Անկախութեան Սերունդի Պատգամը՝ Հայրենակերտումի Մղիչ Քամին

Յօդուածներ – Զրոյցներ

“Ազատ Օր”-ի խմբագրական

«­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը շա­րու­նա­կում է
ապ­րել հայ ժո­ղովր­դի սրտում, որ­պէս մշտա­վառ
յուշ ան­ցեա­լի եւ իբ­րեւ կեն­դա­նի յոյս ա­պա­գա­յի»

ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վեր­ջին վար­չա­պե­տի ա­մէ­նէն ա­ւե­լի գրո­ւած ու ար­տա­սա­նո­ւած խօս­քը իր մէջ կը պար­փա­կէ ան­կա­խու­թիւ­նը կեր­տած սե­րուն­դի քա­ղա­քա­կան պատ­գա­մը, որ մէկ­դա­րեայ իր զօ­րեղ հնչե­ղու­թեամբ կը շա­րու­նա­կէ ներշն­չել ու ո­գե­ւո­րել հայ սե­րունդ­նե­րը, այ­սօ­րո­ւան ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի փաս­տա­ցի եւ ի­րա­ւա­կան լի­նե­լու­թեան մէջ տես­նե­լով 28 ­Մա­յիս 1918ի փա­ռա­պանծ սխրա­գոր­ծու­թեան ան­մար կրա­կը։
Ի զուր չէր, որ հա­յու­թեան մո­խիր­նե­րէն վե­րած­նած ­Հա­յաս­տա­նը կեր­տող հսկա­նե­րը, տաս­նեակ տա­րի­ներ շա­րու­նակ, հա­ւա­տա­ցին երկ­րորդ ար­շա­լոյ­սի մը, «ո­րուն ոտ­նա­ձայ­նը» տե­ւա­բար կ­՚առ­նէին հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դի ծո­ցէն եւ լիա­թոք ուժգ­նու­թեամբ վառ պա­հե­ցին Ս­փիւռ­քի մէջ հա­սակ նե­տած հայ­րե­նա­զուրկ սե­րունդ­նե­րուն մօտ։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դը իր պատ­մու­թեան շքեղ պա­տո­ւան­դա­նին վրայ շա­տոնց կանգ­նե­ցու­ցած է 1918ի ան­կա­խու­թիւ­նը կեր­տող «խենդ»ե­րու փա­ղան­գը, ա­նոնց, ո­րոնք հայ մար­դուն նո­ւի­րե­ցին այ­լեւս պե­տա­կա­նօ­րէն ապ­րե­լու եւ գո­յա­տե­ւե­լու թան­կա­գին պար­գե­ւը՝ Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ե­րա­զը ի­րենց ա­րեամբ նո­ւի­րա­կա­նաց­նե­լով։


­Փառ­քը վա­յել է ­Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան սե­րուն­դին, որ 28 ­Մա­յիս 1918ին ար­ժա­նա­ւոր կեր­պով տէր կանգ­նե­ցաւ կոտր­տո­ւած ու ա­րիւ­նա­քամ դար­ձած, «քա­ղա­քա­կիրթ» աշ­խար­հէն լքո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դին, տա­լով «վեր­ջին մար­տը» ցե­ղաս­պան ո­սո­խին դէմ, որ միա­հա­մուռ հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ յան­գե­ցաւ իր մո­խիր­նե­րէն ծնած հայ­րե­նի ­Փիւ­նի­կի կեր­տու­մին։ ­Սե­րունդ մը՝ որ ­Սար­դա­րա­պա­տի, ­Ղա­րա­քի­լի­սա­յի եւ ­Բաշ Ա­պա­րա­նի հե­րո­սա­մար­տե­րով նո­ւա­ճո­ւած հա­յու­թեան յաղ­թա­նա­կը կրցաւ պսա­կել դա­րե­րէ ի վեր կոր­սո­ւած հա­յոց ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­հաս­տա­տու­մով եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին պար­գե­ւել ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու ո­գիով ար­դար ու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կար­գե­րով ե­րա­զե­լի հայ­րե­նի­քի մը շօ­շա­փե­լի գո­յու­թիւ­նը։
30 տա­րի կը հա­շո­ւէ վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը։ Ա­մէն պատ­մա­կան ժա­մա­նակ իր մէջ կը պար­փա­կէ փառ­քի եւ հիաց­մուն­քի այն ար­ժէ­քա­ւոր սխրա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կը ներշն­չեն ու կ­՚ո­գե­ւո­րեն հա­յու­թեամբ եւ հայ­րե­նի­քի ան­մար կրա­կով ապ­րող սե­րունդ­նե­րը։
Ե­թէ, ե­րէկ հիա­ցանք ու քուր­մե­րու նման պաշ­տա­մուն­քի ար­ժա­նի դար­ձու­ցինք ­Մա­յի­սեան Ան­կա­խու­թեան հսկայ սե­րուն­դը, այ­սօր նո­ւազ ակ­նա­ծան­քով չէ, որ կը խո­նար­հինք ան­կա­խու­թեան սե­րուն­դի «կեն­դա­նի յոյսն ա­պա­գա­յի» պատ­գա­մը ի­րենց մէջ ամ­րօ­րէն խարս­խած Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րու­թեան եւ ան­կա­խաց­ման հա­մար եր­դո­ւեալ­նե­րու բա­նա­կին առ­ջեւ, որ հայ ժո­ղո­վուր­դին պար­գե­ւեց 1918ի հե­րո­սա­պա­տու­մին հա­մա­զօր՝ մեր ար­ծո­ւա­բոյն Ար­ցա­խի փաս­տա­ցի վե­րա­դար­ձը իր ի­րա­ւա­տի­րոջ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին։
30 տա­րի­նե­րու գլո­րու­մին մէջ, ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան ո­գին կը շա­րու­նա­կէ զար­գա­նալ եւ կազ­մել հայ ժո­ղո­վուր­դի դա­րա­ւոր գո­յու­թեան միակ եւ անժխ­տե­լի ե­րաշ­խի­քը։ Այ­սօ­րո­ւան ան­կախ հայ­րե­նի­քի վե­րապրու­մի ի­մաս­տը ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս խարս­խո­ւած է 1918ին հիմ­նո­ւած պե­տա­կա­նու­թեան վրայ, որ­պէս շա­րու­նա­կու­թիւն եւ յա­րա­տեւ զար­գա­ցում ժո­ղո­վուրդ­նե­րու լի­նե­լու­թեան այն կեն­սա­փոր­ձին, որ խախ­տած էր վեց դա­րե­րու ստրկու­թեան մէջ, եւ հրաշ­քի հա­մա­զօր «պատ­մա­կան մո­մեն­տին» հայ մար­դուն տո­ւաւ մի­ջազ­գայ­նօ­րէն իր սե­փա­կան հո­ղին վրայ ապ­րե­լու ե­րաշ­խի­քը։
Այ­սօ­րո­ւան ­Հա­յաս­տա­նը, իր Ար­ցա­խով եւ Ս­փիւռ­քով, կանգ­նած է «ան­ցեա­լի մշտա­վառ յու­շով դէ­պի յոյ­սի ա­պա­գան» նա­յող եւ քա­րու­ղիի նմա­նող՝ դժո­ւար, բայց հայ­րե­նա­կերտ ճամ­բուն վրայ։
­Մա­յի­սեան Ան­կա­խու­թեան կեր­տու­մին հա­մազ­գա­յին այս սխրան­քի ո­գե­ւո­րու­թեան օ­րե­րուն, չենք կրնար նաեւ ան­տե­սել այն բո­լոր մար­տահրա­ւէր­ներն ու խո­չըն­դոտ­նե­րը, ո­րոնք ե­րե­սուն տա­րի­նե­րէ ի վեր ծա­ռա­ցած են մեր առ­ջեւ։
Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի լուծ­ման հա­մար հա­տու­ցած ա­րեան գի­նէն, մին­չեւ վտան­գա­ւոր կեր­պով ուռ­ճա­ցած հայ­րե­նի­քէն ար­տա­հոս­քը, տա­կա­ւին՝ հա­յոց լե­զո­ւի միաս­նա­կան ուղ­ղագ­րու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին հա­մար թոյլ եւ ան­հասկ­նա­լի կե­ցո­ւածք­նե­րէն, Ս­փիւռ­քին հան­դէպ տա­տամ­սող անս­տոյգ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մը որ­դեգ­րու­մէն, Ա.Պ.Հ. եր­կիր­նե­րուն մէջ կորս­տեան մատ­նո­ւած հսկա­յա­ծա­ւալ սե­րունդ­նե­րուն հա­յե­ցի կրթու­թիւն պար­գե­ւե­լու դժկա­մու­թե­նէն, մին­չեւ Ս­փիւռ­քի մա­շու­մին եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի կո­րուս­տին ա­կա­նա­տես ըլ­լա­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը, ան­գամ մը եւս հա­մազ­գա­յին օ­րա­կար­գի վե­րա­կանգ­նու­մը եւ ա­նոր յա­ջող պսա­կու­մին հա­մար ամ­բողջ հա­յու­թեան ու­ժե­րու ընդգր­կու­մը կը շա­րու­նա­կէ մնալ հրա­մա­յա­կան եւ ան­յե­տաձ­գե­լի։
Այս բո­լո­րի կող­քին, ­Սեւ­րի դաշ­նա­գի­րով ամ­րագ­րո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­ղա­յին եւ մշա­կու­թա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի այժ­մէա­կա­նա­ցու­մը, հա­մա­հայ­կա­կան օ­րա­կար­գի ա­ռաջ­նա­կարգ եւ ա­ռիւ­ծի բա­ժի­նը ստա­ցող հա­մազ­գա­յին պա­հանջն է, որ վե­րեւ նշո­ւած մար­տահրա­ւէր­նե­րուն լու­ծում պար­գե­ւե­լու ե­րաշ­խի­քը պի­տի դառ­նայ՝ հայ­րե­նա­հա­ւա­քի եւ հայ­րե­նա­կեր­տու­մի տես­լա­կա­նի ի­րա­գործ­ման մէջ։
Այս բո­լո­րը կը պա­հան­ջեն, որ հայ­րե­նի քա­ղա­քա­կան միտ­քը վեր ել­լէ ման­ր ու մա­շեց­նող քա­ղա­քա­կան հա­շո­ւարկ­նե­րէն, պե­տա­կան այ­րե­րուն եւ հա­յու­թեան ի­րա­կան քա­ղա­քա­կան հո­սանք­նե­րուն մի­ջեւ հա­մա­հայ­կա­կան օ­րա­կար­գի մշա­կու­մին ու գոր­ծադ­րու­թեան մէջ հա­մե­րաշխ կեն­սա­ւո­րու­մի մը հա­մա­ձայ­նու­թեամբ։
­Հա­յոց պե­տու­թիւ­նը, հա­մադ­րո­ղի իր դե­րով, հա­յու­թեան նպա­տակ­նե­րու նո­ւի­րա­գոր­ծո­ղի անժխ­տե­լի իր դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ, Վ­րա­ցեան­նե­րու սե­րուն­դի պատ­գա­մին ա­նանձ­նա­կան օ­րի­նա­կով, հայ­րե­նա­զուրկ հա­յու­թեան «ա­պա­գա­յի յոյ­սը» կեն­դա­նի պա­հե­լու հա­մազ­գա­յին պար­տա­ւո­րու­թեան տակ կը գտնո­ւի։
Այ­սօր, ա­ւե­լի քան եր­բեք, քա­ղա­քա­կան եւ ազ­գա­յին անժխ­տե­լի ար­ժէք պար­փա­կող Ակ­նու­նի­նե­րու «­Դէ­պի Եր­կիր» մաք­րա­մա­քուր կար­գա­խօ­սի որ­դեգ­րու­մը կը դառ­նայ հա­ւա­սա­րա­պէս այժ­մէա­կան եւ պար­տա­ւո­րիչ։
­Հա­մազ­գա­յին պար­տա­կա­նու­թիւն՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­պա­գա­յի միակ ե­րաշ­խի­քը։
­Հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը պէտք չէ թոյլ տայ որ մսխո­ւի 28 ­Մա­յիս 1918ի հե­րո­սա­պա­տու­մի այ­սօ­րո­ւան ար­գա­սի­քը հան­դի­սա­ցող մե­րօ­րեայ հայ­րե­նի պե­տա­կա­նու­թեան անգ­նա­հա­տե­լի հարս­տու­թիւ­նը։ Այն պէտք է հա­րա­զատ սե­փա­կա­նու­թիւ­նը դառ­նայ հա­մայն հա­յու­թեան, իր հա­մազ­գա­յին ար­ժէ­քին մէջ պան­ծաց­նե­լով ­Մա­յի­սեան խոր­հուր­դը, բո­լոր դե­րա­կա­տար­նե­րու պե­տա­կան կեն­սա­փոր­ձի պատ­մա­կան լիար­ժէք գնա­հա­տու­մով։
28 ­Մա­յիս 1918ի ամ­բող­ջա­կան խոր­հուր­դը ա­ռաջ­նոր­դող ու­ժը եւ շար­ժիչ քա­մին թող հան­դի­սա­նայ հայ ազ­գին հա­մար՝ հայ­րե­նա­կեր­տու­մի եւ հո­ղա­կեր­տու­մի վախ­ճա­նա­կան իր «Ի­թա­քան» հաս­նե­լու նա­ւար­կու­թեան մէջ։

«Ա­զատ Օր»