Ժողովրդավարութիւնը Կ՛արժեւորէ Անկախութիւնը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ռազմիկ Շիրինեան

Անկախութեան քաղաքական արժէքը ըստ էութեան եւ ամբողջութեամբ կը պարփակուի պետականութիւն հասկացողութեան մէջ: Այդ արժէքը գործնական արտայայտութիւն կը գտնէ ու կ’իմաստաւորուի ժողովուրդին առօրեայ կեանքին մէջ եւ հետեւաբար, ժողովրդավար նկարագիր կը կերտէ հայրենի կեանքին ամէնէն պարզ ու սովորական յարաբերութիւններուն մէջ:

Այսպէս, ժողովրդավարութիւնը իբրեւ ապրելակերպ կ’իրականանայ իր անկախ երկրին մէջ ապրող հայրենի ժողովուրդին համար: Կը ներկայացնէ անոր սովորական կեանքը, քաղաքացիի թէ գիւղացիի առօրեայ ապրումը եւ յարաբերութիւնները, որոնք կը բնորոշեն թէ՛ տնտեսական եւ թէ քաղաքական իրաւունքներու իրենց հարազատ հասկացողութիւնը: Ասիկա անկախ հայրենիքի մէջ հաստատուած ժողովրդավարութիւնն է,  որուն իրագործումը ամբողջութեամբ պայմանաւորուած է ոչ միայն ճշդուած oրէնքներով եւ այդ օրէնքներու գործադրումով, այլ նաեւ ու յատկապէս հայ անհատին համար ներկայացուած քաղաքական եւ տնտեսական առիթներով ու այդ առիթներու օգտագործման կարելիութիւններով:

Հայրենի ժողովուրդին անկախութեան արժէքը պէտք է փնտռել առօրեայ իր կեանքի յարաբերութիւններուն մէջ, ժողովրդավարութեան մէջ, երբ սովորական կեանքը ժամանակին հետ եւ բնական հետեւողութեամբ կը յղկէ ու կը մշակէ մարդուն անկախ հոգին ու հայրենիքի ժողովրդավար կենցաղը: Անկախութիւնը կը գոյատեւէ տուներու, թաղերու եւ գործատեղիներու մէջ, մարդուն առօրեայ կեանքին մէջ ու, ի վերջոյ, կը հաստատուի հոգիներուն մէջ իբրեւ բարձունքներ կերտող, ոչ թէ համակերպող, կացութիւններ յաղթահարող, ոչ թէ կացութիւն փրկող քաղաքական արժէք:

Գիտենք, որ բռնատիրական կարգերու տակ ժողովուրդը պէտք չունի մտածելու, պէտք չունի ընտրելու, պէտք չունի որոշելու, համաձայնելու կամ հակադրուելու: Այլ միայն պէտք ունի հետեւելու: Հայրենի ժողովուրդը այսպիսի փորձառութիւն մը ապրեցաւ ոչ հեռաւոր անցեալին եւ, ի վերջոյ, անդրադարձաւ, որ անկախութիւնը չի հաստատուիր առանց ժողովրդավար իր իրաւունքներուն եւ քաղաքացիական առաքինութեան: Անդրադարձաւ, որ ժողովրդավարութիւնը կ՛իրագործուի անկախ հայրենիքի մէջ ապրող սովորական աշխատաւոր անհատի կեանքին մէջ:

Անդրադարձաւ մանաւանդ, որ ժողովրդավարութիւնը կը ստեղծէ առիթը հայ աշխատաւորին համար, որպէսզի ան հաստատէ հարազատ կենցաղը ազատ հայրենիքին մէջ, առանց կաշկանդուելու ընտրութիւններէն, իշխանութեան որոշումներէն կամ ընդդիմութեան դժգոհութիւններէն: Հաստատեց այն անուրանալի իրողութիւնը, որ ժողովրդավարութիւնը ամէն բանէ առաջ հայ աշխատաւորին ազատագրումն է:

Հետեւաբար, քաղաքական ազատութիւնը գործնական արժէք ունի ժողովրդավարութեան մէջ եւ կ՛իրագործուի առօրեայ յարաբերութիւններուն մէջ: Այդ ազատութիւնը նաեւ հարազատ կապ մը կը ստեղծէ տնտեսական պահանջներուն հետ եւ, ի վերջոյ, կ’իմաստաւորէ անկախ պետականութեան կառուցողական դիմագիծը: Այսպէս է որ իշխանութեան քաղաքական որոշումները հարազատ արտայայտութիւնը կ’ըլլան ժողովուրդի տնտեսական պահանջներուն: Ասիկա կեանքի իրականութիւն կը դառնայ երբ ժողովուրդը կը գործածէ քաղաքական իր ազատութիւնը՝ տնտեսական պահանջներու ամբողջական գիտակցութեամբ:

Տակաւին չենք կրցած հաստատել ենթահողը, այն անհրաժեշտ ենթակառոյցը հայկական կենցաղին, որ ժողովուրդի պահանջներէն կու գայ: Հայ քաղաքական միտքին կեդրոնացումն է այսօր մեր քաղաքականութիւնը՝ այսպէս ըսուած հայրենի սովորական կեանքն ու մեր ժողովուրդի հարազատ կեանքին ըմբռնումը: Այն, ինչ  տեսանք անկախութեան տարիներուն՝ շահագործումն էր, դրամատիրութիւնը իր թաթերով, որոնց տակ հայ աշխատաւորն ու գիւղացին ընկճուած ապրեցան իրենց տնտեսական, մշակութային ու ոգեղէն կեանքը: Ժամանակն է որ մեր ժողովուրդին քաղաքական ձգտումները բարձրանան անկախ հայրենիքի խորունկ ու հարուստ արժէքի մակարդակին:

Վերջապէս, հայ մարդուն առօրեայ կեանքն է, որ կ’արժեւորէ անկախութիւնը: Ասոր համար ալ հայուն քաղաքական մտածողութիւնը կը տարածուի Հայաստանի ենթակառոյցին մէջ: Այս տարածքին մէջ է, որ աշխատաւոր հայ անհատը իր կշիռը կը դնէ գոյութիւն ունեցող պետական մեքենային, իշխանութեան եւ գործող տնտեսական հաստատութիւններուն վրայ, եւ հետեւաբար հայ քաղաքական կեանքը կը գտնէ բնականոն զարգացման իր ընթացքը: Ասիկա մղիչ պատճառն է, որ հայ անհատը ամուր կառչած մնայ ազգային, քաղաքական իր հասկացողութեան, եւ քաղաքական արժէքներու ըմբռնումին: Ի՞նչ է, ի վերջոյ, իմացական կեդրոնացումը քաղաքական մեր մտածողութեան, եթէ ոչ աշխատաւոր ժողովուրդը՝ անկախ հայրենիքի ամբողջ տարածքին:

Աշխատաւոր հայ ժողովուրդը արտայայտեց արդէն քաղաքական իր գիտակցութիւնը եւ հաստատեց այն պարզ իրականութիւնը, որ անկախութիւնը քաղաքական արժէք է եւ ոչ թէ շահագործման առիթ: Հաստատեց որ անկախութիւնը ժողովրդավար կենցաղ ունի, նաեւ շարունակական զարգացման ընթացք է եւ ոչ թէ պարտադիր համակարգ: Հաստատեց որ անկախութեան մէջ կը բիւրեղանան ազգային մեր հարցերը: Կենդանութիւն եւ ուժ կը ստանայ պետութիւն-անհատ  բնատուր կապը: Ատոր համար ալ վերջին երեսուն տարիներուն Երեւանի փողոցները յաճախ խճողուեցան երիտասարդներով, բոլորն ալ գիտակից, քաղաքականացած եւ սովորական հայ անհատին եւ աշխատաւոր ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանող: