Լաթաքիոյ Մէջ Ոգեկոչման Ձեռնարկ Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ Տարելիցին Առիթով

Սփիւռք

Ազգային աւանդութիւններ պահպանելը ինքնանպատակ արարք մը չէ, այլ ուխտ մըն է, որ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ, մեր ազգային ինքնութեան առաւել ճանաչման եւ արժէքներու պահպանման համար: Մեր դատի հետապնդումն ալ նման առաջնահերթութիւն է բոլորիս համար: Չկայ հայ անկիւն մը, որ չոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը, նոյնիսկ պսակաձեւ համաճարակը արգելք չհանդիսացաւ անոր: Ահա եւ այդ ուխտին հետեւելով, սակայն ներկայ պայմանները յարգելով, այսօր՝ Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2020-ի առաւօտեան ժամը 9։00-ին, եկեղեցւոյ զանգին ղօղանջին հետ, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ երկիւղածութեամբ հաւաքուեցան Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդէն, դպրոցիս հոգաբարձութենէն, Լաթաքիոյ հայ գաղութը ներկայացնող միութիւններէն ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ՝ Եագուպիէի ու Արամոյի եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներու անդամներ, իրենց յարգանքն ու ուխտը վերանորոգելու եւ ապրիլեան սրբադասուած մէկուկէս միլիոն նահատականերուն յիշատակը ոգեկոչելու համար։ Գաղութիս եւ ծովափի քահանայ հայրը՝ Տէր Վազգէն Քէօշկէրեան Բարեխօսութեան Կարգով բացումը կատարեց արարողութեան, որմէ ետք ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը հանդիսաւոր կերպով հնչեցուց Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգները։

Թաղական Խորհուրդի ատենապետ Վահէ Կարճիկեան շնորհակալական խօսք ուղղեց Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահին, ժողովուրդին, ողջունեց Սուրիոյ խորհրդարանին Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտման բանաձեւի որդեգրումը եւ շնորհաւորեց սուրիահայութիւնը այս կարեւոր իրագործումին առիթով։
Արաբերէնով սրտի խօսք արտասանեց Թաղական Խորհուրդի անդամ Մարօ Սողոմոնեան: Ան հաստատեց, որ 105 տարիէ ի վեր մենք մեր իրաւունքներուն կառչած ենք, որովհետեւ գիտենք, թէ իրաւունքը չի մեռնիր՝ երբ պահանջատէր կայ անոր ետին, նաեւ նկատել տուաւ, որ հայը ամէն տարի 24 Ապրիլին պիտի ոգեկոչէ ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը եւ պահանջէ իր անժամանցելի իրաւունքները:
Ապա ներկաները ուղղուեցան դէպի ապրիլեան յուշակոթող, մոմեր եւ վարդեր զետեղեցին անոր դիմաց։
Աւարտին մասնակիցները հաւաքաբար երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը, ապա քահանայ հօր «Պահպանիչ»ով վերջ գտաւ օրուան յայտագիրը:
Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ սուրիական պատկերասփիւռի կարգ մը կայաններու թղթակիցներ:

ԼԱԹԱՔԻՈՅ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ