Հալէպ. Գորոնայի Սկի՞զբը, Թէ՞ Վ՝երջը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Ըստ Սուրիոյ առողջապահութեան նախարարութեան յայտարարութեան, 27 Յունիսին Դամասկոսի եւ շրջակայքի մէջ յայտնաբերուած Գորոնա վիրուսով 15 նոր վարակակիրները այս հիւանդութեամբ վարակուածներուն թիւը հասցուցին 256-ի, որոնցմէ 9-ը մահացան,102-ն ալ բուժուած են արդէն:

Սուրիան, 13 Մարտին նախ փակեց ուսումնական հաստատութիւնները, մէկ շաբաթ ետք  յայտարարեց պարետային ժամ,  արտօնելով միմիայն պարենային եւ առողջապահական կեդրոններու աշխատանքը, երեկոյեան 6-էն առաւօտեան 6-ը արգիլելով տուներէն դուրս ելլել, արգիլելով միջ-նահանգային, միջ-քաղաքային եւ քաղաք-գիւղ ճամբորդութիւնները:

Մեզի ալ Գորոնա վիրուսը դուրսէն եկաւ, որ սկզբնական շրջանին սահմանափակուեցաւ մայրաքաղաքի եւ շրջակայ մէկ երկու գիւղի մէջ: Դամակոսի մէջ արգիլուեցաւ ելքն ու մուտքը Սըթ Զէյնապ շրջանին, որ Շիիթ մուսուլմաններու ուխտատեղի է եւ ուր ամէնէն շատ կու գան Պարսկաստանէն եւ Իրաքէն:Երկու ամսուայ պարետային ժամերու շրջանին 100-ի հազիւ հասաւ վարակուածներուն թիւը, այս ընթացքին Լիբանանէն, Եւրոպայէն եւ Արաբական Ծոցի երկիրներէն քանի մը հարիւր սուրիացիներ վերադարձան Սուրիա: Բոլոր ճամբորդները մեկուսացուեցան եւ ենթարկուեցան քննութեան. անոնց մէջ կային Գորոնայով վարակուածներ:

Այդ օրերուն մեր միութիւնները ծերերուն տուները հաց եւ ուտելիք հասցուցին, իրենց շրջանակին մաքրութեան եւ հականեխման նիւթեր տրամադրեցին: Մեր սկաուտները մասնակցեցան քաղաքի կարգ մը փողոցներու հականեխման:  «Տունը մնա՛» խորագրին տակ պատրաստուեցան զանազան գեղարուեստական յայտագրեր:

Երկու շաբաթ առաջ պետութիւնը թոյլատրեց հաւաքները, համալսարանները վերսկսեցան դասաւանդութիւնները, Յունիս 21-էն տկիզբ առին պրովէի եւ պաքալորիայի պետական քննութիւնները: Մեր դպրոցները կը ծրագրեն աւարտական դասարաններու վկայականաց բաշխման հանդիսութիւններ:

Ապրիլեան նահատակներու հսկում հայ երեք համայնքապետերն ու Հայաստանի հիւպատոսըԱպրիլեան նահատակներու հսկում հայ երեք համայնքապետերն ու Հայաստանի հիւպատոսը

Մինչեւ մէկ շաբաթ առաջ համաճարակը ամբողջութեամբ առողջապահութեան նախարարութեան հսկողութեան տակ էր, որոհետեւ յայտնի էին անոր բոյները, սակայն մէկ շաբաթէ ի վեր պարզուեցաւ, որ Դամասկոսի Րաս Մա՛արա շրջանէն վարակուածներ կան, որոնք այս կամ այն կերպ շփումներ ունեցած են այլեւայլ մարդոց հետ, որոնց հետքերուն հետեւելով ամէն օր ի յայտ եկան տասնեակներով վարակակիրներ: Ամէնէն   վտանգաւոր պարագան արձանագրուեցաւ ամսոյն 26-ի գիշերը, երբ ի յայտ եկաւ որ Հալէպի համալսարանի հիւանդանոց եկած եւ անմիջապէս մահացած 70 տարեկան ծերունին վարակուած էր Գորոնայով: Քննութիւնը պարզեց, որ անոր համալսարանական աղջիկն ալ վարակուած է: Քանի՞ մարդու հետ շփում ունեցած են այս երկուքը այս անյայտ ժամանակաշրջանին յատնի չէ, սակայն փաստ է որ վարակը հասաւ Հալէպ, թերեւս ալ արդէն բազմաթիւ վարակեալներ կան: Հալէպի մէջ յաճախ այսպէս կը պատահի, կը կարծենք, թէ ապահով ենք, սակայն ի յայտ կու գայ, որ մենք եռացած կաթսայի վրայ նստած ենք. այդպէս չեղա՞ւ «սուրիական յեղափոխութեան» պարագային, երբ մէկ տարի կը կարծէինք, թէ յեղափոխութենէն շատ հեռո ենք եւ պետութիւնը պիտի կարենայ ճզմել զայն՝ մինչեւ Հալէպ հասնիլը, եւ սակայն ութ տարի մենք հալէպցիներս ամէնէն շատ քաղեցինք այդ յեղափոխութեան «քաղցր» պտուղները ու կը շարունակենք քաղել:

Կարմիր Մահիկը կը հականեխէ- Կրթասիրաց Վարժարանը (1)

Այսօր՝ Յունիս 28-ին Հալէպի նահանգապետի հրահանգով փակուեցան մարդաշատ քանի մը հրապարակներ, հանրային հաւաքատեղիներու, ճաշարաններու հսկողութիւնը խստացաւԳորոնան՝ գորոնա, բայց մեզի համար աւելի սարսափելի իրակավիճակնր կան:

Տնտեսապէս ծանրագոյն վիճակի մէջ կը գտնուի Սուրիան:

-Պատերազմի օրերուն այսքան սղութիւն չեղաւ:

-Գորոնայէն չէ՛, բայց անօթութենէ կը մեռնինք:

Այս նախադասութիւնները ըսողը մէկ հոգի չէ, այլ ամբողջ բնակչութիւնը: Ցաւո՛ք, Իրականութիւն է ասիկա: Իրականութիւն է նաեւ այն որ միջին դասակարգ չմնաց Սուրիոյ մէջ, մեծ մասը օրուան ապրուստը չի կրնար հայթայթել: Ըստ ՄԱԿի պատասխանատուներուն Սուրիոյ մէջ կան 9300000 ծայրայեղ աղքատներ, երբ արտագաղթի պատճառաւ բնակչութեան թիւը վերջին տասը տարիներուն քսան երեք միլիոնէն նուազելով հասած է 17 միլիոնի: Ըստ նոյն պատասանատուներուն եթէ 200 միլիոն տոլարի անմիջական օգնութիւն չստանան ապա Օգոստոսէն սկսեալ պարտաւորուած են նուազեցնել 4 միլիոնէ աւելի սուրիացիներու տրամադրած իրենց օգնութիւնները:

Հականեխում

Սուրիական լիրան մեծ անկում ունեցաւ վերջին մէկուկէս ամսուան ընթացքին: «Կեսար»ի օրէնքով հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները գործադրուիլ սկեցսան Յունիս 17-էն, այս օրէնքով պիտի պատժուին այն բոլոր պետութիւնները, կազմակերպութիւնները եւ անհատները որոնք կը գործակցին Սուրիոյ հետ: Այստեղ մէկ օրինակ պիտի նշեմ միայն. դեղի բազմաթիւ օտար ընկերութիւններ որպէսզի չենթարկուին ամերիկեան պատիժներու, սուրիական ընկերութիւններու դեղ արտադրելու տուած իրենց արտօնութիւնները ջնջեցին, որուն պատճառաւ դեղերը ահռելիօրէն սղեցին եւ բազմաթիւ դեղեր չքացան: Լիբանանի վիճակն ալ ազդեց մեր վրայ, բազմաթիւ սուրիացիներ արտասահմանի իրենց հարազատներէն օգնութիւն կը ստանային լիբանանեան դրամատուներու միջոցով, հիմա անկարելի դարձաւ ատիկա: Դուրսի հետ առեւտուրն ալ յաճախ Լիբանանի ճամբով կը կատարէին սուրիացի վաճառականները, այդ ալ դադրեցաւ:Մեր առած ամսականները մէկ շաբթուան մեր ծախսերուն չեն բաւեր: Մարդիկ դժգոհ են, շատ դժգոհ.

-Եղբայր, այս ի՞նչ է, ամէն ինչ օրուան մէջ երկու կամ երեք անգամ կը սուղնայ:

-Մոռցանք պտուղներուն համը, ոչխարի կամ կովի միսին համը, կամաց-կամաց հաւու միսին համն ալ պիտի մոռնանք:

-Իմ ամսականովս կրնամ չորս քիլօ կովու միս, կամ երեք քիլօ Հալէպի «Փախլաւա» գնել:

-Թաքսի չեմ կրնար նստիլ, պասերն ալ շատ քիչ են եւ Գորոնայի բոյն:

Հապա ինչպէ՞ս կ’ապրին մարդիկ: Օգնութեամբ, որուն հիմնական աղբիւրը Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Բարեսիրական Միութիւնն է՝ ՔԱՐԻԹԱՍ-ը, որ զանազան միութիւններու միջոցով դրամական օգնութիւն կը յատկացնեն բնակիչներուն. հայերու պարագային ամէնէն շատ մեզի հասնողը Լեհ բարեսէրներն են, որոնք մեզի կ’օգնեն «ընտանիքէ՝ ընտանիք» ծրագրով: «Մարիամական» կաթոլիկները քրիստոնեայ մանուկներուն ամսական դրութեամբ բաւարար կաթ կը յատկացնեն: Օգնութեան զգալի բաժին մը կ’իյնայ Հ.Բ.Ը.Միութեան ուսերուն, որ իր առաքելութիւնը կը կատարէ նպաստներ յատկացնելով գաղութի կարօտեալ բոլոր զաւակներուն անխտիր: ՍՕԽը, Գարակէօզեան հաստատութիւնը, Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկը եւ մեր եկեղեցիներն ալ կ’օգնեն կարիքաւորներուն:

Սակայն…

Սակայն այս ամէնը բաւարար չեն ահռելի սղութիւնը յաղթահարելու եւ… եւ օրէ օր կը շատնայ աղբամաններու մէջ ուտելիք փնտռողներուն թիւը…

Պետութիւնը պէտք է անհրաժեշտ քայլեր առնէ, բայց.. բայց պետութիւնը ատակ չէ, պետութիւնը օրէ օր կը սնանկանայ, մինչ պետական մարդիկ օրէ օր կը հարստանան:

Պետութիւնը ատակ չէ, որովհետեւ երկրին հարստութիւնները՝ նավթը, բամպակը, ցորենը, ձէթը կը գտնուին իր հակակշռէն դուրս գտնուող 30% շրջաններուն մէջ: Միւս կողմէ պատերազմի տարիները զէրոյի հաւասարեցուցին երկրին մէջ զարգացող ճարտարարուեստը:

Մէկ խօսքով այսօր Սուրիան արտածելու ոչինչ ունի, իսկ ներածելու համար օտար դրամանիշերու պակասը այնքա՜ն շատ կը զգացուի:

Պէտք է սակայն, յանուն ճշմարտութեան, արձանագրել, որ եթէ սղութեան պատճառներուն մեծ մասը առարկայական են, ապա ենթակայականն ալ իր կարեւոր բաժինը ունի, այսինքն մեծ է դերը նաեւ  առեւտրականներուն, որոնք կամայական արհեստականութեամբ շատ աւելի կը սղցնեն ամէն ինչ:

Սուրիոյ ամբողջ բնակչութիւնը տնտեսական անելանելի վիճակի մէջ կը գտնուի: Անցեալ շաբաթ թրքական հակակշռի տակ գտնուող  Թէլ Ապիատի մէջ բնակիչները ցոյցի ելած էին,  որովհետեւ տեղի իշխանութիւնները փորձած էին հացը թրքական լիրայով ծախել:

Սուրիոյ մէջ տակաւին խաղաղութիւն չէ տիրած, ընրհակառակը իրար դէմ բացէ ի բաց կռուողներու կողքին աւելցած են նոյն կողմի պատկանող խմբակային կռիւները՝ բոլոր շրջաններու մէջ,  ականջալուր կ’ըլլանք թէ պետական բարձր շրջանակներու մէջ գոյութիւն ունին անհամաձայնութիւններ, որոնք կրնան բացասակաօրէն ազդել մեր լիրայի արժէքին վրայ:

Մեր՝ հայերուս պարագային, ցաւալիօրէն պէտք է ընդունինք, որ շատ տկար ենք, մեր կարելիութիւնները անչափ սահմանափակ են: Մեզի կը մնայ կրկին քով-քովի գալ, համախմբել մեր ուժերը, ինչպէս որ յաջողած էինք ընել անցեալ 8-9 տարիներուն:

Պիտի կարենա՞նք համախմբուիլ, եւ եթէ կարենանք, ի՞նչ պիտի կրնանք ընել:

Ժամանակը ցոյց կու տայ:

Հալէպ, 29 Յունիս 2020