Վաղուան Համար Կրկին Գիրքի Եւ Հայ Գիրքի Մասին. Յ. Պալեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Գիրքի եւ մանաւանդ հայերէն գիրքի ընթերցման, գնման, հրատարակութեան եւ էականութեան մասին խօսիլ կրկնութիւն կը համարեն շատեր, կամ պարզապէս ժամանակավրէպ շատախօսութիւն:

            Եթէ հայերէն գիր ու գիրք եղած չըլլային, մոլորակին վրայ այսօր պիտի ըլլային թերեւս ծագումով հայեր, այդ ծագումն ալ մոռցած զանազան ժողովուրդներու մէջ անհետացածներ, ինչպէս կաթիլ մը մելանը տակառ մը ջուրի մէջ:

            Ֆրանսական հեռատեսիլէն ինծի ծանօթ երեք հաղորդումներ կը խօսին գիրքի եւ հեղինակի մասին: Այս «կը խօսին»ը հաճոյակատարական գինեձօն կամ ապսպրուած գրախօսական չէ: Հաղորդման հեղինակը, որ սոսկ հաղորդավար չէ, ինչպէ՞ս ժամանակ կը գտնէ այդքա՜ն գիրքեր կարդալու եւ այնքան բանիմաց կերպով զանոնք ներկայացնելու:

            Երբ օտարալեզու գիրք մը կը գնեմ նախանձով կը փնտռեմ, թէ ի՞նչ է տպաքանակը, քանիերորդ տպագրութիւնն է, քանի լեզուներու թարգմանուած է: Կը հասկնամ, որ գիրքը լոյս չէ տեսած գաղտնի մնալու համար: Խորհրդային օրերուն հայ հեղինակներու գիրքերը լոյս կը հազարաւոր տպաքանակով եւ կը թարգմանուէին օտար լեզուներով: Փակ շրջանակի մէջ չէին մնար:

Օտարալեզու գիրքերը գաղտնի չեն մնար հայածնունդ ընթերցողներունբայց անոնց ո՞ր տոկոսին համար հայերէն գիրքը տեղ մը պահուած չէ՞, գաղտնի, անծանօթ, հեռաւոր: Հայածնունդ գրող մը երբ օտար լեզուով գիրք մը գրէ, զօրաշարժ եւ տեղաշարժ տեղի կ’ունենայ այդ գիրքը եւ անոր հեղինակը մէկ կեդրոնէ ուրիշ կեդրոն փոխադրելու, հրաւիրելու: Ուրեմն հայու գիրքը օտարալեզու պէտք է ըլլայ, որպէսզի հայը հետաքրքրուի այդ գիրքով: Նոյնիսկ եթէ պիտի չկարդայ, ան կը գնէ գիրքը, եւ ցուցական կերպով կը դնէ իր գրադարանին մէջ:

            Այս վերաբերումը մեր աղաղակող պարտութիւնն է, մեր երազած վերականգնումին գլխաւոր խոչնդոտներէն մին, կամ՝ մեր օտարման (aliénation) անլոյս ճամբան: Չես գիտեր ո՞ր սնապարծութեան կամ կարօտի զգացում բաւարարելու համար, եթէ վասն արդիականութեան հայու զաւակներուն երբեմն օտար անուններ չեն տրուիր, եւ զանոնք կը կոչեն ՆարեկՎարուժանՌաֆֆի, Սօսիիէն տարբեր Սօսէ, Ռուբինա: Այդ անունները կրողներուն հարցուցէ՛ք, թէ ո՞վ էր ՆարեկըՎարուժանըՌաֆֆին, Սօսէն, Ռուբինան, անոնք յաճախ զարմացած պիտի նային ձեզի…

            Չես գիտեր ո՞ր սնապարծութեան գոհացում տալու համար, աւելի ճիշդ՝ ինքնահաստատման համար, մեծ ու պզտիկ հայեր իրենք զիրենք կը համարեն համաշխարհային ազգ, կարծէք հայ ըլլալով եւ հայ մնալով հանդերձ համաշխարհային մարդկութեան ընտանիքին անդամ չենք կրնար:

            Եւ հիւանդագին եւ դատարկ արդիականութեան տուրք տալով, կը հեռանանք մեր արմատներէն եւ ինքնութենէն:

Հեռացում՝ որ կը չափուի հայերէն գիրքով, անոր ընթերցումով, տպաքանակով, սպառումով:

Հեռացում՝ որուն հորիզոնը շիջումն է:

            Ֆրանսական մեծ եւ օրինակելի թերթ Le Monde, յաճախ բացառիկ թիւեր կը հրատարակէ գրական, քաղաքական եւ ընդհանրապէս իմացական աշխարհի վրայ իրենց կնիքը դրած անձերու մասին: Հոն կը գտնենք Նիցչէ, Մարքս, Լա Ֆոնթէն, Փրուստ, Միթերան: Վերջին համարը նուիրուած էր մեծ գրող Էմիլ Զոլայի, ուր անոր մասին արտայայտուած մեծ դէմքերու կարծիքերը ամփոփուած են: Հաճոյքով կրկին եւ կրկին կարելի է կարդալ նոյնինքն Էմիլ Զոլայի հռչակաւոր եւ քաջ «Կ’ամբաստանեմ»ը*, բաց նամակ ուղղուած Հանրապետութեան նախագահին, ընդդէմ պետութեան եւ դատարանի անարդար վճիռին, քաջաբար պաշտպանելու համար զինուորական Տրէյֆիւսը: Այսինքն՝ գրողը «փղոսկրեայ աշտարակ»ի բնակիչ չէ եղած:

            Էմիլ Զոլայի նուիրուած բացառիկին մէջ, ամբողջ էջի մը վրայ, անոր «Rome» գիրքէն մէջբերում մը կար.

            «Երբե՛ք շատ գիրքեր չկան: Կրկի՛ն եւ մի՛շտ անոնք պէտք են: Գիրքով է, եւ ոչ սուրով, որ մարդկութիւնը պիտի յաղթէ սուտը եւ անարդարութիւնը, պիտէ տիրապետէ վերջնական խաղաղութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութեան:»**

            Երբ կարդացի Էմիլ Զոլայի այս միտքը, զայն այնքա՜ն արդիական գտայ, եւ մեր ժողովուրդին համար այնքա՜ն կարեւոր, գոյութենական, քաղաքական եւ հոգեբանական տեսակէտէ:

            Հայը կարենալ կուրծք տալու համար իրեն սպառնացող վտանգներուն, պէտք է ինքզինք զինէ, ոչ միայն զէնքով, ոչ միայն տնտեսութեամբ, այլ նաեւ իր ինքնուրոյնութեան համար կենսական գիրով, գիրքով, մշակոյթով: Այս էական քաղաքականութիւն է, զոր պէտք է կենսագործել ընելով այնպէս, որ հայերէն գիրքը դառնայ հայու տան անդամը, որ ոգեկանութիւն կու տայ թութակաբար կրկնուող տարբերութեան իրաւունքին, մէկ եւ նոյն ազգ ըլլալու ճառային յոխորտանքներուն:

            Հայ գրողին գիրքը հարազատութեան հայելի է, որուն մէջ հայածնունդը ինքզինք կը սեւեռէ, պէտք է սեւեռէ, իր նկարագիրը կերտելու համար: Էրնեստ Հեմինկուէյ մեծ գրող է եւ սիրելի, ինչպէս Ալպէր Քամիւ կամ Սոլժենիցինը, բայց հայը ինքզինք կը վերանուաճէ Րաֆֆիով, Չարենցով, Վարուժանով, Կոստան Զարեանով, Վիգէն Խեչումեանով, եւ ուրիշներով:

            Ազգային իրաւութեան քաղաքականութիւն է հայերէն գիրքը բերել հայ մարդուն, հայածնունդին: Այս ընելու համար այստեղէն-այնտեղէն որսացուած տեսութիւններու կարիք չկայ: Այս ընելու համար հարկ է ունենալ հզօր կազմակերպութիւն՝ տնտեսական-հրատարակչական, քարոզչական-ծանօթացման, բացատրական, եւ հասնիլ իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ:

            Ընել այնպէս, հայերէն գիրքը եւ հայ գրողը չըլլան սոսկ անուններ, այլ մեզի ընկերանան մեր կեանքի ընթացքին, ըլլան գիտակցութեան կողմնացոյց:

            Պահ մը կարգախօսները մէկդի դնելով, ի՞նչ կրնանք ընել եւ ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի հայերէն գիրքը դադրի սոսկ յիշատակ ըլլալէ, դառնայ այն հաստատ սիւնը, որուն պէտք է կառչիլ տեւելու համար մեր ինքնութեամբ, եւ ոչ անհետանալէ առաջ քաղքենիական հաճոյքի վերածուած ծագումով հայ ըլլալու նախշովթաթուով, կտածումով:

Հայուն համար գոյութենական հարց է հայերէն գիրքը, որպէսզի ան ինքզինք չգտնէ փարիա դարձած յաւերժ գաղթական համաշխարհային ազգի անգոյն վիճակին մէջ:

            Եթէ Էմիլ Զոլա հայ ըլլար, թերեւս նոր «Կ’ԱՄԲԱՍՏԱՆԵՄ» մը կը գրէր, բոլոր այն բախտախնդիրներուն դէմ, որոնք կրաւորականութեամբ հայերէն գիրքը դարձուցած են օտար հայ մարդուն եւ հայ տան:

            Ծով տեղատուութեան դէմ Արամ Ա կաթողիկոս 2012 տարին յայտարարած էր ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՏԱՐԻ… Տեղ մը վիճակագրութիւն մը կա՞յ, թիւերով ճշդելու համար համար, թէ հայ մարդիկ հայերէն գիրք կը գնե՞ն եւ կը կարդա՞ն:

            Ինչպէ՞ս Հայաստանի եւ գունաթափուող սփիւռք(ներ)ի զանգուածները պիտի համոզենք, պիտի համոզուին, որ գիրքը մեզ պահող զէնք է, քանի որ պէտք է նախ մնանք, օր մը կարենալ իրաւունքի տէր դառնալու համար:

            Հայերէն գիրքը հայու տան մէջ հայու ինքնութեան գոյութեան չխաբող ցուցանիշն է:

            Նահանջը տնտեսող էսթէպլիշմընթները գիտակցական éléctrochocի պէտք ունին: Պէտք է յիշել, որ վաղը միշտ ուշ է

* «J’accuse…! » L’AURORE, journal français, 13 janvier 1898

**Il n’y a jamais trop de livres ! Il en faut, et encore, et toujours ! C’est par le livre, et non par l’épée, que l’humanité vaincra le mensonge et l’injustice, conquerra la paix finale de la fraternité entre les peuples.

«Rome», Emile Zola, 1896