Կառավարութիւնը Որոշեց Արտակարգ Դրութիւնը Երկարաձգել Եւս Մէկ Ամիս

Հայաստան

ՀՀ կառավարութիւնը այսօրուան արտահերթ նիստի ընթացքին հաւանութիւն տուաւ հանրապետութեան տարածքին արտակարգ դրութիւնը Ապրիլ 14-էն ժամը 17:00-էն մինչեւ Մայիս 14-ը ժամը 17:00-ն երկարաձգելու մասին հարցը:

ՀՀ արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանը յայտնեց, որ որոշէն դուրս կը մնան լրատուամիջոցներու նկատմամբ կիրառուած սահմանափակումները, որոնք կ՛առնչուէին համաճարակի վերաբերեալ տեղեկութիւններ տարածելուն:

Ապրիլ 13-էն կ՛արտօնուին նաեւ տնտեսական գործունէութեան որոշ տեսակներ․

Մասնաւորապէս, կը թոյլատրուի`

մշակող արդիւնաբերութեան հատուածին` ծխախոտային արտադրատեսակներու արտադրութիւնը, սիմենթի, կիրի, գաճի արտադրութիւնը, մետաղէ շինարարութեան եւ անոր մասերու արտադրութիւնը, շինարարութեան հատուածը գրեթէ ամբողջութեամբ, բացի` շինարարութեան աւարտական փուլի աշխատանքներէն, մասնագիտական, գիտական եւ արհեստագիտական գործունէութեան հատուածին մէջ` ճարտարագիտական գործունէութիւնը եւ անոր հետ կապուած արհեստագիտական խորհրդատւութիւնները:

Բացի այդ, միայն Ապրիլ 14-ին ժամը 00:01-էն մինչեւ 23:59-ը կը թոյլատրուի մարդոց տեղաշարժը մշտական բնակութեան կամ իրենց նախընտրութեամբ պարտադիր ինքնամեկուսացման վայր մեկնելու կամ վերադառնալու նպատակով:

ՀՀ կառավարութիւնը այսօրուան արտահերթ նիստի ընթացքին հաւանութիւն տուաւ հանրապետութեան տարածքին արտակարգ դրութիւնը Ապրիլ 14-էն ժամը 17:00-էն մինչեւ Մայիս 14-ը ժամը 17:00-ն երկարաձգելու մասին հարցը:

ՀՀ արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանը յայտնեց, որ որոշէն դուրս կը մնան լրատուամիջոցներու նկատմամբ կիրառուած սահմանափակումները, որոնք կ՛առնչուէին համաճարակի վերաբերեալ տեղեկութիւններ տարածելուն:

Սահմանադրութեան համաձայն, Ազգային Ժողովը յատուկ նիստով պէտք է հաւանութիւն տայ տուեալ որոշումին։