Յուսախաբութի՞ւն Թէ՞ ․․․ Ոչ՝ Ճգնաժամ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Գէորգ Պետիկեան

Տարիներ առաջ Թամարը, մեր միօրեայ վարժարանի լաւագոյն եւ օրինակելի աշակերտուհիներէն էր եւ որուն օրին յանձնած էի շրջանաւարտի յատուկ վկայագիր-վկայականն ու զանազան գնահատագրեր: Ու հակառակ քորոնայի ծանր օրէնք-պայմաններուն, թէեւ քիչ մը տատամսոտ եւ սակայն մենք մեզ լաւապէս «պատսպարած», պետական վարժարանէն երկրորդականի վկայականը իր ստանալուն առթիւ, երեկոյ մը, էրիկ-կնիկ «աչքի լոյս»-շնորհաւորանքի գացինք: Յատուկ հրաւէր: Նախ մերժեցինք: Բայց շատ պնդեցին: Ուստի առ ի քաղաքավարութիւն – պարտականութիւն՝ տեղի տուինք: Չկրցանք մերժել:

Դռան զանգին, արդէն փոյթով մեզ դիմաւորելու եկած էր մեր «աղջիկը»: Աստուած իմ, ի՜նչ մեծցած էր: Մեր գիտցած նախկին Թամարէն, միայն քիթը տեղը մնացած էր: Հասակ, մարմին եւ առատ շպար: Կարծես հարսնցու մը ըլլար: Շուտով մեր շուրջ հաւաքուեցան մայրն ու հայրը: Եւ հակառակ անոր նախապէս կնոջս հետ համաձայնած էինք՝ կինս տաքուկ-տաքուկ մօր եւ աղջկան հետ ողջագուրուեցաւ: Կարօտ եւ հարազատի զգացում: Ինչ մեղքս պահեմ, ես զգուշացայ: Յիշեցի այդ անիծեալ քորոնան: Յետոյ շուտով առաջնորդուեցանք հիւրերով խճողուած հիւրասենեակ մը:

«Հոս նստեցէ՛ք»…, «վերը անցէ՛ք»-էն ետք, անմեղօրէն աւելցնեմ, որ դիմակներով նստեցանք: Բացի մեզմէ, ոչ ոք յարգած էր ժահրի արգիլման օրէնքը: Ուստի եւ որպէսզի «ծիծաղելի» չդառնայինք, ստիպուած մենք ալ մեր դիմակները հանեցինք: Չեմ գիտեր, ուրիշ ի՞նչ կրնայինք ընել: Վայրկեանին, սենեակէն ներս մեր ներկայութիւնը կարծես տեսակ մը նոր ջերմութիւն բերած ըլլար, ծանօթ եւ անծանօթ դէմքերով կազմակերպուած այդ հաւաքին: Արագ մը տեղի ունեցաւ մեզ երկուքս մէկ առ մէկ եւ ուրախութեամբ ներկայացնելու բաժինը: Իրենց կարգին, ներկաներէն իւրաքանչիւրը «բարի եկաք»-ով մը մեզ յարգեց: Անկեղծօրէն, այդ վայրկեանին դուրսէն դիտող մը պիտի կարծէր, որ մենք իբրեւ նոր խնամիներ, «աղջիկ տեսի» եկած էինք: Չափազանց յարգանք եւ մեծ պատիւ: Ուստի քաջալերուած այս մթնոլորտէն, շուտով խառնուեցանք սենեակի խօսակցութեան: Սկսանք միասին յիշել եւ յիշեցնել Թամարին աշակերտական տարիներէն օրինակներ: Միասին խնդացինք: Երկար ու կարճ նախադասութիւններով արտայայտուեցանք: Ապա խմեցինք յատուկ մեր երկուքին համար պատրաստուած, առանց շաքարի սուրճը: Անկէ ետք՝ ուրախ եւ քիչ մը շատ աղմկոտ մթնոլորտի մէջ, կերանք հրամցուած «վկայականի» յատուկ կարկանդակէն մեր բաժինը, բոլորին լայն խնդուքներուն, հայերէն եւ անգլերէն զանազան արտայայտութիւններուն եւ բարի մաղթանքներուն եւ ուրախ ժպիտներուն հետ միատեղ:

Թէեւ մեր գալը պայմանաւորուած էր միայն «սուրճ»-ով, բայց ձախողեցանք: Ստիպեցին երկար մնալ: Մնացինք: Անցանք կենացներու ու բարի մաղթանքներ փոխանակելու բաժնին: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ ամէն խօսք երկլեզու էր: Այս ուրիշ հարց էր: Հիմա ատենը չէր: Ու նաեւ չեմ յիշեր թէ ո՞վ էր Թամարին իր նուէրները բանալ թելադրեց:

Ու բոլորս, սենեակին մէկ անկիւնը ոտքի կեցող «թին էյճըր» Թամարին դառնալով, սկսանք հետաքրքրութեամբ հետեւիլ նուէրներու «բացման» արարողութեան: Նուէրներ, որոնք պարզապէս մէկական գունաւոր, գեղեցիկ փոքր պահարաններ էին: Իր կարգին,Թամար նախ կը յայտարարէր նուիրաբերին անունը եւ ապա մէջէն նուէր դրամը մօտիկ սեղանին վրայ դնելէ ետք, կը կարդար այն՝ ինչ որ արձանագրուած էր:

Տասը պահարաններէն միայն մերն էր, որ հայերէնով գրուած էր: Շատեր բաւականացած էին քարտին մէջի տպագրուած գրութեամբ եւ միայն ստորագրած: Այսչափ:

Իսկ մենք…Էհ վերջապէս…կատակ չէր…չէ որ հայերէն լեզուի ուսուցիչներ էինք…:

Թամարը բացաւ մեր նուէր-քարտը: Ուշադրութիւնս կարծես աւելի սուր դարձաւ: Աչքին ծայրովը նախ նայեցաւ քարտի գրութեան: Մէջի նուէրը մէկ կողմ դնելէ ետք, մօրը մօտեցաւ:

-Կարդա՛ տեսնենք, ինչ գրուած է.-ըսաւ Թամարի հայրը, բարձրաձայն:

Թամար կոկորդը մաքրեց: Ինքզինք շտկեց: Ու սկսաւ.-

-Մեր … ու անմիջապէս մօրը մօտենալով ցոյց տուած գրութիւնս:

Մայրը առանց ինքզինք կորսնցնելու հնազանդեցաւ: Ակնոցը գրպանէն հանելով, աչքերուն անցուց եւ սկսաւ մէյ մը մեզի եւ մէյ մըն ալ իր աղջկան նայելով հատիկ-հատիկ հեգել:

-Մերր շաաաատ սիրեեեելիիիի…Թաաա…մաաա…

-Թամարին… արագ մը շարունակեց աղջիկը, հաւանաբար գոց գիտեր, թէ իր անունը ինչպէս կը գրուէր:

Ապա վերջը: Ա՜խ այդ վերջը: Ծանր ու յոգնած բեռնատար մեքենայ մը ինչպէ՛ս դանդաղ ու դժուար զառիվեր պիտի մագլցէր, այնպէս ալ մեր Թամարը, մէկ տառէն միւսը կ’անցնէր գրեթէ քրտնած եւ հեւքով:

Գրութիւնս, աւելի ճիշդ բարեմաղթութիւնս, չորս հինգ տողերու բովանդակութիւն մըն էր: Մեծ եւ ձեռագիր տառերով: Այսքան պարզ եւ յստակ: Այնպէս կ’երեւէր, թէ «մեր աղջիկը» արդէն հայերէն տառերը մոռցած էր: Ամչցաւ: Երեսները կարմրեցան: Թէեւ իր անուշ ժպիտը կորսուած էր, բայց սենեակին մէջ ծնած էր լռակեաց տագնապը: Աղջկան դէմքը ցաւոտ երեւոյթ մը առաւ: Թամար նոյնիսկ տխրեցաւ եւ բերնին անկիւնները վար ինկան: Հինգ տարիէ ի վեր հեռացած էր մեր վարժարանէն ու այսօր արդէն ամէն բան մոռցած: Զգալի էր, որ աչքերուն մէջ նոր տագնապ մը կար: Մեղք մը գործելու պէս բան մը: Հաւանաբար ալ, մտքէն ինչե՜ր կը հասցէագրէր ինծի: Իսկապէս, որ յուզիչ բան մը կար օդին մէջ: Թամարի ձայնը կարծես ուրիշ աշխարհէ կու գար:

Ես ալ շուարած էի: Իբրեւ կրթական մշակ՝ ինծի համար հաստատապէս իր երէկը չկար: Այդ անուշ, բարի օրինակելի, մաքուր հայերէնով արտայայտուող աղջկան երէկը, յուշ դարձած էր: Մօտս սեւն ու ճերմակը խառնուած էին, որորհետեւ ինկած էի յոյսի եւ յուսահատութեան գիրկը: Ուրախութիւնս ալ կորսուած էր:

Իսկ հիմա…ինչպէ՞ս փրկել կացութիւնը: Յանցաւոր մը կար: Եւ եթէ իսկապէս կար՝ արդեօք ե՞ս էի: Չեմ գիտեր: Միայն այն գիտեմ, որ մտածումներու անթիւ փշրանքներ տխուր եւ ինքնուրոյն սկսած էին միտքս պղտորել: Պէտք էր լուծում մը գտնել: Եւ ո՛վ հրաշք…անմիջապէս կինս միջամտելով, փրկեց անհաճոյ կացութիւնը: Շուտով եւ բարձրաձայն յստակացուց ըսելով թէ, «պարոնին ձեռագիրը երբեմն անընթեռնելի էր եւ թէ նոյնիսկ ի՛նք յաճախ դժուար կը կարդար…»:

Պարզ ինքնախաբէութիւն: Թամարը «փրկելու» աժան փորձ: Շրթներս պինդ բռնած դիտեցի: Երբեք չխօսեցայ: Իսկ ինք՝ Թամարը, մօրը հետ ամբողջացնելէ ետք գրութիւնս, քարտը ձեռքին արագ մը մօտեցաւ մեզի եւ «թանք եու» ու «սօրի» մը շշնջալով հեռացաւ: Այսչափ: Քաղաքավար եւ ամչկոտ նայուածքով գնաց ուրիշ սենեակ:

Ինծի համար յստակ մէկ բան կար, թէ Թամարը այն չէր, ինչ որ էր հինգ տարի առաջ եւ կամ մանաւանդ՝ ինչ որ ես կ’երազէի: Հակառակ անոր, որ օրին մեծ յոյսերով եւ ակնկալութիւններով Թումանեանի, Արամ Հայկազի եւ Պարոնեանի մէկական հատորներէն իբրեւ նուէր տուած էի…: Բայց…: Եւ ի տես այս երեւոյթին, հիմա կեանքս իսկապէս շուարած էր: Գուշակ ըլլալու պէտք չկար: Թամարի մօտ շատ բան փոխուած էր, որովհետեւ ան հեռացած էր հայու տրոփումներէն: Հայ կեանքէն խոյս տուած էր, կամայ թէ ակամայ: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ կամ ինչպէս: Մեղքը իր վիզը: Որովհետեւ կը կարծեմ, որ ինք եւ իր նմանները, մէկական զոհերն էին այս երկրին եւ դարուն: Իրենց կեանքերը քալած էին յարափոփոխ ընթացքով: Դաժան իրականութիւն: Ցաւալի երեւոյթ:

Իսկապէս, որ մէջս յուզիչ բան մը կար: Տեսարանը ցաւոտ էր:

Գիտենք, որ ներկայիս ամէն տեղ հայապահպանման հոլովոյթը դժուարացած էր: Այս մէկը նորութիւն մը չէր: Իրազեկ ենք, թէ սփիւռքեան շատ գաղութներէ ներս մեր երազները կը զարնուէին դժուարութիւններու եւ դժբախտութիւններու ալիքներուն, ու կը խորտակէին մեր յոյսերը: Անոր համար ամէն բանէ աւելի, մեր լեզուին ու մեր ներկայ իրավիճակին գիտակցելու եւ անոր նոր ուղի մը տալու անհրաժեշտութիւնն ու պարտականութիւնը ունէինք բոլորս, եւ այս բոլորին՝ պէտք է սկսէինք մեր տուներէն, մեր դպրոցներէն ու անոնց դասագիրքերէն, մեր միութիւններէն եւ մեր հաւաքներէն:

Հիմա մեծ հարց էր, թէ Թամարն ու իր նման հազարաւորները, որոնք հայութենէ հեռու կ’ապրէին, ինչպէ՞ս զիրենք հայութեան պէտք էր վերադարձնել, որպէսզի ազգային մեր երթը իր ընթացքը շարունակէր:  Արդեօ՞ք յուսախաբութիւն, թէ ո՛չ ինքնախաբէութիւն մը կ’ապրէի այդ վայրկեանին: Հաւանաբար երկուքն ալ: Բայց լաւապէս գիտէի, որ այս տեսարանը հարազատ պատկերն էր սփիւռքեան մեր ճգնաժամին, որուն միակ դեղատոմսը մեր հասնիլն էր ազգային գիտակցութեան: Մնացեալը՝ դուք գիտէք…:

Related