« Արցախի Մէջ Անմշակ Հող Պիտի Չըլլայ». Նախագահը Խօսած է Գիւղատնտեսութեան Ոլորտի Ծրագիրներուն Մասին

Հայաստան

Արցախի նախագահի 2020-2025 թուականներու ծրագիրով կը նախատեսուի հանրապետութեան մէջ ոռոգովի դարձնել շուրջ 40 հազար հեկտար հողատարածք:

Ըստ «Արցախփրես”-ի՝ այս մասին ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերի ընթացքին ըսած է նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան եւ աւելցուցած, որ այդ ուղղութեամբ աշխատանքները արդէն իսկ մեկնարկած են:

«Ի հարկէ, ունինք մշակուող ընդամէնը 80-90 հազար հեկտար հողատարածք, եւ 4-5 տարուան ընթացքին ոռոգովի դարձնել 40 հազար հեկտարը,  երեւակայական կը թուի: Ամենախոշոր ծրագիրը Թարթառ գետի ջուրի մէկ մասի տեղափոխումն է  աջափնեայ ջրանցք: Ոռոգման ջուրով ապահովելու ուղղութեամբ աշխատանքներ պիտի տարուին Քաշաթաղի շրջանի հարաւային թեւին վրայ, Ասկերանի եւ Մարտունու շրջաններուն մէջ: Նշեմ, որ 40 հազար հեկտար ոռոգովի տարածքը հնարաւորութիւն պիտի տայ, որպէսզի լուրջ դերակատարութիւն ունենանք ՀՀ պարէնային անվտանգութեան ոլորտին մէջ․ ինչպիսին արդէն ունինք ելեկտրականութեան բնագաւառին մէջ,- ըսած է Յարութիւնեան:

Նախագահին ծրագիրով` կը նախատեսուի ունենալ առնուազն 10 հազար հեկտար նոր այգի` հիմնականօրէն նուռ, պիտի տնկուին նաեւ այլ պտղատու ծառեր:

Գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ յաջորդ ծրագիրը կը ներառէ ոչխարաբուծութեան ուղղութիւնը, մասնաւորապէս` յառաջիկային պիտի ներմուծուի ոչխարներու նոր քանակ, քանի որ առկայ պաշարներու վերարտադրութեան հաշուին հնարաւոր չէ իրականացնել նախատեսուած ծրագիրը: Ներմուծուած գլխաքանակը պիտի տամադրուի արտօնեալ վարկի տեսքով: Առաջին ներմուծումը պիտի ըլլայ Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն: Ամէն տարի կը նախատեսուի ներմուծել մինչեւ 50 հազար գլուխ ոչխար, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ եւ՛ պարէնային անվտանգութեան, եւ՛ աշխատատեղերու ստեղծման, եւ՛ արտահանման խնդիր լուծելու, իսկ ընդհանուր առմամբ, ըստ նախագահին, տնտեսութեան զարգացման այդ կարեւոր ճիւղը կը հասցուի հարթութիւն:

«Դաշտավարութիւն, բանջարաբուծութիւն, գիւղատնտեսութիւն, կաթիլային համակարգ, ոռոգման համակարգերու զարգացում. այս ամէնը հնարաւորութիւն պիտի տայ շատ մեծ կշռոյթով աճ արձանագրել գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ: Անմշակ հող Արցախի մէջ պիտի չըլլայ: Սա մեր գլխաւոր խնդիրը պիտի ըլլայ, եւ մենք ատոր պիտի հասնինք»,- ընդգծած է ան: