Երէկ Լիզպոն, այսօր Տաւուշ, վաղը Սեւր. «Ազատ Օր»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազատ Օր»-ի խմբագրական

Ծա­նօթ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ո­ճով կամ բա­ռա­խաղ ը­նե­լու մի­տու­մով չէ գրո­ւած վե­րի խո­րա­գի­րը, այլ ա­ռա­ջին եր­կու կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ, հա­կա­ռակ 37 եր­կար տա­րի­նե­րու տար­բե­րու­թեան, ի­րար կա­պող թելն է, որ կը շեշ­տա­ւո­րո­ւի ­Փոր­թու­կա­լի մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ ­Հին­գե­րու սխրան­քով եւ ­Տա­ւու­շի մար­զի սահ­մա­նա­գօ­տիին վրայ հա­յոց բա­նա­կի ամ­րա­կուռ եւ յաղ­թա­կան կե­ցո­ւած­քով։
Ա­ռա­ջի­նին մէջ, ­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնն ու դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը ա­մօ­թա­լի պար­տու­թիւն կը կրէին, թրքա­կան հող իսկ հա­մա­րո­ւող դես­պա­նա­տան սիր­տին մէջ, իսկ երկ­րոր­դին՝ թուրք-ա­զե­րիա­կան խու­ժու­մը ցիր ու ցան կ­՚ըլ­լար հայ­կա­կան բա­նա­կին կող­մէ եւ իր փո­շիա­ցած հետ­քե­րը կը թո­ղուր ռազ­մա­դաշ­տին վրայ։
Եր­կու տար­բեր սե­րունդ­ներ, տար­բեր ժա­մա­նակ­նե­րու ապ­րած, տար­բեր ապ­րում­նե­րով, սա­կայն հայ ազ­գի մէկ ու միաս­նա­կան նպա­տա­կին, ի­տէա­լին ու խոր­հուր­դին հա­ղորդ։
Ե­թէ ա­ռա­ջին ա­րար­քին մէջ թշնա­մին պար­տու­թեան մատ­նե­լու ար­դիւն­քը ան­ցաւ հինգ տղոց զո­հա­բե­րու­թեան ընդ­մէ­ջէն, երկ­րորդն ալ՝ իր յաղ­թա­նա­կը ամ­րագ­րե­լու գնով, հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան բա­գի­նին զո­հա­բե­րեց հինգ հայ զի­նո­ւո­րա­կան­ներ, մեր այ­սօ­րո­ւան մար­տու­նակ սե­րուն­դի հինգ սքան­չե­լի ծա­ռա­յող­ներ, ո­րոնց հե­րո­սա­ցու­մը եւս, ա­ռա­ջին­նե­րուն նման, ստա­ցաւ հա­մազ­գա­յին յար­գան­քի ար­ժէք ու տա­րո­ղու­թիւն։

***


Այս օ­րե­րուն, հա­յաշ­խար­հը, կազ­մա­կեր­պո­ւած հա­ւաք­նե­րով, խո­նար­հե­ցաւ ­Լիզ­պո­նի 5 տղոց յի­շա­տա­կին, մինչ դար­ձեալ հա­յաշ­խար­հը ցնցո­ւած է թուրք-ա­զե­րիա­կան խու­լի­կա­նու­թեան անն­կա­րագ­րե­լի բռնի ա­րարք­նե­րուն պատ­ճա­ռով։
Ազ­դան­շա­նը տո­ւած է ար­դէն մեծ փաթ­րո­նը՝ ­Թուր­քիան, որ Ատր­պէյ­ճա­նի ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ա­մօ­թա­լի ար­դիւն­քէն ետք, փու­թաց իր ան­մի­ջա­կան հո­վա­նիին տակ առ­նել Ատր­պէյ­ճա­նը, հա­մա­կար­գո­ւած քա­ղա­քա­կան ու ռազ­մա­կան ծրագ­րում­նե­րով եւ խա­փա­նա­րար գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով ջլա­տել հա­յու­թեան կո­րո­վը, ա­պա կտրել հայ­րե­նի­քի եւ Ս­փիւռ­քի հա­յոր­դի­նե­րու մի­ջեւ ո­գե­ւո­րու­թեան ու մար­տու­նա­կու­թեան պոր­տա­կա­պը։
­Ժա­մա­նակ ա­ռաջ, թուրք պե­տու­թեան կող­մէ, ­Խորհր­դա­տո­ւա­կան բարձրա­գոյն մար­մի­նի մը պաշ­տօ­նա­կան ե­րե­ւու­մով, ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ու­րա­նա­լու եւ հայ­կա­կան պա­հանջ­նե­րը միան­գա­մընդ­միշտ թա­ղե­լու ա­ռա­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէն ետք, ա­հա այ­սօր, Ս­փիւռ­քը խան­գա­րե­լու ա­ռա­ջին բռնի փոր­ձե­րուն ա­կա­նա­տես կ­՚ըլ­լանք՝ ­Փա­րի­զի մէջ հա­յե­րու վրայ յար­ձա­կու­մով, ­Գեր­մա­նիոյ մէջ հայ­կա­կան դես­պա­նու­թեան ինք­նա­շար­ժի հրկի­զու­մով, Ս­պա­նիոյ մէջ Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան վրայ սպառ­նա­լից շար­ժում­նե­րով, ­Մոս­կո­ւա­յի եւ Ուք­րա­նիոյ հա­յու­թեան հան­դէպ բռնու­թիւն­նե­րով, Ս. Ֆ­րան­սիս­քո­յի «Գ­ռու­զեան-­Զա­քա­րեան-­Վաս­պու­րա­կան» վար­ժա­րա­նին ու հայ կեդ­րո­նին վրայ թրքա­բա­րոյ խու­լի­կան­նե­րու տգե­ղու­թիւն­նե­րով։
Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ սար­քո­ւած եւ ­Թուր­քիոյ մեղ­սակ­ցու­թեամբ կա­տա­րո­ւած բռնու­թիւն­նե­րուն ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն հա­կազ­դեց հայ­րե­նի պե­տու­թիւ­նը, որ շեշ­տա­կիօ­րէն մատ­նա­ցոյց ը­րաւ բուն կազ­մա­կեր­պի­չը, ա­զե­րի պե­տու­թիւ­նը, յայտ­նե­լով՝ «­Մենք խստօ­րէն կը դա­տա­պար­տենք տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ ազ­գա­մի­ջեան բա­խում­ներ հրահ­րե­լու գոր­ծե­լա­կեր­պը, որ ­Պա­քո­ւի ան­պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան հեր­թա­կան դրսե­ւո­րումն է եւ ամ­բող­ջո­վին կը տե­ղա­ւո­րո­ւի Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան` եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ ա­ռանց աշ­խար­հագ­րա­կան սահ­մա­նա­փակ­ման թշնա­մու­թեան հրահր­ման հռե­տո­րա­բա­նու­թեան եւ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ»:

***


­Կը գտնո­ւինք նոր տե­սա­կի պա­տե­րազ­մի մը սե­մին, որ այս ան­գամ կը փոր­ձէ թի­րա­խա­ւո­րել հայ­կա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը, միւս կող­մէն՝ թուրք-ա­զե­րի ռազ­մա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան այ­լեւս բա­ցա­յայտ շար­ժում­նե­րով կը մի­տի ստեղ­ծել ա­պա­կա­յու­նաց­ման այն­պի­սի ի­րա­կա­նու­թիւն մը տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս ու յատ­կա­պէս հայ­կա­կան սահ­ման­նե­րուն վրայ, որ­պէս­զի Ար­ցա­խեան հիմ­նա­հար­ցի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն մէջ ամ­բող­ջու­թեամբ տկա­րաց­նէ հայ­կա­կան կող­մը ու ա­նոր նո­ւա­ճած ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րը։
­Կը մնայ ազ­գո­վին ըլ­լալ զգօն։ Զ­գօ­նու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ նաեւ, շատ խօ­սո­ւած, ­Հա­յաս­տան-Ար­ցախ-Ս­փիւռք ե­ռա­միաս­նու­թեան մէջ հայ­րե­նի պե­տու­թեան կող­մէ մէկ ու միաս­նա­կան ճա­կա­տի ստեղ­ծու­մը, որ զերծ պի­տի մնայ ներ­քա­ղա­քա­կան խնդիր­նե­րու մթնո­լոր­տէն եւ պի­տի ե­րաշ­խա­ւո­րէ հա­մա­հայ­կա­կան օ­րա­կար­գի՝ հա­յոց ան­ժա­ման­ցե­լի ի­րա­ւուք­նե­րու ձեռք­բեր­ման յա­ջո­ղու­թիւ­նը։
­Սեւ­րի դաշ­նա­գի­րի 100ա­մեա­կը հա­մա­հայ­կա­կան օ­րա­կար­գի ա­ռա­ջին եւ կա­րե­ւոր ար­տա­յայ­տու­թիւնն է։ ­Սեւ­րը ան­ժա­ման­ցե­լի է, ­Թուր­քիան ծա­նօթ է այս ի­րո­ղու­թեան։

«ԱԶԱՏ ՕՐ»