Իսրայէլի Նախագահը Զատիկի Տօնին Առիթով Շնորհաւորած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը

Աշխարհ, Սփիւռք

Իսրայէլական կողմի նախաձեռնութեամբ` Իսրայէլի նախագահ Ռէոււէն Ռիւլին հեռախօսազրոյց ունեցած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանի հետ եւ շնորհաւորած Սուրբ Յարութեան տօնը: Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է Երուսաղէմի հայոց  պատրիարքարանի դիւանապետ Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեան:

«Ապրիլ 13-ին, իսրայէլական կողմի նախաձեռնութեամբ` հեռախօսազրուց տեղի ունեցաւ Իսրայէլի մեծարգոյ նախագահ, պարոն Ռէոււէն Ռիւլինի եւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի միջեւ: Հեռախօսազրոյցի ընթացքին պարոն Ռիւլին շնորհաւորեց Պատրիարք Սրբազանը՝ Զատիկի տօնին առիթով եւ նաեւ քննարկեց Իրաւատէր երեք համայնքներու կողմէ իրեն ուղղուած Սուրբ Յարութեան տաճարը բանալու եւ Աւագ Շաբաթուան արարողութիւններուն վերաբերող հարցեր»,– գրած է Պաղտասարեան: