Միջինք. Ինքնամաքրման Ճանապարհի Կէսը

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Միջինքը կը յիշեցնէ, որ Մեծ պահքը հասած է իր կէսին: Միջինքին Մեծ պահքը չի ընդհատուիր, պահեցողները կը շարունակեն պահք պահել: Այդ օրը կ՝անդրադառնանք, որ մինչ Յիսուսի հրաշափառ Յարութիւնը՝ Սուրբ Զատիկը, մնացած է քսանչորս օր, եւ որ տակաւին խոկումի, ինքնաքննութեան, զղջումի ու ապաշխարութեան օրեր են: Մինչ Յարութեան տօնի ուրախութիւնը, պահեցողութեան օրերը հնարաւորութիւն կու տան իւրաքանչիւրին անդրադառնալու սեփական կեանքին, ներելու, խնդիրները հարթելու եւ բարեգործութիւն ընելու:

Միջինքին եկեղեցական արարողութիւնները այնքան ալ հարուստ չեն: Միայն այդ օրէն սկսեալ` Խաղաղական ժամերգութեան ընթացքին կը սկսին երգուիլ «Ստեղի»՝ ծանր, հանդիսաւոր ձայնեղանակով շարականներու հատուածներ:

Միջինքի ժողովրդական սովորութիւնները

Ժողովրդական աւանդութեան համաձայն՝ Միջինքի օրը ընտանիքներու մէջ հայ տանտիկինները բաղարջով պահոց գաթա կը պատրաստեն, որուն մէջ մետաղադրամ, հլուն, փոքրիկ թղթիկներու վրայ գրուած սաղմոսներ կամ փայտեայ խաչ կը դնեն եւ կը բաժնեն տան բոլոր անդամներուն. բաժին կը հանուի նաեւ անասուններուն, հողին: Որուն բաժին կը հասնի մետաղադրամը, հլունը կամ փայտեայ խաչը, անոր յաջողութիւն կը սպասուի ողջ տարուան ընթացքին, իսկ եթէ դանակը կը դպչի մետաղադրամին, կը նշանակէ յաջողութիւնը ամբողջ ընտանիքին համար է: Հայաստանի որոշ շրջաններու մէջ, Միջինքի նախորդ օրը, եկեղեցիներուն մէջ թասի մէջ կը լեցնեն ջուր եւ ձէթ, որուն մէջ մինչեւ առաւօտ կը վառի խաչաձեւ պատրոյգ: Ատիկա կը կոչուի «լիճք»: Առաւօտեան զայն հաւասարաչափ կը բաժնեն բոլոր ներկաներուն, որոնք ալ այդ ջուրը խմորի հետ խառնելով, կը պատրաստեն Միջինքի բաղարջը:

Միջինքի կարկանդակը յայտնի է նաեւ միջունք (Վաղարշապատ, Թալին), միջնաբաղջ (Վայոց Ձորի բնիկներ), կլօճ (Վայոց Ձորի գաղթականներ), պալից եւ չորուկ (Նոր Նախիջեւան), յարեգիլ (Մուշ-Տարօն), միջնակ լոճ (Սուրմալու), միջնապլիթ (Արճակ), մաջինք (Մեղրի), կուտապ (Երեւան) եւ այլ անուններով:

Միջինքին որոշ շրջաններու մէջ կը թխէին կուտապ: Կուտապ պատրաստելու համար ալիւրը կը շաղէին ձէթով, խմորի գունդերը գրտնակով կը տափակցնէին եւ իւրաքանչիւր գունդի մէջ կը դնէին խաշած լուբիա, սիսեռ, բակլայ, սոխ կամ այլ բանջարեղէն, ապա զայն կը ծալլէին բոլորակաձեւ կամ ձուաձեւ եւ կը թխէին թոնիրի մէջ: Երբ կուտապը պատրաստ էր, հարսերն ու աղջիկները իրենց բաժինները կը վերցնէին եւ հարեւան ընկերուհիներու հետ կ՝երթային կանաչապատ որեւէ յարմար տեղ: Այդ օրը հարսներն ու աղջիկները ազատ էին, ոչ մէկ տարիքոտ կին չէր ընկերանար իրենց: Իրենց ընկերուհիներուն կը պատմէին իրենց ցաւերը կամ նոր կեանքի լաւ ու վատ կողմերը: Ապա շուրջպար կը բռնէին, իսկ աւարտին կ՝ուտէին իրենց կուտապը:

Միջինքին բաղարջ չէին պատրաստեր այն ընտանիքներուն մէջ, ուր եղած էին նոր մահացութեան դէպքեր: Մուշի եւ Տարօնի մէջ, բարեկամ կանայք յարեգիլ-բաղարջ կը պատրաստէին եւ Միջինքի երեկոյեան կը մատուցէին սգաւոր ազգականներուն:

Նոր Նախիջեւանի մէջ Միջինքին կը կտրէին հերթական շաբաթը խորհրդանշող փետուրին միայն կէսը՝ ցոյց տալու, թէ պահքը արդէն կիսուած է: Մուսալեռցիներու մօտ անիկա յայտնի էր Աղցուց կիս (Մեծ պահքի՝ աղ ու հացի կէս) անունով: Միջինքը այստեղ նշանաւոր էր իր նուիրական ուտեստով՝ աղցուց կլուրով (աղուհացի քիւֆթայով):

Սիսիանի մէջ, Միջինքին, նշանուած երիտասարդի տունէն հարսնցուի տուն յատուկ նուէր (խոնչայ) կ՝ուղարկէին, որուն տեսականին ձէթով պատրաստուած գաթաներ էին, կուլայ մը գինի եւ շիշ մը օղի: Օղի տանելու սովորոյթը այնքան մեծ տարածում ունէր, որ Տէրսիմի մէջ Մեծ պահքի առաջին Երկուշաբթին կը կոչուէր «Օխտը րախիի օր»:

Կազմեց Կարինէ Սուգիկեան

Surbzoravor.am