Անցնող Գիշեր Հրադադարը Խախտուած է 22 Անգամ

Հայաստան

Յուլիս 28 լոյս 29-ին եւ այսօր առաւօտեան, հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանին վրայ պահպանուած է յարաբերական անդորր։

ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ազրպէյճանական կողմը հրաձգային զինատեսակներով խախտած է հրադադարը 22 անգամ` հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ արձակելով 497 կրակոց:

Քոլագիր, Մովսէս, Ներքին Կարմիրաղբիւր, Կոթի ուղղութիւններով տեղակայուած մարտական դիրքերու առանձին հատուածներուն վրայ` 5 անգամ։

Երասխ, Չիվա, Զանգակատուն, Ելփին ուղղութիւններով տեղակայուած մարտական դիրքերու առանձին հատուածներուն վրայ` 5 անգամ։

Բարձրունի, Անգեղակոթ ուղղութիւններով տեղակայուած մարտական դիրքերու առանձին հատուածներուն վրայ` 12 անգամ։