Մարիաննա Գէորգեան Տիրացաւ Համաշխարհային Մրցում-Փառատօնի Մրցանակին

Այլեւայլ

Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան համաշխարհային WORLD FOLK VISION հեղինակաւոր մրցում-փառատօնին յաղթանակ տարած է` գրաւելով առաջին պատուաւոր դիրքը եւ տիրանալով մրցանակին:

Առցանց դրութեամբ կայացած այս մրցումին մասնակցելով` Մարիաննա Գէորգեան ներկայացուց ազգային նուագարան քանոնը` կատարելով Սայաթ Նովայի «Էշխեմեդ» ստեղծագործութիւնը: Ընտրութիւնը տեւած էր մէկ ամիս: Մրցումին մասնակցած էր 115 երկիրներէ 3950 ներկայացուցիչ, բայց կիսաեզրափակիչ փուլ անցած է 180 անձ` 60 երկիրներէ: Անոնց մէջ եղած են նուագախումբեր, երգչախումբեր եւ անհատ կատարողներ:

Մարիաննա Գէորգեան ուսանած եւ գերազանց արդիւնքով աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը, հանրապետական, միջազգային մրցում-փառատօներու ոսկիէ մետալակիր է: Ներկայիս կը պաշտօնավարէ Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան «Տաղարան» հնագոյն երաժշտութեան համոյթին մէջ, որուն գեղարուեստական ղեկավարն է Ս. Երկանեան: