Մեծ Եղեռն, Հայ Դատ Եւ Շատ Բաներ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Գէորգ Պետիկեան

1915 եւ Ապրիլ 24:

Բոլորիս համար կենդանի թուական մը, որ ամէն տարի մեզի կը յիշեցնէ ներկայութիւնը, իր հողերէն տարագրուած ու տեղահանուած մեր ժողովուրդի պատմութեան: Աւելին՝ ան նաեւ թուականն է մեր հոգիները խնկարկուող խորաններու վերածող խորհրդաւոր պատարագին:

Այս մասին, տասնամեակներէ ի վեր, ամէն բան ըսուած եւ գրուած է: Յատուկ եւ առատ: Մնացեալը՝ արդէն ծանօթ է:

Իսկ հիմա, նոյն այս թուականի խորհուրդէն թելադրուած, անձնապէս մեծ ցանկութիւն մը ունիմ կրկին իմ «հինը» յիշելու:

Ու ինչ մեղքս պահեմ, մտովի պահանջատէր եւ մօտիկ ապագայի նոր յոյսերու ուրուագիծեր տեսնելու կարօտով, այս առթիւ ես ալ դարձեալ կ’ուզեմ յիշել կեանքիս հին ու նոր պատկերները, որոնք հիւսած էին մանկութեանս եւ վաղ երիտասարդութեանս տարիները:

Եւ Ապրիլ 24…:

Այդ օր դպրոց չէինք երթար: Քաղաքի հայերուս համար պաշտօնական ե՛ւ արձակուրդ օր էր, ե՛ւ սուգի օր: Լուռ ու մունչ, մայրս մեզի եկեղեցի կ’առաջնորդէր: Իսկ երեկոյեան, դարձեալ նոյն այդ մեր պատմական եկեղեցին կը տանէր, ներկայ գտնուելու օրուայ յատուկ ու պատշաճ սգահան-դէս-դասախօսութեան:

Ու ամբողջ օրը, արտասանուած բոլոր բառերուն, խօսքերուն եւ երգերուն մէջ, մեզի կը փոխան-ցէին հպարտութիւն եւ ապա անպայման կը պատգամէին հաւատք, արդարութիւն եւ յոյս: Անոր համար, երբ քիչ մը աւելի մեծցանք, մեծ ախորժակով սկսանք փնտռել անհրաժեշտն ու ճշմարիտը:

Կը հաւատայինք, որ այդ օր ամբողջ քաղաքը մեզի հետ եւ մեզի պէս սգաւոր էր: Նոյնիսկ տեղացի ժողովուրդը, քիչ շատ ծանօթ ըլլալով օրուայ խորհուրդին, իւրաքանչիւր հայու մը հանդիպման, առ ի մխիթարութիւն՝ սրտանց ողորմի կու տար, իբրեւ անձայն եւ լուռ զօրակցութիւն:

Եւ տակաւին մեր այդ հին քաղաքի հին ակումբէն ներս, այդ օր նարտի խաղալը արգիլուած կ’ըլլար, իսկ մեզի ալ՝ փինկ-փոնկ: Նոյնիսկ առաւօտ կանուխ, մեր ակումբի մեծերը, որոնք փակած կ’ըլլային իրենց խանութները կամ հաստատութիւն- արհեստանոցները, սիկարէթ մը բերաննին, եւ կամ համրիչ մը իրենց մատերուն՝ ակումբի չոր ու ցամաք աթոռներու վրայ նստած, քիթ-քիթի իրարու հետ, խոժոռ դէմքով ու ցած ձայնով կը զրուցէին: Հաւանաբար իրարու յուշեր կը փոխա-նակէին: Ուղղակի կատարեալ սուգ: Նոյնիսկ քաղաքի հայկահոծ շրջանը՝ «անդամալոյծ» վիճակ մը կ’ապրէր: Ոչ կատակ եւ ոչ ալ ծիծաղ: Ակումբի պատմական գրադարանն ալ՝ փակ կը մնար:

Տարիներով այս թուականը, նման յայտագրերով յիշատակեցինք մեր եկեղեցիներէն եւ ակումբ-ներէն ներս, եւ կամ ալ օր մը առաջ, մեր յաճախած վարժարաններու սրահներուն մէջ: Սգացինք եւ աղօթեցինք, ե՛ւ սակայն միշտ ուխտեցինք: Փոխարէնը, մեզի հաւատք ընծայեցին, թէ օր մը դուրս պիտի կարենայինք գալ մեր այս «սուգով» պատուած կեանքի պատեանէն ու պիտի կարենայինք մեր աղօթքները, ընդվզումներն ու բողոքները, տարբեր ձեւերով արտայայտել:

Ու այսպէս տասնամեակներով երկար մնացինք փակ պատուհաններու ետին, ու այդ մթնոլորտով ալ մեծցանք: Կարգապահ, ե՛ւ հնազանդ ու միշտ չորս պատերէն ներս սուս ու փուս յիշեցինք մեր նահատակները եւ սակայն որոշեցինք սերունդէ-սերունդ անոնց կտակը փոխանցել եւ այս կերպով՝ իրարմով մխիթարուիլ: Ու հակառակ այս բոլորին, մենք ապրեցանք իբրեւ հայ մարդ, ե՛ւ ուխտապահ, ու շարունակեցինք մեր «երթը», մինչեւ որ հասանք այս սուգի թուականի յիշատակ-ման յիսնամեակին:

Ահա ճիշդ անկէ ետքն էր, կարծես ազգովին սթափեցանք: Ու սկսանք աշխարհը համոզել, որովհետեւ դժգոհ էինք նոյն այդ աշխարհէն ու ազգերէն: Ամէն տեղ ցոյցերու դիմեցինք: Հրապարակ-փողոց իրար խառնեցինք: Առ որ անկ է, յուշագիրներ յանձնեցինք: Եւ որովհետեւ ճշմարտութիւնը բանտարկուած տեսանք թրքական մահիկին մէջ, աշխարհին կրկին ու կրկին բարձրաձայն բողոքեցինք: Նոյնիսկ սկսանք մեր շուրջիններուն հեւքով բացատրել, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վէրք մըն էր մեր հոգիին ու նաեւ մարդկային խղճմտանքին մէջ: Եւ երբ պէտք եղած արձագանգը չգտանք, յաճախ յուսախաբ՝ անիծեցինք մեր յոյսը, մեր ճակատագիրն ու մեր տեսակը:

Իսկ հիմա, դարձեալ կ’ուզեմ հեռու մնալ ծեծուած խօսքերէն: Անոր համար աչքերուս մէջ կը փորձեմ հաւաքել խորհրդաւոր կախարդանքը մեր այս պատմութեան:

Ըսեմ, որ ազգովին այսպէս տասնամեակներով նստեցանք ու անհամբեր սպասեցինք արդա-րութեան ոտնաձայներուն: Յաճախ յուսահատեցանք, որովհետեւ ականատես եղած էինք, թէ ինչպէս անիրաւութեան եւ վատութեան արիւնոտ դրօշակները տակաւին կը ծածանէին յուշերու դարաւոր աւերակներու վրայ: Ուստի փորձեցինք աւելի բարձր աղաղակել: Յաճախ անօգուտ: Դաշնակիցներ եւ կարեկցողներ փնտռեցինք: Չմոռցանք նաեւ շատ յաճախ ալ երկաթէ բռունցք ցոյց տալ: Եւ կրկին սպասեցինք: Ու մեր այս սպասումը նմանեցաւ երկար հիւանդութեան մը: Սակայն՝ չկորսնցուցինք ազգային մեր եսը: Ու վերջապէս որոշեցինք սուգի այս թուականը դարձնել բողոքի եւ իրաւունք պահանջելու օր եւ թիւ:

Այս բոլորը՝ որովհետեւ սկսած էինք քնաթաթախ մեր ինքնութիւնէն, մեր աւանդական դարձած որդեգրումներէն դուրս գալ եւ մենք զմեզ արտայայտելու մեր իրաւունքը պաշտպանելու նոր ձեւեր որոնել: Ու այսպէս ծնունդ տուինք մեր ազգային դատին ու զայն կոչեցինք՝ Հայ Դատ:

Իսկ այս օրերուն, յստակ է, որ մեր ապրած դարը իր ղեկը փշրած է եւ Արեւմուտքը, ինչպէս միշտ, դարձեալ անհանգիստ աչքերով կը դիտէ Արեւելքը: Մէկ խօսքով, դարը դարձեալ արիւնոտ է: Նաեւ ներկայիս մեր ապրած աշխարհը անհանգիստ ալ է։ Բայց այս բոլորով հանդերձ մենք չմոռցանք եւ միշտ յիշեցինք Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով մեր ահաւոր կորուստները, ե՛ւ հսկայական, ե՛ւ տարածքային, ե՛ւ մշակութային, ե՛ւ մարդկային, ե՛ւ հոգեբանական։

Բայց մեր յիշելը բաւարար չէր: Կարեւորը մեր դրացիներուն, մեր դաշնակիցներուն եւ բարեկամ-ներուն բացատրել, համոզելն ու յիշեցնելն էր, թէ ազգովին բարբարոս գոհունակութեան մը զոհը դարձած էինք՝ վայրագօրէն եւ աներեւակայելի:

Ճակատագրային դժբախտութիւն։ Քաղաքական ոճիր:Ու այս բոլորին կողքին, մեզի համար ամէնէն կարեւորը, ոճրագործին իր այդ սարսափելի արարքին խոստովանիլն է: Բայց…:

Այս դարուն նաեւ ականատես եղանք, որ միջազգային դիւանագիտութեան ասպարէզին մէջ, քաղաքական շահեր հետապնդելու համար, անկախ մեր կամքէն, սաստելու համար Թուրքիոյ ոտնձգութիւնները, յաճախ մեծ պետութիւններու կողմէ մեր ողբերգութիւնը կ՚օգտագործուէր:

Մեր հարցը դարձած էր՝ խաղաթուղթ: Ու հակառակ անոր որ տարուէ տարի մեծ ու փոքր պետութիւններ հրապարակային կերպով սկսած էին ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ու թէեւ Հայաստան եւ Սփիւռքներ հաստատած էին, թէ հայութեամբ լեցուն սիրտ մը ունի մեր ժողովուրդը, բաբախուն, նոյնքան ալ տրոփուն եւ իրական, սակայն մեր ազգի արդարութեան դաշտը տակաւին լուռ էր:

Այո՛, մեր կարծիքով, թէեւ արդարանութիւնը քնացած էր, բայց այլեւս մեր աչքերուն արցունք չունէինք եւ ոչ ալ լալկան պաղատանք՝ ուղղուած աշխարհի մարդկութեան մեծերուն, որովհետեւ ազգովին որոշած էին շարունակել մեր սրբազան ուխտագնացութիւնը՝ մինչեւ լրումը մեր նպատակին, որ ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ արդարութեան հարազատ պահանջք:

Արդարութիւն… ըսինք…ու պահանջեցինք: Մեր ժողովուրդի թիւի, հողերու, մշակոյթի, նիւթական հարստութեան զգալի կորուստներուն արդարութիւն։ Անոր համար հարկ էր, որ չկորսնցնէինք ազգային մեր եսը, այլ պահէինք զայն կամքով եւ արժանավայել յանդգնութեամբ:

Իսկ հիմա, իսկ այսօր, կ’ըսեմ. տարբեր օր է: Ու մեզի կ՛իյնայ առաւելագոյն օգուտը քաղել եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը առաւել եւս միջազգայնացնել:

Այսօր, հայ իրականութեան մէջ փաստ է, որ գոյութիւն ունի քաղաքական մէկ ձգտում: Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման կողքին, մնալ պահանջատէր: Ու այս ձգտումի իրագործման համար, որոշած ենք ազգովին եւ ամէն գնով մեր գերագոյն նպատակը իրագործել:

Յստակ է, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը նոր էջ մը պիտի բանայ հայոց պատմութեան մէջ: Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ արդէն սկսած են ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Երբեմն կ’ուզենք հաւատալ, որ ազգովին այս Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքային երթի յաջողագոյն հանգրուաններէն մէկուն մէջ կը գտնուէինք։ Բայց այս բոլորէն առաջ եւ էական՝ մեր դատի ճանաչման գծով, հայրենիքի եւ Սփիւռքեան ջանքերու համատեղ եւ յարատեւ շարունակութիւնն է:

Լաւատեղեակ ենք, որ ամէն ազգ իւրայատուկ պայմանները ունի իր հաւաքական կենսունակու-թեան համար, իր ապագայի պատրաստութեան եւ վաղուան հաստատ ինքնութեան համար: Մենք ալ, իբրեւ ազատ ազգ, ունինք նաեւ մերը:

Ուստի կարեւոր է ներկայի մեր աշխատանքը: Մեր երթը: Մեր ազգային գիտակցութեան հասունութիւնն ու մեր ստեղծագործական կարողականութիւնը: Մեր պատասխանատուութեան զգացումը: Մեր լեզուի ու մեր մշակոյթի պահպանումը: Մեր պետականութեան ազգային դիմագիծի ամրապնդումը: Մեր միասնական ու միակամ աշխատանքի ու խանդավառութեան յարատեւումը: Նոր սերունդի արժանապատուութիւնը արթուն պահելու առաջնահերթութիւնը:

Հայ դատը, որուն անմիջական ծիրէն ներս կ՛իյնայ հայ իրաւունքներու վերականգնումը, ինչպէս նաեւ հայ մշակոյթի եւ մշակութային ինքնութեան պաշտպանութիւնը, պէտք է հետապնդել պարտաւորութեան ամէն միջոցներով:

Ու այս բոլորին գիտակցելով նաեւ պարտաւոր ենք ամէն ճիգ ու աշխատանք թափել հաստատ, ամուր եւ խաղաղ պահելու համար հայերուս պապենական հայրենիք՝ Հայաստանը:

Ահա թէ ինչո՛ւ այլ կռուաններու կողքին, ներկայ փոքրիկ Հայաստանը, իր համախումբ հայու-թեամբ կը հանդիսանայ մեր հաւատքի անսպառ աղբիւրը՝ հայ ժողովրդի ազգային-ազատագ-րական պայքարին լծուած անհատներու եւ ուժերու համար: Պարտինք զայն ամրապնդուած պահել: Պահենք նաեւ իր ազգային դիմագիծը:

Գիտեմ որ մեր ազգի գլխին տակաւին չծագած շատ արշալոյսներ կան: Նաեւ գիտեմ, որ մեր ժպիտները տակաւին աղօթքի հետքեր ալ ունին: Ուստի պայման է, որ մեր պահանջատիրութեան ձայնը լուրջ եւ յարատեւ գործընթացի վերածենք: Փնտռուածը՝ փարիլն է հայապահպանման գաղափարին: Փնտռուածը՝ ամէն մէկ հայ երեխային ու երիտասարդին հայերէն խօսիլ ու խօսեցնելն է: Հայ երգով ու պարով խանդավառելն է: Հայ թատրոնը սիրցնելու ճիգն է: Մշակու-թային մեր ժառանգութիւնը արդի միջոցներով տարածելու գործն է: Ասոնք բոլորն ալ պարտա-.կանութիւններ են, որոնք կ’իյնան բոլորիս ուսերուն վրայ, ըլլանք պարզ հայեր,կամ ազգային բարձր պաշտօններ վարող ղեկավարներ, կրթական մշակներ, հայ գրիչներ, ծնողներ եւ կամ մշակութասէրներ:

Ամէն անգամ եւ ամէն առիթով հպարտօրէն կ’ըսենք, թէ նոր սերունդ մը ունինք, համբուրելի գիտակից եւ օժտուած։ Պահենք զայն հաստատ, ազգային մեր հրապարակին վրայ։ Եւ որովհետեւ պահանջատէր ալ ենք, ուստի այդպէս ալ շարունակենք մեր ճիգը, նոյն ոգիով ալ թրծենք։

Ապրիլ 24:

Այսօր մեր մէջ կը շրջի յիշատակը, պատմութիւնը, անէծքը, ուխտը, աղօթքը, հայհոյանքն ու մաղթանքը՝ հաւասարապէս: Ուստի, ազգային ոչ միայն յանձնառութիւն է պէտք, այլ՝ Ցեղաս-պանութեան բարձրացուցած քաղաքական արձագանգներու ճանաչումը առաւել եւս միջազ-գայնացնելն է հարկաւոր:

Գալիք օրերուն համար, ապահովաբար ամէն բան կախեալ է մեզմէ, մեր հաւատքէն ու մանաւանդ գործելու եղանակէն եւ Սփիւռք-Հայաստան հայոց ցեղասպանութեան յատուկ բարձրացած քաղաքական արձագանգներէն:

Ու ամէնէն կարեւորը՝ Սփիւռքներու հրապարակներուն վրայ, պայման է վառ պահենք ազգային պահանջատիրութեան բոցն ու կրակը, որպէսզի վաղը մեծցող նոր սերունդը չմսի:

Այս բոլորը՝ որովհետեւ մենք իսկապէս պահանջատէր ազգ ենք: Անկասկա՛ծ եւ հաստատապէ՛ս: