Նշմար.- Յարգա՛նք Բուժողներուն, Բայց…

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. Մահսէրէճեան

Հիմա՝ երբ աշխարհը սկսաւ սորվիլ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է համակեցութեան ձեւեր գտնել Պսակաձեւ ժահրին հետ եւ փորձել յաղթահարել զայն, կ’արժէ մեր աչքերը տարածել կիզակէտէն քիչ մը անդին եւ յայտարարել, որ պէտք է յարգանք մատուցել առողջապահութեան մարզին մէջ գործող բոլոր անհատներուն, որոնք առաջին ճակատին վրայ կը պայքարին ամէն տեղ հասնելու կարող՝ անտեսանելի պատուհասին դէմ: Անոնք կը կոչուին բժիշկներ, վարակաբաններ, հիւանդապահներ, բուժակներ, դարմանատուներու մէջ ծառայողներ. բոլորի՛ն, բոլորի՛ն:

Սպանացիք եւ իտալացիք Մարտ 30-ին յարգանքի տուրք մատուցեցին Պսակաձեւ ժահրի զոհերուն: Շա՛տ լաւ զգացում, սակայն առյաւէտ հեռացողներուն չափ, ու անոնցմէ աւելի՝ ճակատումը շարունակողներն են յարգանքի արժանի, ո՛ւր որ ալ ըլլայ անոնց պայքարի դաշտը, Չինաստանէն մինչեւ Աւստրալիա, Կովկաս, Եւրոպա եւ ովկիանոսներէն այն կողմ: Ճիշդ է. այս «դասակարգ»ի մարդոցմէ հազարաւորներ իրենց կեանքով վճարեցին մարդկային կեանքեր փրկելու, վարակուածներ դարմանելու իրենց ճակատամարտին համար: Առաջին զոհերէն էր չինացի այն բժիշկը, որ յայտնաբերած էր այս վարակը, ահազանգ հնչեցուցած էր օրին, սակայն բժշկութեան հետ աղերս չունեցող հազար հաշիւով՝ ան լռութեան մատնուած էր, մինչեւ իսկ՝ հալածանքի ենթակայ դարձած: Ան եղաւ կեանքով վճարողներու առաջիններէն:

Յարգանք մանաւանդ այն մասնագէտներուն, որոնք ահաւասիկ Յունուարէն ի վեր ահազանգ ահազանգի ետեւէ կը հնչեցնեն, պետական մարդոց ու հասարակ մահկանացուներուս յայտնելու՝ թէ սա խաղ ու քաղաքական հաշիւներ չճանչցող պատուհաս մըն է: Անոնք պահանջեցին ու կը շարունակեն պահանջել, որ նախ եւ առաջ, մարդիկ գիտակցութիւն եւ տրամաբանութիւն գործածեն՝ ՉՎԱՐԱԿՈՒԵԼՈՒ եւ  ՉՎԱՐԱԿԵԼՈՒ համար, նոյն ատեն, առաջնահերթութիւն տրուի վարակը զսպելու միջոցներուն, շարժիլ արագ, հիւանդանոցներ եւ զանգուածները օժտել սարքերով ու դիմակներով, հականեխիչներով, որոնց սակաւութեան պատճառները այլապէս քննարկելի հարց են, սակայն պէտք չէ դանդաղիլ անոնց վրայ, այլ գործել, ու գործել ճիշդ ուղղութեամբ, հեռու՝ նեխած շառլաթանութենէ (ներողութիւն այս օտարաբանութեան համար, սակայն բաւական հնչեղ է…):

Յարգա՛նք զոհաբերողներուն: Սակայն ո՛չ մէկ յարգանք պետական ու քաղաքական այն մարդոց, որոնք ահաւոր կերպով թերացան իրենց պարտականութեան մէջ, իրենց ականջները փակեցին եւ կը շարունակեն կէս բանալ ահազանգերուն դիմաց, հիւանդանոցներուն եւ զանգուածներուն կարիքները հոգալու կոչերուն դիմաց:

…Ամիսներ շարունակ, Միացեալ Նահանգներու քաղաքական բեմը փոթորկեցաւ Ուքրանիոյ նախագահին հետ նախագահ Թրամփի հեռաձայնային ծանօթ «սակարկութեան» պատճառով: Դրօշակներ պարզուեցան, քուէի դրուեցան զայն ամբաստանեալի աթոռին նստեցնելու բանաձեւեր: Քուէարկութիւնը տեղ մը յաջողեցաւ, ուրիշ տեղ ձախողեցաւ: Եւ ահա, այդ տագնապէն շատ աւելի ահաւոր հետեւանքներով փոթորիկ մը կը հարուածէ Միացեալ Նահանգներն ու անոր նման «հզօր երկիրներ», եւ սակայն, պետական առաջնակարգ դէմքերու անտարբերութեան- թերացումներուն եւ դանդաղկոտութեան դիմաց ո՛չ մէկ գործնական շարժում:

Սակայն աշխարհը բոլորովին անյոյս չէ: Տեղ մը՝ որ կը կոչուի Քոսովօ, մարդիկ աւելի՛ զգօն եղան, քան այլուր: Վարչապետ Ալպին Քուրթի կորսնցուց վստահութեան քուէն եւ անոր կառավարութիւնը տապալեցաւ: Պատճա՞ռը: Ան պաշտօնանկ ըրած էր ներքին գործոց նախարարը, որ զինք քննադատած էր՝ Պսակաձեւ ժահրին դէմ անհրաժեշտ եւ շտապ միջոցներ ձեռք առած չըլլալուն համար: Վստահութեան քուէն քաշողները, ընդդիմադիրներէն առաջ, Քուրթիի կառավարական դաշնակիցներն էին…: Սպասենք, որ այլ տեղեր ալ իշխանութիւններ սասանին նոյն պատճաով:

Պսակաձեւ ժահրը քաղաքական հակաճառութիւններու դո՞ւռ բացած է: Այո՛, եւ դժբախտաբար: Անիկա նաեւ լայն ասպարէզ բացած է քաղաքական մարդոց ետին կանգնողներուն, որոնք սակարաններու եւ տնտեսական աշխարհին մէջ փութացին չարաշահելու կացութիւնը, եւ չեղաւ որեւէ պետական մեքենայ, որ անոնց «ձեռքը բռնէր», սանձէր շահամոլութիւնը: Վաղը, երբ այս փոթովիկին փոշին նստի, մարդիկ աւելի բաց աչքերով պիտի տեսնեն իրականութիւնները եւ պիտի մնան… անկարողութեան մատնուած:

Ուրեմն, դարձեալ յայտարարենք. յարգա՛նք բոլոր բուժողներուն, դարմանողներուն, սակայն ո՛չ մէկ յարգանք ապիկարներուն ու չարաշահողներուն: