Թեսաղոնիկէի Հայութիւնը Իր Բողոքի Ձայնը Բարձրացուց Ազրպէյճանի Յարձակողականութեան Դէմ

Հայաստան, Սփիւռք

Եր­կու­շաբ­թի՝ 27 ­Յու­լիս 2020ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ, քա­ղա­քի կեդ­րո­նը գտնո­ւող հայ­կա­կան ­Խաչ­քա­րին դի­մաց, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բին, թե­սա­ղո­նի­կա­հա­յու­թիւ­նը խուռ­նե­րամ ներ­կա­յու­թեամբ բո­ղո­քեց հայ-ազր­պէյ­ճա­նա­կան սահ­մա­նին վրայ՝ 12 ­Յու­լի­սէն ետք ա­զե­րիա­կան վեր­ջին ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն եւ սադ­րանք­նե­րուն դէմ։ ­Ցոյ­ցին ներ­կայ ե­ղան նաեւ շրջա­նի ազ­գա­յին եւ միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Բ­նա­կա­նա­բար, բո­ղո­քի ցոյ­ցի ո­գին ու շուն­չը հան­դի­սա­ցան մեր ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րը, ո­րոնք Ե­ռա­գոյն դրօշ­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­պաշ­տու­թիւ­նը դա­տա­պար­տող մեծ ու փոքր պաս­տառ­նե­րով ազ­դան­շա­նը տո­ւին ցոյ­ցի մեկ­նար­կին։

­Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Հ.Յ.Դ. Յ.Ե.Մ.ի ­Կեդր. վար­չու­թեան ան­դամ՝ ընկ. ­Սա­թե­նիկ ­Սի­մո­նեան, որ ող­ջու­նեց ժո­ղո­վուր­դին ներ­կա­յու­թիւ­նը Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան սոյն կա­րե­ւոր հա­ւա­քին։ Ա­պա, յա­նուն «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բի վար­չու­թեան, յու­նա­րէն լե­զո­ւով խօսք ա­ռաւ ընկ. Ար­փի­նէ ­Մո­սի­նեան, յի­շե­լով եւ բաղ­դա­տե­լով օ­րո­ւան զու­գա­դի­պու­թիւ­նը՝ 37 տա­րի­ներ ա­ռաջ այ­սօ­րո­ւան պէս ­Լիզ­պո­նի մէջ նա­հա­տա­կո­ւած 5 ե­րի­տա­սարդ սրտե­րու եւ այս օ­րե­րուն հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան սահ­մա­նին վրայ զո­հուած 6 ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն, ո­րոնք եր­կու պա­րա­գա­նե­րուն ալ հայ­րե­նի­քի ա­զա­տու­թեան ու պաշտ­պա­նու­թեան ի խնդիր ի­րենց կեան­քը զո­հե­ցին։
­Մէջ ընդ մէջ, ե­րի­տա­սարդ­նե­րու կող­մէ ե­ղան զա­նա­զան տե­սա­կի հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան պա­րեր, ուր ներ­կա­նե­րը եւս միա­ցան տե­ղի ու­նե­ցած շուրջ­պա­րե­րուն։

­Յա­ջոր­դա­բար, ­Խաչ­քա­րին առ­ջեւ, գլխա­ւո­րու­թեամբ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս վրդ. ­Փա­շա­յեա­նի, կա­տա­րո­ւե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւն։ Իր ո­գեշնչիչ խօս­քով, հայր սուր­բը վեր ա­ռաւ ու դրո­ւա­տի­քով խօ­սե­ցաւ օ­րո­ւան բո­ղո­քի ցոյ­ցի նպա­տա­կին մա­սին եւ նշեց, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը իր ե­րի­տա­սար­դա­կան ու­ժե­րով եւ զանգուածով միշտ կան­գուն ու հզօր մնա­ցած է ու կը շա­րու­նա­կէ կառչած մնալ հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան վեհ գա­ղա­փա­րին։ Ան իր ընդվ­զու­մը յայտ­նեց ա­զե­րի յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան հա­մար եւ դա­տա­պար­տեց կա­տա­րո­ւած սադ­րանքն ու փոր­ձը թշնա­միին կող­մէ եւ շեշ­տեց, որ հայ զի­նո­ւո­րը պա­հա­պան ար­թուն հսկո­ղը կը մնայ հայ­րե­նի­քի ու Ար­ցա­խի ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան։ Իր խօս­քի ա­ւար­տին, հայր սուր­բը իր բարձր գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն՝ այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան հա­մար։

Ա­ւար­տին, փակ­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Հ.Յ.Դ. ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Յ. ­Գա­սա­պեան» կո­մի­տէի ան­դամ ընկ. ­Յո­վիկ ­Գա­սա­պեան, ընդ­հա­նուր ակ­նարկ մը նե­տե­լով սահ­մա­նա­գօ­տիին վրայ ի­րա­դար­ձու­թեանց վրայ ու դա­տա­պար­տե­լով ա­զե­րիա­կան նկրտում­ներն ու փոր­ձե­րը ­Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նէն ներս խու­ժե­լու վե­րա­բե­րեալ։ Ան յի­շեց ­Լիզ­պո­նի 5 տղա­քը, եւ ման­րա­մասն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տա­լով այդ օ­րե­րուն մա­սին, նշեց ­Հա­յաս­տա­նի ընդ­հա­նուր վի­ճա­կը եւ կա­րե­ւո­րեց Ս­փիւռ­քի հզօ­րա­ցու­մը, միա­ժա­մա­նակ, կոչ ը­րաւ միաս­նա­կան ո­գիով շա­րու­նա­կե­լու պայ­քա­րը մին­չեւ յաղ­թա­նակ։

­Բո­ղո­քի ցոյ­ցը վերջ գտաւ հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ո­գերգնե­րով։

«Ազատ Օր»-ի թղթակից