Ճշմարտութիւնը Եւ Իրականութիւնը Տեսանելի Չեն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ցողիկ Աշըգեան

« Ամէն ինչ զոր կը լսենք կարծիք մըն է, ո՛չ իրականութիւն: Ամէն ինչ զոր կը տեսնենք հեռանկար մըն է, ո՛չ ճշմարտութիւնը»:

ՄԱՐՔԸՍ ՕՐԵԼԻԸՍ

Մարդկային վերլուծական միտքը կը հիմնուի ճիշդ հարցադրումներ կատարելուն եւ անոնց բաւարարող պատասխաններ հայթաթելուն մէջ: Իւրաքանչիւր հարցում կրնա՞յ ունենալ տարրատեսակ պատասխաններ: Ամենեւին, եթէ գիտական մօտեցում ցուցաբերենք: Այդ պարագային մէկ ճիշդ պատասխանէն բացի մնացեալները սխալ են: Այսպէս,  գիտենք որ  2+2=4: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ  ապացուցուած  անհերքելի  փաստ է: Սակայն համբերեցէք, եւ  կը տեսնէք, կը հաւաստիացնեմ, այլ լուրջ արդիւնքի մը կրնանք հասնիլ:

Մեր  աշխարհի ընկալումը, անհամաչափ լայն տեսալսողական դաշտ մըն է ներկայիս: Ասիկա չեմ ըսեր բացարձակապէս դրական իմաստով, այլ մասամբ վերհանելու բոլորիս  յստակ իրավիճակ մը: Տեղեկութեան պակաս չունինք, այլ՝ վերլուծման: Եւ քանի որ աշխարհը արդէն իսկ փոքր գիւղ մըն է, լրատուական գործակալութիւնները, ընկերային ցանցերու անհաշիւ էջերը եւ նոյնիսկ անհատներու առցանց գրառումները տեղեկութիւն փոխանցելէ աւելի կարծիք ձեւաւորելու համար են, ղեկավարելու միջոց: Դաւադրական ծրագիրներու մասին չեմ ակնարկեր: Յուսախա՞բ եղաք: Խօսքս աւելի շատ պարզ  ենթապատկեր մըն է վերլուծական մտածողութեան բացակայ իրավիճակին  մէջ, երբ կը մատուցուին հարիւրաւոր նկարներ, գրութիւններ, տեսերիզներ եւ վկայութիւններ՝ միանգամընդմիշտ վերացնելով մարդու պատրաստակամութիւնը  վելուծման տարբերակին երթալու,  նամանաւանդ  յոգնեցուցիչ, հեւքոտ աշխատանքային օրուընէ ետք: Նախահամաճարակային իրավիճակը շատ հակիրճ ա՛ս էր: Հիմա կամ պիտի ըսէք այս առումով բան չփոխուեցաւ, կամ՝ փոխուեցաւ:

Ինչ խօսք, թագաժահրի պատճառով մեկուսացումը իւրաքանչիւրիս կեանքին վրայ ազդեցութիւն ունեցաւ, զանազան դասեր հաղորդեց, տրամադրութիւն փոխեց, ոմանց համար դժբախտաբար ծանր տնտեսական հարուած եղաւ եւ ցաւալիօրէն այլոց կորուստներ պատճառեց: Բայց հաստատ փոփոխութիւն բերաւ մեր առաջնահերթութիւններուն մէջ: Շատերը իրենց ընտանիքի անդամներուն հետ ժամանակ անցընելով վերարժեւորեցին ընտանիքը, կամ իրենց ընկերներուն նորովի համակրեցան, ոմանք իրենց գործը աւելի խանդավառ կատարեցին եւ կամ անծանօթ բարի դրացի մը յայտնաբերեցին: Բոլորը վստահաբար իրենց առողջութիւնը գնահատեցին: Բայց ամէնէն ազդեցիկ անդրադարձներէն  մէկն ալ այն է, որ մեզմէ իւրաքանչիւրս վերանորոգ ջերմութեամբ արժեւորեց ընկերութեան մը մասնիկը ըլլալու իրողութիւնը, եւ վերարժեւորեց ընդհանուրին քաջառողջութեան ու հանգստութեան համար ներդում ունենալը: Զաւեշտալի էր ակասկած սկզբնական շրջանին այս ժահրը դիմագրաւելու միջոցները, որոնք ե՛ւ զսպուածութիւն ե՛ւ կարգապահութիւն կ’երթադրէին: Յատկանիշներ՝ որ կ’ընկերանան գիտակից եւ վերլուծող մարդուն: Հոս պէտք է արձանագրենք  համաճարակի տարածման դաժան պայմաններուն մէջ ամբողջական հայութեան ցուցաբերած բարձր գիտակցութիւնն ու անվերապահ մասնակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման եւ պահանջատիրութեան բարձրաձայնման առցանց ձեռնարկներուն: Ասիկա սովորական պատասխանէ աւելի, զօրաւոր հակազարկ մըն էր ժխտողականութեան: Անդին, մեծ հաշուով պետական հաստատութիւններ,- մարդկային  հաւաքական կեդրոններ,- ենթարկուեցան փոփոխութիւններու եւ բնականաբար բացայատուեցան անոնց առաւելութիւներն ու թերութիւնները: Ահա այլ փաստ մըն ալ որ պէտք է արձանագրել: Հայաստանի ղեկավարութիւնը, ի դէմս իշխանութեան (կառավարութիւն եւ Ազգային Ժողով),  մեծամիտի վարքագիծ   դրսեւորելով, չկրցաւ պէտք եղած  ձեւով հակաճգնաժամային ծրագիր  մշակել՝   սահմանափակելու համաճարակի տարածումը: Առաւելապէս իշխանութեան ապիկար քաղաքականութեան  հետեւանքով, ներկայիս  մեր երկիրը աղէտալի վիճակի մէջ յայտնուած է. լուրջ մարտահրաւէր մը, որ պէտք է  դիմագրաւենք ազգովին: (Աստուած տայ որ սթափուիլը  չուշանայ):

Տարբեր երկիրներու մէջ ալ արձանագրուեցան պետական համակարգերու ձախողումներ, որոնք  սակայն բնաւ կապ չունին  տուեալ երկրի տնտեսական զարգացման աստիճանին եւ կամ ժողովրդավարական ցուցանիշներուն հետ:

Համեմատական   դիտանկիւնէ փաստերը նման ձախողումները աւելի շատ երկրի ղեկավար առաջին դէմքի անհատականութեան եւ անոր ցուցաբերած կեցուածքին հետ կապուած ըլլալը կ’ապացուցեն, քան այլ տուեալներու: Այս առումով Հայաստանի  ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու  նմանողութիւնը ակնյայտ է:

Երկու  երկիրներուն ամբոխահաճ (populist) առաջին դէմքերը,  մէկը՝ դիմատետրի (facebook) , իսկ միւսը  դայլայլիչի (twitter) միջոցով, համաճարակի դէմ իրենց քարոզչութիւնը կը տանին,  աւելին սակայն  ունենալով իրենց ժողովրդականութիւնը պահելու նպատակ:

Հեգնանքը սակայն ո’ւր է: Քաղաքացիներ եւ հանրութիւն  պետական վարքագիծ ու քաղաքականութիւն  կը նոյնացնեն բացառապէս ղեկավար առաջին դէմքին հետ: Հաւասարեցումի նման մօտեցումով  անոնք  կը դժուարանան ըմբռնել, որ  իրենց ընտրեալները պատասխանատուութեան կանչողը  եւ հաշուեյարդարի ենթարկողը իրե՛նք են, ընտրողները: Ամբոխահաճ ղեկավարներ  արհեստագիտական միջոցներով եւ խօսքի իրենց հնարքներով  զանգուածներու մօտ այդ իրաւունքի գիտակցութիւնը կ’աշխատին քնացած պահել: Ինչքան ալ փորձուի սակայն ընտրողներու արդարացի ցանկութիւնները անտեսել  ու վերլուծական կարողութիւնը սահմանափակել, միեւնոյն է, ժողովրդավարական հասարակարգի մէջ տեսականօրէն եւ իրաւական  առումով իշխանութիւնը  կը պատկանի ժողովուրդին:   Եւ հետեւաբար ղեկավարութեան հասած ամբոխահաճ ուժեր, որոնք չեն արդարացներ իրենց ժողովուրդի ցանկութիւնները եւ  իրողապէս չեն  ընդունիր  կամ գիտակցիր  ժողովրդային զօրութեան հետ եկած հսկայ պատասխանատուութիւնը՝ դատապարտուած են իշխանութիւնը իրենցմէ աւելի  կարողներուն ու արժանաւորներուն յանձնելու եւ  արժանաապատիւ կերպով հեռանալու:

Թագաժահրը վերահաստատեց, որ ամէն անհատ իր ընկերութեան, շրջապատին եւ երկրին համար ունի պատասխանատուութեան ի’ր բաժինը, վերլուծողական միտքով  եւ քննադատաբար գնահատական տալու հանրային եւ պետական որեւէ խնդրի առնչութեամբ: Եթէ սկիզբը մէջբերուած Մարքըս Օրելիըսի խօսքերը վերստին կարդանք, եւ զայն բաղդատենք այս ժահրի հետեւանքով կարգ մը երկիրներու (ինչպէս Հայաստանի) մէջ ստեղծուած իրավիճակին հետ, կրնանք եզրակացնել, որ ճշմարտութիւնը եւ իրականութիւնը տեսանելի չեն մէկ կարծիքի ընդմէջէն, ալ հարկաւոր է լսել եւ հասկնալ տարբեր կարծիքներ եւ տեսակէտներ, որպէսզի առնուին արդիւնաւէտ համապարփակ որոշումներ:

Ինչու չէ, մանաւանդ ժամանակն է  քաղաքական կեանքի մէջ վերարժեւորելու այլակարծութիւնը,  տարբեր գաղափարներ ու գաղափարախօսութիւններ՝ ժողովուրդին ընձայելով արդարացի իրաւունքը մասնակից դառնալու եւ աշխատելու իրականութիւն դարձնելու իր  գաղափարներն ու տեսլականները՝ յանուն մեր երկրի բարօրութեան եւ մեր ազգաբնակչութեան ապահով զարգացման: