Հայերը Ծիծեռնակաբերդ Կու գան. Զուտ Հայկական Պատմութիւն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Փարիզ-Երեւան օդանաւի սրա­հին մէջ կը թեւածէ հա­յե­րէնը իր անոյշ­ բար­­բառ­նե­րով ու խօսուածք­նե­րով. մի­ա­խառն­ուած` կ՝արծես կը խմբերգեն Մար­սէյ­լի, Փա­րի­զի, Լոս Ան­ճե­լը­սի, Հա­լէ­պի, Երեւ­ա­նի, Արցախի հա­յե­րէ­նը… Գիւմ­րե­ցիի առո­գա­նու­թիւն ալ կը զգացուի օդին մէջ: Բոլորս ալ դժուարութեամբ, բայց, այնուամենայնիւ, յաջողած ենք ձեռք բերել ա՛յս իսկ չուերթի տոմսը. յա­ջորդը ամ­սու 25-ին է, իսկ մենք կ՝ու­զենք Ապ­րի­լ 24-ին անպայմա՛ն ըլլալ հայ­րե­նի­քի մէջ:

«… Այո՛, հոգիս, դուն ճիշդ լսած ես, ատիկա իրողութիւն է…»,- իմ իսկ թիկնաթոռի ետեւը կը լսուի մօտ 60-ամեայ տղամարդու մը ձայնը: Սուրիահայ է: Կը խօսի կիսաձայն, բայց այնքան սահուն, կարծես ըսելիքը նախապէս անգիր ըրած է, կարծես կը պատմէ հազարերորդ անգամ: Քանի մը բառ եւս, ու ես` ակամայ ունկնդիրս, կը քարանամ… Լսէ նաեւ դուն զուտ հայկական այս պատմութիւնը:

***

… 1915 թիւ, Սեպտեմբերի վերջ: Արեւախանձ դէմքեր, մարած աչքեր, ար­նածոր ոտքեր… Հայուհիներու նօսրացած քարաւանը Շամշատն ալ անցաւ` փո­շիի մէջ ձգելով հերթական դիակները: Իւղիկի ճակատից հոսող արիւնը չէր կտրուեր, շրթունքը ճերմկած էր: Ան, սակայն, կը քալէր լուռ, վերջին ուժերով կուրծքին սեղմած իր վիրաւոր, ուժասպառ զաւակը:

Օսմանի մտրակը ուժգին շրխկաց: Քարաւանին ուղեկցող ասկեարներուն համար ատիկա դադարի ազդանշան էր. անոնք իրենց ձիերու գլուխները ուղղեցին դէպի մօտակայ  վրանները: Ու մինչ այնտեղէն կը լսուէր անոնց բարձր խօսակցութիւնն ու քրքիջը, արաբ կանայք` ոմանց ձեռքին ջրաման ու լաւաշ յիշեցնող հացի կտորտանք, վախուորած կը մօտենային կիսա­կենդան հայուհիներուն: Իւղիկը նայեցաւ իրեն պարզուած ջուրի գաւաթին, փորձեց ձեռքը երկարել, սակայն աչքերը մթնեցան, ու ինկաւ: Վերջին բառերը, որ լսեց, արաբերէն էին. «Նատիա՛, գոնէ երեխային վերցուր մեռելին վրայէն, մեղք է…»: Յետոյ խուլ աղմուկ բարձրացաւ, զգաց` ինչպէս մէկուն գլուխը ծանրօրէն իջաւ իր թիկունքին, աղօտ տագնապ ապրեցաւ` հօ կողքի ծեր նանը չէ՞ր… Յետոյ ամէն ինչ լռեց…

***

Աստուած, սակայն, ուզած էր, որ Իւղիկը դիակներու կոյտին տակ… ողջ մնայ: Երկու տարի ետք, արդէն Հալէպի մէջ, ան հացթուխի մը կ՝օգնէր ու գացող-եկողէն լուր կը հարցնէր ամուսինին մասին: Երբ եկուորներ չէին ըլլար, կը լռէր օրերով, շաբաթներով: Արդէն գիտէր, որ գիւղի տղամարդոց տարած, իրար կապած` ձորը գլորած էին ու ետեւնէն կրակած` «յամենայն դէպս»: Ահա թէ ինչու երբ օր մը անծանօթ տղամարդը կանգնեցաւ անոր դիմաց ու դողդոջուն ձայնով արտաբերեց` Իւղի՜կ, ան պահ մը  չի հասկցաւ, թէ ով կրնայ ըլլալ ձեռնափայտին յենած ծերունին…

Ասատուրը փրկուած էր հրաշքով. ձախ ոտքէն կը կաղար, մազերը ճեփ-ճերմակ էին…Իւղիկն ու Ասատուրը իրարու գտան 1920-ի աշնան:

 Երբ  երկու տարի անց նորէն տղայ ունեցան, լուռ համաձայնութեամբ մը առաջնեկին անունը չդրին. թէեւ այդ մասին ոչինչ կը խօսէին, բայց եր­կուքն ալ նոյն գաղտնի յոյսը կը փայփայէին` հաւանաբար Աւետիսը փրկուած է, հաւանաբար կ՝ապրի որեւէ տեղ:

 Յետոյ աղջիկ ծնաւ, յետոյ` նորէն տղայ: Մեծցան` ծնողներու հետ անվերջ փնտռելով եղբայրը: Շամշատի շրջակայքը գիւղ չմնաց, որ չմտնէին, դուռ չեղաւ, որ չթակէին, Հալէպով անցնող ճամբորդ չեղաւ, որ հարցուփորձ չընէին… Անթիւ հայ մանուկներ փրկուած էին Միջագետքի արաբներու բարի ձեռքով, սակայն Աւետիսի հետքը չկար ու չկար…

***

1945 թիւ, Դամասկոս: Ալեհեր ծնողներուն դէմ գլուխը խոնարհած, ձեռքերը կուրծքին` կանգնած է անոնց անդրանիկ որդին` 45-ամեայ օրինաւոր իսլամ ու յարգուած վաճառական Սաատը: Քարացած դէմքին մկան չի շարժիր, միայն վերուվար ընող ադամախնձորը կը մատնէ դէպի ներս հոսող այրական արցունքները: Ոչ ոք կը խօսի: Լռութիւնը կարծես դար կը տեւէ…

…Երբ Նատիան անշնչացած մօր վրայէն վերցուցած էր ցնցոտիաւոր փոքրիկը, ձեռքին հացը երկարած էր անոր: Ու փոքրիկը բնազդաբար հպած էր իր փրկարարի կուրծքին: Ամուսինը` Ռամիզը, սկիզբը բարկացած էր, յետոյ հանդարտած. «Հոն ուր հինգը, այնտեղ ալ վեցը»: Փոքրիկին նոր անուն տուած էին` Սաատ, որ արաբերէն կը նշանակէ «բախտաւոր»:

– Ծնողներս կ՝ըսէին, որ ատիկա իմ փրկութեան անունն է, չէ՞ որ մայրս չէր հասցուցած ըսել իմ իսկական անունը:

  Այսպէս եղած է. երբ ան մեծցած է,  Նատիան իր հոգեզաւակին պատ­մած է ողջ ճշ­մար­տու­թիւ­նը: Սաատի պատանի հոգիին մէջ այդ պատմութիւնը այնպէս տպաւորուած է, որ անոր յաճախ թուացած է` իր աչքով  տեսած է անապատը ու կը յի­շէ մօր ճակատի արնածոր վէրքը: Կեան­քը, սակայն, շա­րու­նակուած է… Սա­ատը մեծցած, դարձած է հոգեհօր աջ թեւը, եղբայրներուն հետ աշխատած օր­նի­բուն, կտորեղէնի փոքրիկ կրպակը դարձուցած մեծ խանութ, ամուսնացուցած գե­ղանի քոյրը, պատուով հողին յանձնած արաբ ծնողներն ու ծանր լաց լա­ցած անոնց շիրիմներուն: Հայերէն չէր գիտեր. սորվելու ո՛չ ժամանակ ունեցած է, ո՛չ ալ սիրտ.

– Երբեմն, երբ գործս հայ վաճառականներու մօտ կ՝ինար, ուշադրութիւնս կը լարէի, կը փորձէի հասկնալ, թէ ինչպէս խօսած են իմ հայ ծնողները. Քանի մը բառ գիտեմ միայն… Փա՜ռք ալլահին այս օրուան համար:

Հինգ երեխայ ունէր Աւետիս-Սաատը, երկու կին, որ կողք կողքի լուռու­մունջ կանգնած` ամուս­ինի հետ վայրկեանը մէկ ձեռքերը վեր կը պարզէին` մրմուն­ջով փառաբանելով ալլահը:

***

Այո՛, Սաատը գլ­խու վրայ ըն­դու­նեց իր իս­կա­կան ծնող­նե­րը: Արեւելեան պատուարժանութեամբ, ցաւի ու սիրոյ խառն, անմեկնելի զգացումով: Իսկ յետո՞յ, ի՞նչ պիտի ընէ հիմա ինքը` ծնողներու աննկուն հաւատին ու սիրուն ի պատասխան,  անոնց երեսնամեայ դեգերումներուն դիմաց:

Որոշումը ծնաւ հիւրընկալութեան վերջին օրը: Ծնաւ լուսաբացին, ակն­թարթօրէն, կարծես Աստուծոյ հրամանով: Գիշերը չէր քնացած: Իրենց յատկացուած յարկաբաժինին մէջ մինչեւ լոյս աչք չէին փակած Իւղիկն ու Ասատուրը եւս: Երբ իջան ճաշասրահ, չորս տա­րե­կան որդիին ձեռքը բռնած` կանգնած էր Աւետիս-Սաատը: Խօսեցաւ հանգիստ, անայլայլ. «Իմը ան­ցաւ, գո­նէ այս մէկը թող հայ մե­ծ­նայ…»:

***

«Այո՛, հոգիս, դուն ճիշդ լսած ես, այդ երեխան ես եմ,- տղամարդու ձայնը պահ մը կ՝ընդհատուի: Ան խոր շունչ կ՝առնէ:- Ես մեծցայ շա՜տ երջանիկ` երկու տան ծաղիկ, քոյր-եղբայրներուս, հարազատներուս գուրգուրանքով շրջապատուած… Հօրս վերջին կամքն էր, որ ոտքս Հայաստանի հողին դպչի…»:

Կը խօ­սին ե­տեւ­ի նս­տա­րա­նէն, կը խօ­սին կիսաձայն, աւե­լի ճիշդ` խօսողը մէկն է, միւսը այդ ամ­բողջ ըն­թաց­քին մի­այն յուզախառն բա­ցա­կան­չու­թիւն­ներ կ՝ընէ: Եւ յան­կարծ կը նկա­տեմ` միայն ես չէ, որ քա­ր­ցած եմ. աջէն, ձա­խէն, ե­տեւէն ու առ­ջեւէն մօ­տա­կայ շարքե­րու ու­ղեւ­որ­նե­րը շունչ­ե­րը պա­հած, համ­րա­ցած են, ու­ղեկ­ցոր­դու­հի­ն ար­ձա­նա­ցած է օդանաւի նեղ­լիկ մի­ջանց­քին մէջ… Ովքե՞ր են անոնք, ծագումով ուրկէ՞: Ես, որ մէկն եմ անոնցմէ` հօրմով ջաւախքցի, մօրմով համշենցի ու բնակութեամբ Երեւանցի, չեմ գիտեր, բայց հայեացքներէն կը հասկնամ` հայ են բոլորն ալ:

……………………………………………………………………………………………………..

Սրա­հի առաջ­նա­մա­սին կը շա­րու­նա­կէ բզ­զալ հա­յոց հա­ւա­քա­կան մեղ­ուա­նո­ցը. գիւմ­րե­ցին կա­տակ մը ըրած է, կը թն­դայ հա­յոց հա­ւա­քա­կան ծի­ծա­ղը. Կը ծի­ծա­ղի մար­սէյլ­ցին, կը ծի­ծա­ղին փա­րիզ­ցին ու լոսանճելըսցին, հա­լէպ­ցին, արցախցին, երեւ­ան­ցին… Իսկ մեր շարքերուն մէջ քար լռու­թիւն է` այն­քան ու­ժեղ, որ անոր «աղ­մու­կէն» կ­րնաս խուլնալ…

… 21 Ապ­րի­լ, 21-րդ դար: «Փա­րիզ­-Ե­րեւ­ան» օդանաւը Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ կը բերէ մեզի` հա­յե­րս:

ՀՀ ժուռնալիստներու մութեան անդամ ՝

Զար­միկ Սարգս­եան

Փարիզ-Երեւան

21 Ապ­րի­լի 2005 թուա­կան: