«Նորք» Վարակաբանական Հիւանդանոցի Կողքը Շինարարութիւն Կ’ընթանայ. Կ՝աւելնան Նոր Սենեակներ

Այլեւայլ, Հայաստան

Երեւանի «Նորք» վարակաբանական հիւանդանոցին մէջ լայն թափով կ՝ընթանայ  ընդունարանի շինարարութիւնը։

ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան, Facebook-ի իր էջին վրայ նշած է, որ 3-4 օրուան մէջ հիւանդանոցը պիտի ունենայ 40 նոր սենեակ։

Նշենք, որ Հայաստանի մէջ «քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերուն թիւը հասած է 78-ի: