Չէզոքութեան Հռչակումէն Առաջ. «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազդակ»-ի խմբագրական

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին Պէյրութ այցելութիւնը կրնար ուղենշային իմաստ ստանալ այն առումով, որ գործող կառավարութեան օրով առաջին անգամն է, որ գերտէրութեան մը բարձրաստիճան պաշտօնատարը կը ժամանէ Լիբանան` ճգնաժամային պայմաններու մէջ բանակցութիւններ վարելու համար:

Ակնկալութիւնը պարզ է: Ճեղքել տնտեսական պաշարումը եւ վերագործարկել օժանդակութիւններու ծրագիրը: Ֆրանսայի պաշտօնական կարգախօսը` «Օգնեցէ՛ք մեզի, որպէսզի կարենանք օգնել ձեզի» տեսքով, բարեկարգչական խնդիրներու կը վերաբերի: Լիբանան պէտք է նախաձեռնէ վարչակառավարման նոր դրութիւններու` կարենալ ապահովելու արդիւնաւէտ ոլորտային բարեփոխումներ, որպէսզի ստանայ աջակցութիւնը միջազգային ընտանիքին: Հանգոյցը յայտնապէս վարչակառավարման դրութիւններու չի վերաբերիր: Օգնելու կարգախօսին տակ յստակօրէն կայ քաղաքական առանցք, որ Արեւմուտքին, յատկապէս Միացեալ Նահանգներուն եւ որոշ առումներով նաեւ Եւրոպային կը վերաբերի: Իրանի մեկուսացումը տարածաշրջանին մէջ մեծ օրակարգն է, որ բնականաբար ունի ենթաբաժիններ:

Այս բոլորով հանդերձ, սակայն, Ֆրանսան կը փորձէ ինքնուրոյն քայլ առնել եւ` իբրեւ Լիբանանի հետ բացառիկ գործընկերական յարաբերութիւններ ունեցող երկիր` առաջին օրինակը կու տայ տնտեսական պաշարումը ճեղքելու ուղղութեամբ:

Նման գործընթացներու մեկնարկին վրայ հաւանաբար ազդեցութիւն կ՛ունենան նաեւ այլընտրանքային ուղիներ որոնելու Պէյրութի քաղաքական տարբեր շրջանակներու հրապարակային քննարկումներն ու այդ բոլորին պետական մակարդակով արձագանգումները: Արեւելումի շրջադարձէն մինչեւ ուժանիւթի եւ ջուրի ոլորտներուն մէջ Լիբանան-Ռուսիա համագործակցութեան ծրագիրներու մասին պաշտօնական քննարկումները կամ Չինաստանի կողմէ պետական առկախ ծրագիրներ ստանձնելու հաւանականութեան մասին բարձրաձայնումները կը մղեն պաշարման գործողութիւններուն մասնակից պետութիւնները ճեղքումի տպաւորութիւն ձգող քայլերու ձեռնարկելու:

Այս պարունակին մէջ պէտք է ընկալել նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին յայտարարութիւնը, թէ` Ուաշինկթըն լիբանանցի ժողովուրդը օժանդակութիւններէ եւ ամերիկեան դրամանիշէ չի զրկեր եւ թէ` լիբանանցի ժողովուրդը աշխարհի մէջ ազգային համերաշխութեան եւ համակեցութեան տիպար օրինակ կը նկատուի:

Այստեղ պարզ է, որ գործող կառավարութիւն-ժողովուրդ տարանջատումի վարքագիծն է, որ կը դրսեւորուի: Միացեալ Նահանգները պատրաստ են ժողովուրդին օգնելու` կառավարութիւնը շրջանցելով: Նման յայտարարութիւն ժողովուրդ-գործադիր իշխանութիւն անջրպետի խորացման կը միտի, աւելի ճիշդը` կը քաջալերէ հակակառավարական տրամադրութիւններու բարձրացումը:

Քաղաքական ներկապնակը այնպիսի հակասական գոյներով կը ներկայանայ այսօր, որ չէզոքութեան տեսութիւնը բաժանարար հետեւանքներ կը յառաջացնէ: Տարբեր խնդիր է անշուշտ, որ չէզոքութիւն առաջադրելը այս պարագային կ՛ընկալուի իբրեւ մէկ պետութեան ազդեցութեան չէզոքացումը առաւելաբար: Մինչդեռ իրողապէս այն է իրավիճակը, որ բացարձակ չէզոքութիւնը իրատեսական չէ, քանի որ Լիբանանի մէջ բոլոր գլխաւոր ուժերը կախեալութեան հարց ունին այս կամ այն պետութենէն: Հետեւաբար, միակողմանի չէզոքութիւնը բնականաբար սուր հակազդեցութիւններ կը յառաջացնէ:

Այլ հարց կը ծագի, թէ չէզոքութիւն առաջադրողները, գիտակից ըլլալով հանդերձ, թէ նոր բաժանարարութեան կրնայ առաջնորդել նման քայլ մը ներկայ պայմաններուն մէջ, ինչո՛ւ կը պաշտօնականացնեն անոր հրապարակայնացումը:

Չէ բացառուած, որ չէզոքութիւնը ներածուած գաղափար է, չըսելու համար պատուիրուած, ի վերջոյ ընդգծելու համար, որ Լիբանանի մէջ կայ հատուած մը, որ չ՛ուզեր կրել մէկ այլ հատուածի ռազմաքաղաքական կողմնորոշումներուն  ծանրակշիռ հետեւանքները:

Չէզոքութիւնը, կախեալ չըլլալու, հեռակառավարումը մերժելու եւ զուտ ազգայինը գերադասելու առումներով անվիճարկելի տեսութիւն է եւ սկզբունք: Բայց երբ համալիբանանեան չէ եւ, ըստ էութեան,  գործնապէս կը վերաբերի մէկ կողմի մերժումին,   ապա քաղաքականօրէն կ՛ընկալուի իբրեւ այլ շահագրգիռ կողմէ յաւելեալ կախեալութեան վիճակի խորացում:

Շղթայական գործողութիւններուն առաջադրուած պահանջները նոր հանգրուաններ կը թեւակոխեն: Ընկերայինէն քաղաքացիական, քաղաքացիականէն ներքաղաքական, իսկ ներլիբանանեանէն տարածաշրջանային հասնելու համար միջազգային ընտանիքին ուղղուած ուղերձ` չէզոք երկիր հռչակուելու:

Իսկ նման հանրահռչակում մը երկար նախապատրաստութիւն կ՛ենթադրէ: Առաջին հերթին` ներլիբանանեան իրողական համաձայնութիւն բոլոր կողմերէն կախեալութիւնը մերժելու` նախ յայտարարողական, ապա գործնական առումներով: