1907-ի Մայիս 27-ին Նահատակուեցաւ Գէորգ Չաւուշ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

 Գէորգ Թորոյեան

Հայ յեղափոխութեան եւ հայ ֆետայութեան պատմութեան ամէնէն ինքնատիպ դէմքերէն է Գէորգ Չաւուշը: Անոր գործունէութիւնը վարակիչ եղած է թէ՛ կենդանութեան եւ թէ՛ նահատակութենէն ետք: Իր մասին կան գրուած գիրքեր: Անոր մասին առաջին փոքր գրքոյկը գրուած է Ռուբէն Զարդարեանի կողմէ, նահատակութենէն քանի մը ամիս ետք, «Գէորգ Չաւուշ» անունով: Կարօ Սասունի իր «Սարերու Ասլան»-ով վիպականացուցած է Գէորգի կեանքը: Աւօ Թումայեան «Գէորգ Չաւուշ» գիրքը պատրաստած է տարբեր վկայութիւններ մէջբերելով եւ համարեա ամբողջական պատկերը տալով Գէորգի  կենսագրութեան: Գէորգի գործունէութեան մասին կը կարդանք նաեւ Ռուբէն Տէր Մինասեանի «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակներ»-ուն 2-րդ, 3րդ եւ 4-րդ հատորներուն մէջ: Կան նաեւ բազմաթիւ տպաւորութիւններ, յուշագրութիւններ եւ խորհրդածութիւններ Գէորգի մասին: Բնականաբար Գէորգ Չաւուշ անհատին ճշգրիտ ու ամբողջական բնութագրումը կատարած է Ռուբէն: Շուրջ մէկ տարի ապրելով եւ գործելով անոր հետ` Ռուբէն կրցած է լաւապէս ճանչնալ Գէորգը ու զայն ներկայացնել իր յուշերուն մէջ:

Գէորգ Չաւուշի անուան առաջին անգամ կը հանդիպինք, երբ կը յիշատակուին Արաբոյի խումբին անդամները: Ապա Սասնոյ առաջին ապստամբութեան (1891-1894) շրջանին եւ մասնաւորաբար Տալւորիկի կռիւներուն կը յիշուի իր անունը` որպէս աչքի զարնող կռուողի: Բնականաբար հոս պէտք չէ հասկնալ միայն որպէս քաջ կռուող, յատկանիշ մը, որ բոլոր սասունցիները ունէին, այլ ճարպիկ, իմա ռազմագէտ եւ յանդուգն կռուող: Նկարագրային այս երկու յատկանիշներն են, որոնք առանցքը կազմած են հայդուկապետին հետագայ գործունէութեան: Սասնոյ ապստամբութեան ճնշումէն ետք կը ձերբակալուի ու կը բանտարկուի: 1896-ին կը յաջողի փախուստ տալ բանտէն եւ ամբողջ տասնամեակ մը կը գործէ հայրենի լեռներուն վրայ: Իր ֆետայութեան շրջանին Գէորգ յաճախ փոքր խումբերով կռիւներ ունեցաւ իրմէ հարիւրապատիկ անգամ աւելի մեծ թիւով թուրք զօրքին կամ քիւրտերու հետ եւ միշտ ալ յաղթական դուրս եկաւ: Սասնոյ Բ. ապստամբութեան շրջանին անոր ստանձնած ճակատը մնաց անխորտակ, ու եթէ նահանջ արձանագրեց, ապա ոչ այնքան թրքական զօրքի ճնշումին պատճառով, որքան` ռազմամթերքի խնայողութեան համար:

Գէորգի բացարձակ խիզախութեան լաւագոյն դրսեւորումն է Աղթամար կղզիին վրայ Տարօն վերադառնալու իր որոշումը: Սասնոյ Բ. ապստամբութենէն ետք, երբ թրքական պետութեան հալածանքներուն պատճառով Տարօնի մէջ ֆետայիներուն համար շնչելն իսկ անհնար դարձած էր եւ ամէն քայլափոխի մահը կը սպառնար անոնց, Կեդրոնական կոմիտէն կ՛որոշէ ֆետայիները հեռացնել շրջանէն: Դէպի Կովկաս իրենց ճամբուն վրայ հասնելով Աղթամար կղզի` ֆետայիները կ՛անդրադառնան, որ ժողովուրդը պէտք չէր անտէր ձգել: Բայց հարց կը ծագի, թէ ո՞վ պիտի վերադառնայ մահ բուրող Մշոյ աշխարհ: Գէորգ Չաւուշ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ դառնալու իր սիրած երկիրը: «Իմալ ժողովուրդ ունենք, արժէ մեռնել նրա համար»:

Աղթամարէն վերադարձին, երբ ան տէրն ու տիրականն է Տարօնի աշխարհին, ասպարէզ կը կարդայ բոլորին: Վստահ ըլլալով իր բացարձակ քաջութեան վրայ` ան մեծաթիւ (մինչեւ 50 հոգի) խումբերով կը շրջի Մշոյ դաշտի գիւղերը: Ֆետայական պատմութեան մէջ չտեսնուած յանդգնութիւն մըն է, որ ի վիճակի էր կատարելու  միմիայն ի՛նքը` Գէորգ Չաւուշ: Այս ժամանակահատուածին անոր մղած ֆետայական կռիւները առասպելական հերոսի կը վերածեն զինք, եւ անոր հռչակը կը տարածուի ամէնուր, եւ Ռուբէն Զարդարեան զայն կը կոչէ ԱՆԽՈՑԵԼԻ ԴԻՒՑԱԶՆ-ը: Ի վերջոյ 27 մայիս 1907-ին արտասահման մեկնելու համար ճամբայ կ՛ելլէ (արտասահման մեկնիլը միշտ ալ անբաղձալի եղած է անոր համար եւ Գէորգ Չաւուշ տեւաբար խուսափած է անկէ) եւ կը նահատակուի Սուլուխի կռիւին: Ոչ մէկ անգամ թրքական բանակին կամ քրտական աշիրեթներու դիմաց ընկրկած Գէորգ` Սուլուխի մէջ, երբ կը տեսնէ թրքական բանակը, կշռադատելով իր խումբին կարողութիւնները եւ գիւղին ռազմագիտական դիրքը, կը գիտակցի կռուի ծանրութեան. «Կռիւ որ լինի, խիստ պիտի լինի»: Առաջին անգամ ըլլալով Գէորգ Չաւուշ կը խուսափի կռիւ մղելէ: «Աւելի լաւ է ձի նստիլ եւ հեռանալ»: Դժբախտաբար, սակայն, գիւղին մէջ ձիերու անբաւարարութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ ան ընդունի կռիւ տալ ու ճակատագրականօրէն նահատակուիլ այդ կռիւին:

Գէորգ Չաւուշի կենսագրական գիծերը կարդալով` անպայման եւ ակամայ մեր մտածումներուն մէջ կ՛ուրուագծուի առասպելական Սասունցի Դաւիթի կերպարը: Ու պահ մը եթէ փորձենք համեմատել առասպելական Դաւիթն ու իրական մեր հերոսը, պիտի նկատենք, որ նմանութեան բազմաթիւ եզրեր կան երկու հերոսներուն միջեւ:

Փոքրիկ Դաւիթ մերժեց անցնիլ Մելիքի սուրին տակէն, որպէսզի չստրկանայ: Աղաչանք, սպառնալիք օգուտ չըրին փոքրիկ Դաւիթին: Գէորգ չկրցաւ դիմանալ թրքական բանտի պայմաններուն,  ուր անարգանքն ու ստրկացումը ամէնօրեայ հոգեվիճակ էր: Ան ամէն վտանգ աչք առնելով` փախաւ բանտէն:

Դաւիթ առանձին գնաց Մսրայ բանակին դէմ ու կանչեց`

«Հէ՜յ, թէ քնած էք, արթուն կացէ՜ք…»:

Գէորգ քանի մը ընկերներով գիշերային անակնկալ այցելութիւններ կու տար հայութեան կեղեքիչ քիւրտ կամ թուրք բէկերու` որպէս հիւր եւ կը զգուշացնէր, որ «խելօք մնան» եւ իրենց հարեւան հայերը չնեղացնեն, որպէսզի յետոյ չմեղադրեն Չաւուշը, որ զիրենք չզգուշացուց:

Սասունցի Դաւիթ հաւատաց Մելիքի դաւադիր հրաւէրին ու գնաց անոր մօտ եւ հրաշքով փրկուեցաւ: Գէորգ Չաւուշ եւս երբեմն հաւատաց քիւրտերու դաւադիր հրաւէրներուն, ու Առվառինջ գիւղի հրաւէրին ան հրաշքով փրկուեցաւ մահէ, երբ իր խումբի անդամներուն մեծամասնութիւնը սպաննուեցաւ:

Ու տակաւին շարքը կարելի է երկարել: Գէորգ Չաւուշ կենդանացած առասպելական Դաւիթն էր: Ու ժողովուրդը ինչպէս առասպելի դիւցազնը կը սիրէ, նոյնպէս սիրեց այս հերոսը: Անոր մէջ տեսաւ իր պահապանը: Առասպելին մէջ փոքրիկ Դաւիթ յոգնած` կը նստի քարերուն վրայ, ժողովուրդ զանոնք կոչեց Դաւթի քարեր, ապա այն քարերը, որոնք որպէս դիրք ծառայած են Գէորգին, ժողովուրդը զանոնք կոչեց Գէորգի քարեր:

Ո՞ւր պէտք է փնտռել այս ֆետայիին խիզախութեան գաղտնիքը: Հեռուները երթալու կարիք չկայ, ոչ ալ ուսումնասիրութիւններ կամ հոգեվերլուծութիւններ պէտք է կատարել, այլ պէտք է տեսնել անոր գործունէութեան դաշտը, այսինքն` իր հայրենի աշխարհը: Հո՛ղը, որուն վրայ ապրեցաւ ու գործեց, անոր հոգեւոր սնունդն էր եւ քաջութեան ու խիզախութեան աղբիւրը:

Գէորգ Չաւուշի Հերոսական Մահը

Շուրջ քսան տարի զէնք գրկած հայ ֆետային պիտի ունենար նոյնքան հերոսական նահատակութիւն, որքան որ հերոսական էր անոր կեանքը: Սակայն Գէորգի նահատակութեան դրուագին մէջ ամէնէն հերոսականը անոր ապրած վերջին ժամերն են:

Պետրոս Դուրեան հետեւեալ տողերով կը դրսեւորէ մահուան սեմին գտնուող մարդ արարածին հոգեվիճակը:

«Եւ մահամերձն ալ կ՛ուզէ երկու բան
Նախ կեա՛նքը, վերջը լացող մ՛իր վրան»:

Մահուան իրականութիւնը միշտ ալ վախի կամ անորոշութեան զգացում մը ստեղծած է մարդուն մէջ: Մարդ էակը տարբեր հանգամանքներու մէջ գտնուելով հանդերձ, միշտ ալ ուզած է կառչած մնալ անոր, մասնաւորաբար` հնարաւորութեան պարագային: Ի՜նք Աստուածորդին Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ Երկնաւոր Հօրմէն խնդրեց Իրմէ հեռացնել դառնութեան այդ բաժակը:

Վիրաւոր Գէորգ Չաւուշին հոգեվիճակը կը տարբերէր: Կռուի աւարտին, մութը իյնալէ ետք, երբ ընկերները կը յաջողին զինք անվնաս դուրս բերել գիւղէն եւ կը յուսադրեն, որ պիտի լաւանայ, ան Ռուբէնին կ՛ըսէ. «Լմնցած է, դիակի մը համար խումբը մի՛ վտանգէ, անցէք` գնացէք, Վարդգէսը եւ Եղսոն քեզի ամանաթ»: Այդ պահուն Գէորգ ունէր իրաւունքը եւ կարելիութիւնը, որպէս հայդուկապետ, կարգադրութիւններ կատարելու, որ զինք ապահով տեղ փոխադրեն ու միջոցներ ձեռք առնեն իր վէրքը բուժելու: Սակայն մահամերձ Գէորգ իր վէրքին առթած ցաւերուն մէջ իսկ կը գիտակցէր խումբին ծանր վիճակին: Փամփուշտը գրեթէ սպառած էր: Փոքր անզգուշութիւն մը` եւ կրնային կոտորուիլ բոլորը (ֆետայիները եւ Սուլուխ գիւղի ողջ բնակչութիւնը): Ան յանձն կ՛առնէ մեռնիլ եւ փրկել խումբն ու ժողովուրդը: Երբ մահը իրականութիւն դարձած է անոր համար, ան կը շարունակէ երթալ դէպի զայն անվախօրէն ու ամենայն սառնասրտութեամբ կ՛ըսէ` «Անցէք` գնացէք…»: Անոր մէջ դարձեալ ռազմագէտ եւ անձնուրաց Գէորգն էր, որ կը խօսէր ու գերմարդկային հոգեվիճակ մըն էր, որ կ՛ապրէր ան այդ վայրկեաններուն: Պատմութիւնը կը գրէ, թէ առանձին մնալէ ետք ան ապրած է քանի մը ժամ եւս ու մահացած` մեզի կտակելով անզուգական հերոսացումի ու մահուամբ մահը յաղթելու պատգամը:

Իր մահէն ետք թուրք պետութիւնը անգամ յարգեց անոր դիակը: Ժողովուրդը երգեր հիւսեց իր Սարերու Ասլանին, որոնք միշտ ալ պիտի երգուին: Ժամանակի հեռաւորութեան վրայ ան պիտի առասպելականանայ իր նախահօր` Դաւիթի նման, բայց եւ այնպէս Գէորգ Չաւուշ պիտի շարունակէ մնալ խիզախութեան եւ վրէժխնդրութեան խորհրդանիշը: