Գեղարքունիքի Մարզի Բուժհաստատութիւններուն Մէջ Մարտ Ամսուն 103 Նորածին Արձանագրուած է

Այլեւայլ, Հայաստան

Գեղարքունիքի մարզի ծննդօգնութիւն իրականացնող բուժհաստատութիւններուն մէջ, Մարտ ամսուն ծնած է 103 երեխայ՝ 57 տղայ եւ 46 աղջիկ:

Վկայակոչելով Գեղարքունիքի մարզպետարանի առողջապահութեան եւ հասարակական ապահովութեան վարչութեան տեղեկութիւնները՝ Armenpress.am-ը կը հաղորդէ, թէ 43 երեխայ ծնած է Մարտունիի ծննդատան մէջ, 27 երեխայ՝ Սեւանի, 18 երեխայ՝ Գաւառի բժշկական կեդրոններուն մէջ, 15 երեխայ՝ Վարդենիսի հիւանդանոցին:

Վերջին տարիներուն ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով, ծնունդ չէ արձանագրուած Ճամբարակի առողջութեան կեդրոնին մէջ: