Մարտ 16-էն Մինչեւ Արտակարգ Դրութեան Աւարտը Անձնագրի Ժամկէտը Լրանալու Պարագային` Անիկա Վաւեր Պիտի Համարուի

Հայաստան

Մարտ 16-էն մինչեւ արտակարգ դրութեան աւարտը ՀՀ քաղաքացիներու անձը հաստատող փաստաթուղթերու վաւերականութեան ժամկէտը լրանալու պարագային` ՀՀ պարէտի ցուցումով անձը հաստատող փաստաթուղթերը պիտի համարուին վաւեր, սակայն ոչ աւելի` քան արտակարգ դրութեան աւարտէն ետք 30-րդ օրը:

Ոստիկանութենէն կը յայտնեն, որ անձնագիրներու վաւերականութեան հետ կապուած որոշումը պամանաւորուած է «Քորոնա» ժահրի համաճարակի պատճառով հաստատուած արտակարգ դրութեամբ:

Հայաստանի մէջ Մարտ 16-էն սահմանուած է արտակարգ դրութիւն, որ յետագային չորս անգամ երկարաձգուած է: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յուլիս 6-ին յայտարարած է, որ արտակարգ դրութիւնը եւս առնուազ 30 օրով պիտի երկարաձգուի: