ստեղծած իրավիճակէն օգտուելով, նպատակը Ռուսիային զարկերակը փորձելն էր, թէ ինչ չափով ու մակարդակով վերջինս պիտի հակազդէր: Այս տեսակէտի ճշդութեան օգտին կը խօսի այն փաստը, որ բախումները տեղի ունեցան Հայաստանի սահմանին մօտ եւ ոչ թէ Արցախի ուղղութեամբ: Ռուսիան կը յայտարարէ, որ Արցախը Հայաստանի մաս չի կազմեր ու հետեւաբար իրեն այդ մէկը չի վերաբերիր, բայց գալով Հայաստանին՝ Ռուսիոյ հետ ռազմական համաձայնութիւն կայ ու Հայաստանը Ռուսիոյ հետ միասին անդամ են Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրին, ուր անդամ երկիրները պէտք է պաշտպանեն զիրար արտաքին յարձակման պարագային: Ահա Թուրքիան այս ուզեց ստուգել, թէ Ռուսիան ինչքանով հաւատարիմ է իր խոստումերուն, որովհետեւ Ռուսիան եթէ անգամ որոշ չափով անտարբերութիւն ցուցաբերեր՝ Թուրքիան ամենաքիչը պիտի սկսեր որոշ գործողութիւններու Նախիջեւանի կողմէն, որ էապէս պիտի տկարացնէին Հայաստանը ու ճնշումը թուլացնէին Ատրպէյճանի վրայ: Չմոռնանք, որ Թուրքիան ռազմական ներկայութիւն ունի Նախիջեւանի մէջ ու նման բան մը նաեւ ժխտական մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենար Հայաստանի վրայ, որովհետեւ Նախիջեւանի կողմէն սահմանը ընդամէնը 40 քիլոմեթր հեռու է Երեւանէն:
Այս անգամ Ռուսիան իր ճիշդ դերը կատարեց սանձելով Թուրքիոյ: Նախ՝ Լաւրովը յայտարարութիւն մը կատարեց, ըսելով որ Մինսքի խումբի անդամ երկիրները որպէս Արցախեան կարգաւորման գործընթացքի միջնորդներ, պէտք չէ սադրիչ յայտարարութիւններ կատարեն ու այս մէկը հասցէագրուած էր Թուրքիոյ, որովհետեւ Մինսքի խումբի անդամներէն վերջինս էր միայն որ նման յայտարարութիւն ըրած էր: Ետքը, երբ Թուրքիան Հայաստանին սահմանին մօտը սկսաւ «Էֆ-16» հալածիչ օդանաւեր թռցնել՝ Ռուսիան ալ Գիւմրիի իր ռազմակայանին մէջ տեղակայուած ուղղաթիռները օդը բարձրացուց սահմանին ուղղութեամբ: Բայց ամենէն կարեւորը այն հանգամանքն էր, որ Ռուսիան իր ռազմական հարաւային շրջանին մէջ՝ որուն մէջ նաեւ կը մտնէ Գիւմրիի ռազմակայանը, անակնկալօրէն մեծ տարողութեամբ ռազմական վարժութիւններ յայտարարեց:
Ռուսիան Հայաստանը կը նայի իր ազդեցութեան գօտին ու առ այժմ կրնանք վստահիլ, որ այս հարցին մէջ իր շահերը կը համընկնին Հայաստանի անվտանգութիւնը ապահովելու մեր շահին հետ: Բայց նկատի ունենալով պատմութիւնը ու ապահով ըլլալու համար, ու այս մասին շատ կը խօսուի, պէտք է փորձել նաեւ ուրիշ գերուժ մը բերել Հայաստան՝ հաւանաբար Չինաստանը, նկատի ունենալով այն հանգամանքը որ Չինաստանը ինքը մտահոգ է փանթուրքիզմով ու որոշ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստանին նկատմամբ: Ռուսիան դժուար դաշնակից է: Եթէ դրական է անոր դերը Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման կողմէն դիտած, բայց բարդ է ու աւելի ժխտական՝ գալով Հայաստանի ներքին հարցերուն: Ռուսիան նաեւ կը ջանայ, որ Արցախի յարակից ազատագրուած շրջաններէն մի քանին յանձնուին Ատրպէյճանին, առանց ոչ մէկ նախապայմանի: Այս էր 2016 չորսօրեայ պատերազմին պատճառն ու նպատակը: Ինչքանո՞վ կարելի է Չինաստանին հետ ռազմաքաղաքական յարաբերութիւններ հաստատել դժուար է ըսել, որովհետեւ Չինաստանը նաեւ բարեկամ երկիր է Ռուսիոյ: Հայաստանի նման փոքր չափի երկիրները, որոնք անվտանգութեան հարցեր ունին, կը գոյատեւեն իրենց ներքին ուժով ու դաշնակիցներուն հարցը ճիշդ լուծելով: Արդէն յստակ է, որ Ատրպէյճանի հետ կրնանք գլուխ ելլել, կը մնայ Թուրքիոյ հարցը, մանաւանդ որ այսօր ան դարձած է զաւթող երկիր ու կասկած չկայ որ եթէ առիթը ներկայանայ նոյնը պիտի իրագործէ Հայաստանին նկատմամբ: Առ այժմ ապահով է մեր անվտանգութիւնը ու Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնային մտահոգութիւնը՝ է ու պիտի ըլլայ միշտ դաշնակիցներուն հարցը: Չի բացարուիր նաեւ, որ Թուրքիան կրնայ քայքայուիլ, ու նաեւ եւ քանի որ ժամանակակից պատերազմները աւելի ու աւելի կը հիմնուին արհեստագիտութեան վրայ, կրնայ ըլլալ որ ժամանակը գայ ու մենք ինքներս առանձին կարողութիւնը ունենանք Թուրքիոյ դէմը դնելու: Իրականութեան մէջ Թուրքիան ամէն ձեւով կ՚ուզէ խանգարել Հայաստանի հզօրացումը, որովհետեւ լաւ կը հասկնայ, եթէ Հայաստանը բաւարար չափով հզօրանայ, ապա Արեւմտեան Հայաստանի հարցը յառաջ պիտի գայ:
Ատրպէյճանի հակադա՞րձը․․․։Բոլոր վերլուծաբանները համաձայն են, որ նկատի ունենալով ներկայ ռազմաքաղաքական իրավիճակը Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ մեծ պարտերազմ մը քիչ հաւանական է, բայց նաեւ կը սպասուի որ նման բախումներ կամ կարճատեւ փոքրածավալ պատերազմներ տեղի ունենան ու աւելի յաճախ: Ալիեւը ներքին հարց ունի. ծիծաղելի էին այդ օրերուն՝ անոր կատարած յայտարարութիւններն ու գործողութիւնները որոնք հեռու էին քաղաքական գործիչի մը յատուկ գործելակերպէն. ան հանրայինօրէն քննադատեց արտաքին գործոց նախարարին՝ ըսելով թէ անոր կը փնտռէր ու չկրցաւ գտնել ու զայն փոխարինեց դիւանագիտական փորձառութիւն չունեցող կրթութեան նախարարին հետ. ան անընդհատ իր նախարարներուն վրայ լուտանքներ կը թափէր՝ անգամ ըսելով որ դաւաճաններ կան. ան օրինակ բացայայտօրէն բողոքեց՝ թէ Ռուսիան խոստացած է օգնել ու բան մը չ՚ըներ. բայց մանաւանդ ցնցող էր անոր այն խօսքերը, թէ՝ յանուն պատերազմի հազարներով ցոյցեր տեղի կ՚ունենան (եւ նաեւ հայերուն սպաննելու լոզունգներով), բայց միայն 150 հոգի կամաւոր արձանագրուած է սահման երթալու համար (ետքը յայտարարուեցաւ որ թիւը 7000-ի հասած է, որուն հաւաստիութեան ոչ մէկը չի հաւատար): Հոս կ՚արժէ համեմատութիւն մը ընել մեզի հետ, երբ տասնեակ հազարաւորներ կրնան հաւաքուիլ նման պարագաներուն, ինչպէս որ տեղի ունեցաւ 2016-ին: Այս անգամ Արծրուն Յովհաննէսեանը կոչ ուղղեց որ կամաւորներ Տաւուշ չգան, որովհետեւ կարիքը չկայ ու աւելորդ բեռ կրնան ըլլալ:
Ատրպէյճանի անկարողութիւնը մէկ կողմէն ու իր յետամնաց ըլլալը միւս կողմէն, պատճառ հանդիսացան ատրպէյճանցիներու կողմէն շարք մը ծիծաղելի ու վայրագ արարքներու Ատրպէյճանէն դուրս: Համացանցին մէջ տեսաերիզ մը յայտնուեցաւ ուր Մոսկուայի մէջ ատրպէյճանցիներ հայկական ծիրաններու վրայ կը կոխկրտէին. արգիլուեցան հայկական ծիրաններուն վաճառքը Ռուսիոյ կարգ մը շուկաներէն ներս։ Ռուսիոյ մէջ ատրպէյճանցիները ազդեցիկ ներկայութիւն ունին այդ որոլտէն ներս։ Ասոր պատասխան՝ Մոսկուայի հայերը բեռնատար մեքենաներէն ուղղակիօրէն վաճառք կազմակերպեցին, ու կարճ ժամանակի մէջ այդ ծիրանները ծախուեցան: Միւս կողմէն Մոսկուայի ու նախկին Խորհրդային երկիրներուն մէջ յարձակումներ տեղի ունեցան հայերու ու հայկական հաստատութիւններու վրայ, որոնց հայերը երբեմն նոյն ձեւով պատասխանեցին: Հոս ռուսական պետութիւնը շատ խստօրէն դիմագրաւեց այս արարքները. տասնեակներ ձեռբակալուեցան որոնց մեծ մասը ատրպէյճանցիներ: Ռուսիան յայտարարեց որ նման արարքներ կատարողները եթէ անգամ Ռուսիոյ քաղաքացիութիւն ունին, նմանները պիտի զրկուին իրենց քաղաքացիութենէն ու վտարուին Ռուսիայէն: Այնպէս կ՚երեւի որ գոնէ Ռուսիոյ մէջ նման արարքները պիտի վերջ գտնեն, որովհետեւ ինքնին Ռուսիոյ համար նման երեւոյթները վտանգաւոր են, ուր մեծ թիւերով տարբեր ազգութիւններ կ՚ապրին ու ամենաքիչը քսան միլիոն իսլամներ: Այս վայրագութիւնները հասան մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, Սան Ֆրանսիսքօ, ուր հայկական վարժարանին ու կեդրոնին պատերուն վրայ գրուեցան հայատեաց գրութիւններ:
Շարունակելով Ատրպէյճանի հակադարձին նիւթը պէտք չէ մոռնալ յիշել պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակին այն արտառոց յայտարարութիւնը, որ Ատրպէյճանը կրնայ ռմբակոծել Հայաստանի աթոմական կայանը: Նման արարք մը անիրագործելի է, ու կը պատկանի ֆանթասթիք ժանրին: Ընդհանրապէս նման յայտարարութիւններ կ՚ըլլան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէն, բայց երբե՛ք չեն եղած բարձր պաշտօն ունեցող պետական պաշտօնեայի մը կողմէ: Նման յայտարարութիւն մը քաղաքականօրէն մեծ վնաս կրնայ հասցնել Ատրպէյճանին: Հոս կարեւոր է հայկական դիւանագիտութեան աշխատանքը, որ արդէն սկսած է, առաւելագոյն օգուտ քաղելու համար: Այս առիթով ռուս քաղաքական վերլուծաբան Արկադի Տուպրովը նշեց, որ Ատրպէյճանը մեծ նուէր մը մատուցեց Հայաստանին: Եզրակացնելով այս հատուածը տեղին է եզրակացնել, թէ հայորդին շահագրգռուած պէտք է ըլլայ, որպէսզի Ալիեւի վարչակարգը մնայ իշխանութեան վրայ:
Մենք ու ապագան.Բայց այս ամէնուն մէջ հիմնական գործօն մը կայ, առանց որուն բոլոր այս խօսակցութիւնները ապարդիւն են: Այդ մէկը մենք ենք, մեր դերը ու մեր գործօնը: Վերջապէս առաջինն ու գլխաւորը մենք ենք, որ մեր հարցերը պիտի լուծենք ու հոս կարելի է ըսել, որ գրեթէ անխափան դուրս եկանք այս փորձաքարէն: Նախ՝ հիանալի էր տեսնել ոչ միայն մեր բանակին արիութիւնն ու կամքը, այլ նաեւ խելագիտութիւնը, ուր մեր բանակը նաեւ արհեստագիտական միջոցներով յաջողօրէն կռուեցաւ, այսինքն՝ ցոյց տուաւ ժամանակակից ձեւերով պատերազմելու ունակութիւն: Սքանչելի էր իմանալ իրենց ծառայութիւնը բոլորած ժամկէտային զինուորներուն չզօրացրուելու փափաքը մինչեւ կացութեան հանդարտուիլը: Սքանչելի էր տեսնել խաղաղ բնակչութեան հանդարտութիւնը ու խուճապի չմատնուիլը, չնայած այն բանին որ սահմանամերձ գիւղերը ռմբակոծման ենթարկուեցան, ուր օրինակ գիւղերէն մէկուն մէջ 140 տուներէն մօտաւորապէս յիսունը վնասուեցան: Ոչ մէկ խաղաղ բնակիչ զոհուեցաւ, քանի մը անձեր թեթեւ վիրաւորուեցան: Ներշնչող էր տեսնել Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ Եպիսկոպոս Գալստեանին սահմանամերձ գիւղերուն մէկուն մէջ բաց երկինքի տակ նարտի խաղալը, այն նոյն ժամանակ երբ կը լսէինք թէ այդ գիւղերը ռմբակոծման կ՚ենթարկուին: Կացութիւնը յար եւ նման էր Արցախի ազատագրութեան օրերուն։ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանն ալ նոյնը կատարած էր․․․տարիներ առաջ։
Տպաւորիչ էր տեսնել պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննէսեանին մամլոյ ասուլիսներու ժամանակ ցոյց տուած հանդարտութիւնն ու ինքնավստահութիւնը: Ուրիշ կարեւոր երեւոյթ էր մարտերուն շրջանին Փաշինեանին Պելառուսիա կատարած այցը, այն ժամանակ երբ Ալիեւը Պաքուն անգամ չէր կրնար ձգել, զգուշանալով նաեւ ներքին պատճառներէ: Այս այցելութեան արդիւնքներէն մէկը այն եղաւ, որ ի տարբերութիւն 2016-ին այս անգամ Մինսքը Ատրպէյճանին կողմ յայտարարութիւն մը չկատարեց:
Յուլիսեան մարտերը առաջին փորձաքարը եղան 2018-ի յեղափոխութենէն ետք , ու Հայաստանը զայն պատիւով դիմագրաւեց ու այդ տեղի ունեցաւ նաեւ ստեղծուած պայմաններուն պատճառով : Մեծ է ատակը պաշտպանութեան նախարար սասունցի՝ Դաւիթ Տոնոյեանին, որ այսօր արդարօրէն ամենասիրուած նախարարը կը հանդիսանայ: Իրմէ է որ լսեցինք. «Նոր պատերազմ, նոր տարածքներ» կարգախօսը, որ փոխարինեց նախկին «տարածքներ խաղաղութեան դիմաց» կարգախօսին:
Ու հոս պէտք է յիշել այս մարտերուն ընթացքին նահատակուածներուն անունները՝ Գարուշ Համբարձումեան, Սօս Էլբակեան, Սնբատ Գաբրիէլեան, Գրիշա Մաթէոսեան եւ Արթուր Մուրատեան:
Վերը նշուած հայ ու ատրպէյճանցի կամաւորներու թիւերուն տարբերութեան օրինակը ցոյց կու տայ մեր հոգին, որ ամենէն կարեւոր գործօնն է, այն գործօնը որ դուռը կը բանայ աւելի նուաճումներու: Այդ հոգին է մեր գոյատեւման գաղտնիքը, այդ հոգին է որ հերոսութեան կը մղէ ու նոյնի՛սկ այդ հոգին է, որ մեզի աւելի խելացի կը դարձնէ: Ժամանակը հասած է, որ ամբողջ ազգը զինուի ինչպէս որ ըսած է Նժդեհը. « Եթէ ազգը բանակ է դառնում, հնարաւոր չէ նրան ծնկի բերել», ինչպէս որ են օրինակ Իսրայէլն ու Զուիցերեան: Այս մէկը արդարացիօրէն կը մատնանշէ ռազմական վերլուծաբան Վովա Վարդանովը: Ժամանակն է, որ ոչ թէ միայն պատերազմական պայմաններուն մէջ իրար հետ համերաշխօրէն աշխատինք, այլ՝ սորվինք նոյնը ընել խաղաղ պայմաններուն մէջ: Ժամանակն է, որ յառաջ երթանք ու չսահմանաբակուինք պարզապէս մեր գոյութիւնը պաշտպանելով, ժամանակն է որ չվախնանք ու մեր դիմացը մեծ նպատակներ դնենք։ Այսպէս կը մտածեն կարեւոր քանի մը վերլուծաբաններ ու ազգային գործիչներ: Ասոր համար տեսիլք է պէտք է, ասոր համար յանդգնութիւն ու թռիչք է պէտք: Ասոր համար նաեւ՝ մեր արեւելեան ազգի կարգավիճակէն, համաշխարհային ազգի կարգավիճակին հասնիլ է պէտք: 2018-ի յեղախոխութիւնը պէտք է զարգացնել ու իր տրամաբանական աւարտին հասցնել: Նշաններ կան, որ միջազգային քաղաքականութեան հաշիւները մեր օգտին կրնան դասաւորուիլ. ահա այդ իրավիճակները չփախցնելու պարտաւորութիւնը ունինք: Իսրայէլի նախկին նախագահ Շիմոն Փերեսը խօսելով Իսրայէլի հիմնադրութեան ու զարգացման մասին ըսած է.- «Մեծ երազներ ունեցէք: Որքան որ մեծ երազէք, այնքան աւելի արդիւնքներու կը հասնիք»:
Մինչեւ չիրականանայ Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի մեր ազգային գերագոյն ծրագրին իրագործումը ու մինչեւ որ հայութեան մեծամասնութիւնը չապրի իր հայրենիքին մէջ հայը իրաւունք չունի հանգստանալու: Մեր պարագային քաղաքականութիւնը ոչ թէ բառին նեղ իմաստով երեւոյթն է, այլ՝ մեր գոյատեւման ու յառաջխաղացման պայքարին հիմնական մէկ մասը: Այս պէտք է ըլլայ եկող տարիներուն ու տասնամեակներուն մեր գլխաւոր առաքելութիւնը: Ահա միայն այս նպատակներուն հասնելէ ետք է, որ հայը իրեն իրաւունք կրնայ տալ չմասնակցելու հասարակական-քաղաքական կեանքին: Փոքրաքանակ ենք, բայց հեռուն ու մեծ մտածող ազգ պէտք է դառնանք: