«Քորոնա» Ժահրի Այլ Պատուաստի Մը Մարդոց Վրայ Փորձարկումները Սկսան

Աշխարհ

 Ինչպէս օրին հաղորդած էինք, որ «Covid-19» տեսակի «Քորոնա» ժահրին տարածումը զսպել յուսալով, Մեսեչուսեց հաստատուած
Moderna Therapeutics ընկերութիւնը, որ շատ կարճ ժամանակի մէջ (42 օր) հնարած էր պատուաստ մը, օգտագործելով ծինային արդիական միջոցներ, Մարտի կիսուն սկսած էր մարդոց վրայ փորձարկումներու, համագործակցելով Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային իշխանութիւններուն հետ:

«Մոտերնա» ընկերութեան համահիմնադիրը եւ տնօրէնը ամերիկահայ Նուպար Աֆէյեանն է:

7 Ապրիլին հաղորդուեցաւ, որ այլ ընկերութեան մը՝
Inovio ընկերութեան հնարած պատուաստին  փորձարկումները եւս սկսած են կատարուիլ մարդոց վրայ, Փենսիլվանիոյ համալսարանին մէջ։

«Կէյց» բարեսիրական հիմնարկութիւնը Inovio -ի գլխաւոր հովանաւորներէն մէկն է։ Այս մասին մը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը։