Ցեղասպանութիւններուն Նուիրուած Բովանդակալից ու Ազդեցիկ Հրապարակային Ելոյթ Փիրէայի «Jeanne D՚Arc» Կրթարանէն Ներս

Աշխարհ, Սփիւռք

Պոն­տո­սի յոյ­նե­րու եւ հա­յե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան յու­շին նո­ւի­րո­ւած էր «­Յոյն եւ հայ ժո­ղո­վուրդ­ներ. Եր­կու դա­րա­ւոր մշա­կոյթ­ներ» նիւ­թով հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյ­թը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Փի­րէա­յի յոյն-ֆրան­սա­կան «Jeanne D՚Arc» կրթա­րա­նէն ներս, ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 19 ­Փետ­րո­ւար 2020-ի ե­րե­կո­յեան։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատ օր»-ը։

­Հա­մախմ­բո­ւած հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուր­դը, ա­շա­կեր­տու­թիւն եւ ծնող­ներ, ա­ռի­թը ու­նե­ցան հե­տե­ւե­լու բո­վան­դա­կա­լից ու ազ­դե­ցիկ ե­լոյթ­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ ճոխ գե­ղա­րուես­տա­կան յայ­տագ­րի, նո­ւի­րո­ւած՝ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մշա­կոյ­թին։
­Ներ­կայ էին ­Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան փոխ դես­պան եւ լիա­զօր նա­խա­րար տի­կին ­Յաս­միկ ­Դաշ­տո­յեան, ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, Հ.Յ.Դ. ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի եւ «­Հա­մազ­գա­յին»ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Բա­ցու­մը կա­տա­րեց կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան տնօ­րէ­նու­հի տի­կին Ա­կե­լի­քի ­Վո­քու եւ կարճ պատ­մա­կա­նը ը­րաւ 160 տա­րի հա­շո­ւող յոյն-ֆրան­սա­կան «Jeanne D՚Arc» հաս­տա­տու­թեան, որ պատ­մու­թեան դժո­ւար պա­հե­րու վկան հան­դի­սա­ցած է ­Փի­րէա­յի մէջ։ Ան խո­րա­պէս գնա­հա­տեց նման հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռիթ­նե­րը, դի­տել տա­լով թէ դաս­տիա­րակ­նե­րու պար­տա­կա­նու­թիւնն ու ա­ռա­քե­լու­թիւնն է, ա­շա­կեր­տա­կան նոր սե­րունդ­նե­րուն՝ ան­ցեա­լի պատ­մա­կան փաս­տե­րու մա­սին խօ­սիլ, զա­նոնք դաս­տիա­րա­կե­լով  ար­դա­րու­թեան հե­տա­մուտ մնալ, ի­րենց կեան­քին ըն­թաց­քին։
Տ­նօ­րէ­նու­հին ող­ջու­նեց ու­սուց­չու­հի­ներ տի­կին ­Տի­րու­հի Աշ­րեա­նի եւ տի­կին ­Փա­րաս­քե­ւի ­Վի­լաի նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, ո­րոնք յղա­ցումն ու գոր­ծադ­րու­մը ու­նե­ցած էին այս կա­րե­ւոր ձեռ­նար­կին։

Հ.Յ.Դ. ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Ս­թաւ­րոս Ա­պա­րեան, ող­ջոյ­նի իր խօս­քին մէջ մատ­նան­շեց ­Թուր­քիոյ շա­րու­նա­կո­ւող քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դրսե­ւո­րում­նե­րը, եւ հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն կող­մէ պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը հաս­տա­տե­լու շա­րու­նա­կո­ւող փոր­ձե­րը։ Ան ող­ջու­նեց պատ­մա­կան յու­շը նոր սե­րունդ­նե­րուն մօտ կեն­դա­նի պա­հե­լու եւ ար­դա­րու­թեան սկզբունք­նե­րուն հան­դէպ կառ­չած մնա­լու նպա­տա­կին ծա­ռա­յող նմա­նօ­րի­նակ ա­ռիթ­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը։

Յա­ջոր­դա­բար տի­կին ­Տի­րու­հի Աշ­րեան ներ­կա­յա­ցուց վար­ժա­րա­նին կող­մէ առ­նո­ւած տո­ւեալ նա­խա­ձեռ­նու­թեան նպա­տա­կը, շնոր­հա­կա­լու­թեան խօսք ուղ­ղե­լով բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն, ա­պա հա­կիրճ ներ­կա­յա­ցու­մը կա­տա­րեց օ­րո­ւայ բա­նա­խօս՝ ըն­կե­րա­յին գի­տու­թեանց փրոֆ. ­Թէո­ֆա­նիս ­Մալ­քի­տի­սի կեն­սագ­րա­կան ու աշ­խա­տան­քա­յին գի­ծե­րուն։

Յոյ­նե­րու եւ ­Հա­յե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րուն նո­ւի­րո­ւած բա­ժի­նով իր խօս­քը սկսաւ բա­նա­խօ­սը, որ իր յան­դուգն ու խի­զախ ե­լոյ­թով գրա­ւեց ներ­կա­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւ­նը։

Փ­րոֆ. ­Մալ­քի­տիս, դրո­ւա­տեց ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րու եւ ընդ­հան­րա­պէս հա­յու­թեան տա­րած պա­հան­ջա­տի­րա­կան աշ­խա­տան­քը հա­մազ­գա­յին տա­րո­ղու­թեամբ, յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն ը­սե­լով թէ ­Հայ Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քարն էր, որ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ու­ղին բա­ցաւ յու­նա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան առ­ջեւ յաղ­թա­նակ­նե­րու ա­ռաջ­նոր­դե­լով: Ան քննա­դա­տեց յոյն պե­տու­թեան պահ­պա­նո­ղա­կան կե­ցո­ւած­քը, որ պարզ ո­գե­կո­չում­նե­րով կը բա­ւա­րա­րո­ւի յի­շել ­Պոն­տո­սի յոյ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան թո­ւա­կա­նը, մինչ հա­յու­թեան հա­մար Ապ­րիլ 24-ը ազ­գա­յին սու­գի եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան վե­րա­նո­րո­գո­ւող ուխ­տի օր կը հան­դի­սա­նայ:

Խո­րա­պէս ազ­դե­ցիկ էր փրո­ֆէ­սէօ­րին խօս­քը։ Ան ա­ւար­տեց նշե­լով, թէ պատ­մա­կան փաս­տե­րուն հան­դէպ խոր ի­մա­ցու­թիւնն է, որ կրնայ նման չա­րա­գոր­ծու­թիւն­ներ կան­խար­գի­լել ա­պա­գա­յին եւ խիստ կա­րե­ւոր է նոր սե­րունդ­նե­րու ի­րա­զե­կումն ու դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը, որ­պէս­զի ար­դա­րու­թեան ու հա­ւա­սա­րու­թեան սկզբունք­նե­րուն վրայ յա­ռա­ջա­նայ աշ­խար­հը։

Ձեռ­նար­կին երկ­րորդ բա­ժի­նը գե­ղա­րո­ւես­տա­կան էր, նո­ւի­րո­ւած եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մշա­կոյ­թին։

Հայ­կա­կան «­Պին­կէօլ» եւ «Եար քո» եր­գե­րու մեկ­նա­բա­նու­թեամբ հան­դէս ե­կաւ սի­րո­ւած եր­գիչ ­Հայկ Եա­զը­ճեան, որ իր բարձ­րո­րակ կա­տա­րում­նե­րով խոր ազ­դե­ցու­թիւն թո­ղեց ներ­կա­նե­րուն վրայ։

Ա­պա յու­նա­կան պա­րեր ու եր­գեր ներ­կա­յա­ցու­ցին Ար­ղի­րու­փո­լի­սի ­Պոն­տոս­ցի­նե­րու միու­թեան ան­դամ­նե­րը, իսկ ե­րե­կոն ա­ւար­տե­ցաւ հայ­կա­կան պա­րե­րով, որ ներ­կա­յա­ցու­ցին «Ա­ւե­տիս» պա­րա­խում­բի պա­տա­նի­նե­րը, ի­րենց պա­րու­սոյց ­Շու­շա­նիկ ­Սե­մէր­ճեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ։ ­Յու­նա­կան եւ հայ­կա­կան պա­րե­րը եւս ջեր­մա­ցու­ցին մթնո­լոր­տը։

Վեր­ջա­ւո­րու­թեան յի­շա­տա­կի գե­ղե­ցիկ նո­ւէր­ներ եւ գիր­քեր յանձ­նո­ւե­ցան բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն։