Չինաստանի Նախագահը Համաճարակին Դէմ Պայքարին Մէջ Հայաստանին Աջակցելու Պատրաստակամութիւն Յայտնած է

Աշխարհ, Հայաստան

Վերջերս, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան նամակ մը յղած էր Չինաստան նախագահին, որուն մէջ բարձր գնահատած էր «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարին մէջ Չինաստանի արձանագրած  յառաջընթացը:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ նախագահ Ծի Ճինփինկ պատասխան նամակով մը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սարգսեանին եւ համաճարակին դէմ պայքարին մէջ Հայաստանին աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած:

«Չինաստանի կառավարութեան եւ Չինաստանի ժողովուրդին կողմէ անկեղծ աջակցութիւնս ու համերաշխութիւնս կը յայտնեմ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ու Հայաստանի ժողովուրդին, բոլոր հիւանդներուն կը մաղթեմ շուտափոյթ ապաքինում:

«Չինական կողմը վճռականօրէն կը պաշտպանէ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին մէջ Հայաստանի ջանքերը եւ պատրաստ է յետագային աջակցութիւն ցուցաբերելու: Չինաստան եւ Հայաստան բարեկամական գործընկերութիւն եւ համագործակցութիւն ունեցող երկիրներ են: Յատուկ ուշադրութիւն յատկացնելով երկու երկիրներուն յարաբերութիւններու զարգացման` պատրաստ եմ ձեզի հետ ջանքեր գործադրելու մեր երկու երկիրներուն առողջապահական ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան ամրապնդման համար` միասին պաշտպանելով մեր երկիրներու  ժողովուրդներուն կեանքը եւ առողջութիւնը», կ՛ըսուի Ցի Ճինփինկի` նախագահ Արմէն Սարգսեանին ուղղուած նամակին մէջ:

Նախագահ Սարգսեան մտադիր է յետագային շարունակել քննարկումները եւ երկխօսութիւնը Չինաստանի նախագահին հետ: