Բակօ Սահակեան Արցախի Մէջ Արտակարգ Իրավիճակ Յայտարարեց Մինչեւ Մայիս 12, Սակայն Ընտրութիւնները Պիտի Կայանան

Հայաստան

Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեան Ապրիլ 12-ին հրամանագիր ստորագրեց երկրին մէջ արտակարգ իրավիճակ յայտարարելու վերաբերեալ: Ան պիտի տեւէ մինչեւ Մայիս 12: Այս կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի մամլոյ վարչութիւնը: Ըստ հրամանագիրին` վերջերս վարակի արձանագրուած դէպքերը անհրաժեշտութիւն յառաջացուցած են նոր լրացուցիչ քայլերու ձեռնարկելու եւ միջոցառումներ իրականցնելու, ներառեալ` Ապրիլ 14-ին նախագահական ընտրութիւններու (երկրորդ փուլի- խմբ.) իրականացման ժամանակ:

Նշենք, որ Ապրիլ 14-ին տեղի պիտի ունենայ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը, որուն կը մասնակցին առաջին փուլին, որ տեղի ունեցաւ Մարտ 31-ին, ամենէն շատ ձայներ հաւաքած առաջին երկու թեկնածուները՝ Արայիկ Յովհաննիսեանը եւ Մայիս Մայիեանը։