Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը Գումար Նուիրաբերած Է Էրտողանի Նախաձեռնած Դրամահաւաքին

Աշխարհ, Սփիւռք

Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան միացած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարած դրամահաւաքին։ Վերջինս «Ի՛մ Թուրքիա. մենք մեզի բաւարար ենք» կարգախօսով արշաւ մը սկսած է։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով superhaber.tv-ն։

Պատրիարք Մաշալեան եւ շարք մը հայ հոգեւորականներ, միանալով այդ արշաւին, 100,000 թրքական լիրա (752,000 դրամ) նուիրաբերած են։ Անոնք իրենց աշխատավարձերը փոխանցած են դրամահաւաքի հաշուեհամարին։

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը՝ հեռուստակապով իրականացած կառավարութեան նիստէն ետք՝ յայտարարած էր «Ազգային համերաշխութեան արշաւ» անուանումով դրամահաւաք սկսելու մասին:

Ըստ Թուրքիոյ նախագահին՝ «Ի՛մ Թուրքիա. մենք մեզի բաւարար ենք» կարգախօսով արշաւին նպատակը պետութեան կազմակերպած դրամահաւաքին իբրեւ արդիւնք գոյանալիք գումարով «քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի ընթացքին երկրի նուազ եկամուտ ունեցող բնակիչներուն լրացուցիչ օգնութիւն ցոյց տալն է: Ընտանիքի, աշխատանքի ու հասարակական ծառայութիւններու նախարարութիւնը այդ նպատակով արդէն յատուկ հաշուեհամար բացած է:

Էրտողանը նշած էր, որ դրամահաւաքի առաջին նուիրատուն անձամբ ինքը պիտի ըլլայ եւ իր 7 ամսուան աշխատավարձը փոխանցած էր հաշուեհամարին: Ան կոչ ըրած էր կառավարութեան բոլոր անդամներուն, իր գլխաւորած «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (AKP-ԱԶԿ) նահանգային կառոյցներուն, խորհրդարանի պատգամաւորներուն, քաղաքապետարաններուն, ինչպէս նաեւ խոշոր գործարարներուն ու բարերարներուն, մասնակցելու դրամահաւաքին: