Զոհրապ Մնացականեան՝ «Դարի Գործարք»ին Եւ Երուսաղէմի Կարգավիճակին Մասին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի համաձայն՝ Երուսաղէմի վերջնական կարգավիճակը պէտք է որոշուի շահագրգիռ կողմերուն միջեւ բանակցութիւններու լոյսին տակ։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Հայաստանը առանձնայատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւի Երուսաղէմի կարգավիճակին շուրջ ընթացող զարգացումներուն, որ պայմանաւորուած է Սուրբ քաղաքին մէջ հայկական դարաւոր ներկայութեամբ, հայկական հարուստ պատմամշակութային ժառանգութեամբ, ինչպէս նաեւ այն հանգամանքով, որ Հայ առաքելական եկեղեցին սուրբ վայրերու իրաւատէր եկեղեցիներէն մէկն է: Հայաստանը կը դիտէ Արեւելեան Երուսաղէմը իբրեւ 1967թ. գրաւուած տարածքներու մէկ մաս եւ կը կարծէ, որ Երուսաղէմի վերջնական կարգավիճակը պէտք է որոշուի շահագրգիռ կողմերուն միջեւ բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք»,- յայտնած է Մնացականեան:

Նախարարը նշած է, որ Հայաստան կը սատարէ Պաղեստինեան դատին՝ երկու պետութեան սկզբունքին հիման վրայ կարգաւորումը, կողմերուն միջեւ բանակցութիւններու վերսկսման ջանքերը կարեւոր նկատելով:

«Ընդունելով իր քաղաքացիներուն համար խաղաղ եւ անվտանգ պետութիւն ունենալու Իսրայէլի իրաւունքը՝ միաժամանակ կ՝աջակցինք Պաղեստինի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրագործմամբ՝ անկախ պետութեան ստեղծման ձգտումին»,- նշած է Մնացականեան: