Անյաղթահարելի Պայմաններ Եւ Իրաւական Ելքեր

Uncategorized

Շ.Գ.

Արցախի մէջ պսակաձեւ ժահրի առաջին վարակակիրի հաստատման լուրը անմիջապէս մտածել կու տայ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլի կայացման կամ չկայացման հաւանականութիւններուն մասին: Բնականաբար, մինչեւ նոր նախագահի ընտրութիւնը, պետութեան գլուխի լիազօրութիւնները կը շարունակէ վարել պաշտօնավարման շրջանը աւարտող գործող նախագահը:

Այստեղ կայ անշուշտ սուր հարց, այն առումով, որ պսակաձեւ ժահրին  պատճառով  երկրորդ փուլի հետաձգումը կամ առկախումը կրնայ թուականի անորոշութեան տանիլ ընդհանրապէս ընտրութեան կայացումը:

Պարզ է, որ գործող նախագահը վճռած էր իր պաշտօնավարման ժամկէտի աւարտին իր լիազօրութիւնները փոխանցել նորընտիր նախագահին: Նոր Սահմանադրութիւնը կ’արտօնէր իր վերընտրութիւնը կամ վերստին թեկնածութիւնը առաջադրելը: Նախապէս յայտարարուածին համաձայն,  Արցախի նախագահը կառչած մնաց իր կատարած հրապարակային յանձնառութեան:

Այս վճռականութիւնն է թերեւս, որ ազդեց նաեւ ընտրութիւններու առաջին փուլը եւս չյետաձգելու պետութեան որոշումին վրայ: Այլապէս կար հիմնաւորեալ մտահոգութիւնը, պսակաձեւ ժահրի կանխարգիլման ընդհանուր քաղաքականութեան մէջ յետաձգելու թէ՛ նախագահական եւ թէ՛ համապետական ընտրութիւնները:

Շրջանաւարտ նախագահը չէր ուզեր սահմանադրականօրէն ճշդուած ժամկէտէն աւելի շարունակել պահել իր լիազօրութիւնները. միւս կողմէ,  կային նաեւ անյաղթահարելի պայմաններ, ժողովուրդի առողջութիւնը վտանգող հաւանականութիւն, համախումբ երեւոյթներով` ընտրատեղամասեր խճողելու:

Արցախի Սահմանադրութեան 99-րդ յօդուածը հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւններու դադրեցման կէտին մէջ կը խօսի նաեւ լիազօրութիւններու կատարման համար այլ անյաղթահարելի խոչընդոտներու առկայութեան դէպքերու մասին` իբրեւ հիմնաւորումներէն մէկը այդ գործընթացին: Բնականաբար Սահմանադրութիւնը նման իրավիճակներու պարագային ճշդած է նաեւ լիազօրութիւնները կատարող համապատասխան օղակը:

Այսպէսգ Սահմանադրութեան 100-րդ յօդուածը կ’արձանագրէ.

Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը թափուր մնալու դէպքում մինչեւ նորընտիր նախագահի կողմից պաշտօնի ստանձնումը հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւններն իրականացնում է Ազգային ժողովի նախագահը: Ազգային ժողովի նախագահի կողմից հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւններն իրականացնելիս Ազգային ժողովի նախագահի լիազօրութիւններն իրականացնում է Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալը:

Իրաւական ելքի այս տարբերակը անշուշտ կը պահանջէ սահմանադրագիտական հաստատում: Սահմանադրագէտները կրնան իրաւական բացատրութիւն տալ, թէ 99-րդ եւ 100-րդ յօդուածները կրնա՞ն իրաւական ելք ցոյց տալ անյաղթահարելի պայմաններու մէջ յայտնուած կառավարման հիմնարկներուն:

Երկրորդ առաւելագոյն քուէ ապահոված թեկնածուն կոչ ըրած է իրեն աջակցողներուն համավարակի պայմանններոն մէջ  չմասնակցելու երկրորդ փուլի ընտրութիւններուն: Կը թուի, որ այստեղ եւս կայ մօտեցում Սահմանադրութիւնը յարգելու: Թեկնածութիւնը չէ, որ յետս կը կոչուի, այլ կոչ կ’ըլլայ չմասնակցելու: Սահմանադրութիւնը չէ նախատեսած թեկնածութիւն յետս կոչելու որոշման պարագային ընտրութեան իրաւակարգը:

Այս պայմաններուն մէջ եթէ իրաւական հիմք ունի 99-րդ եւ 100-րդ յօդուածներու  համապատասխան բաժիններու կիրարկումը, Ազգային ժողովի նախագահը կը ստանձնէ նախագահի լիազօրութիւնները, մինչեւ ընտրութեան երկրորդ փուլի կայացման նոր թուականը, կամ անյաղթահարելի պայմաններու վերացումը: Եւ կամ` կը կայանայ այժմ պատկերացուող տարբերակը: Մասնակցութեան համեմատաբար քիչ թիւերով կ’ընտրուի առաւելագոյն քուէ ապահոված թեկնածուն: