Սուրիոյ Համազգայինի «Լ. Շանթ» Մասնաճիւղը Մեծ Շուքով Նշեց Վարդանանց Տօնը

Սփիւռք

Ուրբաթ, 21 Փետրուարի երեկոյեան ժամը 7:00 –ին, Դամասկոսի «Ահարոնեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Համազգային «Լ.Շանթ» Մասնաճիւղի կազմակերպած Վարդանանցի տօնակատարութիւնը , բարձր հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի: Սրբազան հօր կ’ընկերակցէր Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Յարութ Քիլիսեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։

Տօնակատարութեան ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ Համայնքի պետ Արհի. Տէր Յովսէփ Եպս. Արնաութեան, Գերպ. Տէր Գէորգ Վրդ. Պահէեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ուրֆալեան, միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ դամասկահայերու հոծ բազմութիւն մը:

Վարչութեան անդամ Մարալ Գաթըգլեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց, ուր յիշեց «Վասն Հայրենեաց, վասն Հաւատոյ մղուած Վարդանանց պատերազմը հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն յատկանշական ազգային կրօնական տօներէն մէկն է , որ ամէն տարի մեծ տօնախմբութեամբ կը յիշատակէ համայն հայութիւնը: Վարդանանք նահատակուեցան, որպէսզի մենք ապրինք, գոյատեւենք: Միայն տօնել եւ հպարտանալ բաւարար չեն հայ ազգին ու եկեղեցւոյ գոյատեւումը ապահովելու: Պէտք է դառնանք Վարդանանց հերոսներուն արժանաւոր ժառանգորդները, գիտակցինք մեր ինքնութեան արժէքին, հաւատարիմ մնանք քրիստոնէական հաւատքին ու հայրենիքին,անաղարտ պահենք հայ լեզուն , պատմութիւնն ու մշակոյթը եւ փոխանցենք զանոնք սերունդէ-սերունդ ,որպէս աւանդ եւ մասունք»:

Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Մարի Յովսէփեան , որ «Նորահրաշ» շարականի երգեցողութեամբ խոհրդաւոր պահ մը պարգեւեց ներկաներուն: Ապա «Բարի Արագիլ»ի երգեցողութեամբ հրապուրեց ներկաները: Սերուժ Ղազարեան երգեց « Հայրենիքիս Հետ»ը եւ հայրենասիրութեամբ ոգեշնչեց բոլորը: Ջութակով «Ազգ Փառապանծ» երգին մեղեդին նուագեց Արէն Սեդիկեան: Ան իր հմայիչ կատարողութեամբ հրապուրեց ներկաները: Այնուհետեւ Ազգ. Միացեալ վարժարանի խումբ մը աշակերտներ հրամցուցին փունջ մը վարդանանցի երգեր եւ արտասանութիւններ՝ արժանանալով բոլորին գնահատանքին:

Գերապայծառ հայրը Վարդանանց տօնին առիթով իր սրտին խօսքը արտասանեց ըսելով. «Վարդանանց ճակատամարտը եղաւ համայն հայութեան հերոսամարտը, ուր հայ ժողովուրդի կարկառուն դէմքերը ինչպէս՝ Վարդան Մամիկոնեան,Ղեւոնդ Երէց, Սահականոյշ եւ ուրիշներ մասնակցեցան պատերազմին , պահպանելու համար հայ ազգը, լեզուն եւ մշակոյթը»: Ան բարձր գնահատեց աշակերտները, որոնք իրենց երգերով եւ արտասանութիւններով վառ կը պահեն Վարդանի կտակը:

Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան Վարդանանց տօնին պատգամը ուղղեց ներկայ հանդրիսականներուն: Ան Աւարայրի յաղթական երթը կամրջեց Սուրիոյ վերջին յաղթանակներուն, յատկապէս Հալէպի ամբողջական ազատագրումին , որոնք կը պարտինք սուրիական բանակին եւ անոր իմաստուն նախագահ տոքթ. Պաշար ալ Ասատին : Ան կարեւորութեամբ յայտնեց , որ երբ գոյութիւն կ’ունենան կամքը ,տեսիլքը , հաւատարմութիւնն ու հայրենիքին համար զոհուելու ատրաստակամութիւնը՝ այն ատեն է որ կ’իրականանան բոլոր ազատութիւնները: Սրբազան հայրը յայտնեց, որ յաղթական այս օրերուն կրկնակի ուրախութիւն ապրեցանք՝ Սուրիոյ Խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով, որուն համար Հալէպէն ժամանելով մեր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեցինք Սուրիոյ ղեկավար մարմիններուն: Ան անդրադառնալով Վարդանանց խորհուրդին եւ պատգամին ըսաւ, որ ան հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ եղաւ ճակատագրական պահ մը՝ շնորհիւ մեր քաջարի, հոգեւորական եւ աշխարհական ղեկավարներուն, որոնք զոհողութեամբ պահեցին մեր ազգային –կրօնական արժէքները: Սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ յատկապէս ըսաւ.

« 451 թուականը հայ ժողովուրդին համար անկիւնաքար էր, որուն վրայ փշրուեցան հայը օտարացնելու բոլոր փորձերը: 451 թուականը պսակուեցաւ յաղթական դաշնագիրով եւ հայը ապահովեց իր խղճի ու կրօնքի ազատութիւնը, հայրենիքի անկախութիւնը: Թէեւ Յազկերտը յաջողեցաւ հայուն մարմինը սպաննել , սակայն հայու հոգին մնաց կենդանի եւ կենդանացնող»:

Ան եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ, որ Վարդանանցը մեզ կը պատգամէ պահպանել մեր լեզուն , մշակոյթը եւ ամուր պահել քրիստոնէական հաւատքը, այյլ խօսքով՝ հայ ժողովուրդին կեանքին առանցքը:

Վարչութիւնը իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց սրբազան հօր, որ իր ներկայութեամբ եւ պատգամով ոգեչնշեց մեզ:

Աւարտին սրբազան հայրը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ ժողովուրդին: Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով: