Արմէն Սարգսեան Յարգանքի Տուրք Մատուցած է Ապրիլեան Պատերազմի Զոհերու Յիշատակին (լուսանկարներ)

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, այսօր, այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

Նախագահին ուղեկցած են հայկական բանակի նախկին ժամկէտային զինծառայողներ՝ Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի աշխատակիցներ Գոռ Դարմանեանը եւ Լիպարիտ Մելքոնեանը, ինչպէս նաեւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան աշխատակից Արկադի Անդրէասեանը: Զինուած ուժերուն մէջ իրենց ծառայութեան ընթացքին անոնք ուշադրութիւն գրաւած են իրենց մարտական բարձր պատրաստականութեամբ եւ նուիրուածութեամբ, վիրաւորուած մարտական գործողութիւններու ժամանակ: Անոնք աշխատանքի ընդունուած են «Հայրենիքի պաշտպան» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս, որուն նպատակն է օժանդակել զինուորական ծառայութեան ընթացքին հաշմանդամութիւն ստացած զինծառայողներուն, անոնց ապահովել աշխատանքով:

Նախագահ Սարգսեան եւ անոր ուղեկցող հայրենիքի պաշտպանները ծաղիկներ դրած են 2016թ. Ապրիլեան ռազմական գործողութիւններու ժամանակ իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներու շիրիմներուն եւ յարգանքի տուրք մատուցած անոնց յիշատակին։