Հալէպի Օդակայանի Վերաբացումը Պիտի Նպաստէ Հալէպահայութեան Կեանքին. Ժիրայր Ռէյիսեան.

Սփիւռք

Սուրիոյ մէջ ծաւալած զինուորական գործողութիւններուն պատճառով երկար դադարէ ետք սկսած է գործել Հալէպի օդակայանը: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Սուրիոյ երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնեց, որ հասարակութիւնը մեծ ցնծութեամբ ընդունեց այդ լուրը:

Ան դիտել տուաւ, որ օդակայանի փակման պատճառով Հալէպի մէջ կեանքը դժուար եղած է, որովհետեւ անիկա կարեւոր ենթակառուցուածք է թէ՛ քաղաքին, թէ՛ պետութեան համար: Երեսփոխանը տեղեկացուց, որ առաջին թռիչքը կը կատարուի Դամասկոս-Հալէպ ուղղութեամբ, իսկ հետագային պիտի աւելնան ուղղութիւններն ու անոնց թիւը: «Այս շատ կարեւոր ենթակառոյցի վերագործարկումը պիտի նպաստէ Հալէպի վերականգնման գործընթացի արագացման: Անիկա շատ կարեւոր օղակ է գործարարութիւնը աշխուժացնելու համար: Օդակայանը նաեւ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ տնտեսութեան վերականգնման վրայ», նշեց Ռէյիսեան:

Անդրադառնալով քաղաքի միւս ենթակառոյցներու խնդիրներուն` Ժիրայր Ռէյիսեան տեղեկացուց, որ ջրամատակարարման ուղղութեամբ զգալի աշխատանք կատարուած է: Կան թաղամասեր, ուր գրեթէ 24 ժամ ջրամատակարարում ապահովուած է, միւսներուն մէջ ալ այդ ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին: Ելեկտրականութեան խնդիրը դեռ ամբողջութեամբ լուծուած չէ, օրուան մէջ քանի մը ժամ կը տրամադրուի, սակայն այդ բոլոր հարցերը իշխանութիւններու անմիջական ուշադրութեան տակ են: Ամէն ճիգ ի գործ կը դրուի ամէնէն արագ միջոցին ելեկտրականութեան բնականոն մատակարարում ապահովելու:

Հալէպի մէջ հայ համայնքի կառոյցներու վերականգնման ուղղութեամբ եւս աշխատանքներ նախատեսուած են: Ժիրայր Ռէյիսեան նշեց, որ դպրոցներուն հարցը առաջնահերթ եղած է, ոչ մէկ աշակերտ առանց դասերու մնացած է: Կարելին ըրած են, որպէսզի դպրոցները բնական կերպով գործեն: Ներկայիս բոլոր դասընթացքները կը կատարուին, աշակերտները դպրոց կը յաճախեն: Ինչ կը վերաբերի եկեղեցիներուն, ապա Ժիրայր Ռէյիսեան տեղեկացուց, որ Հալէպի Մայր եկեղեցին վերանորոգուած է եւ այժմ իր հոգեւոր ծառայութեան մէջ է: Օրակարգի վրայ է Սուրբ Գէորգ եկեղեցին, որ տարիներ առաջ հրկիզուած էր, եւ որ կը գտնուի Հալէպի հայաշատ Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ: Ժիրայր Ռէյիսեան տեղեկացուց, որ այդ հատուածին մէջ կը գտնուի նաեւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որ ներկայիս կը գործէ:

Հայութեան գաղթելու երեւոյթին մասին խօսելով` Ժիրայր Ռէյիսեան նշեց, որ շատեր վերադարձած են Հալէպ, շատեր դեռ կ՛երթան` տեղւոյն պայմաններուն ծանօթանալու եւ սերտելու վերադառնալու կարելիութիւնները: «Ամէն պարագայի մեր փափաքն է, որ համայնքի բոլոր զաւակները վերադառնան իրենց տուները, վերականգնեն գործը», շեշտեց երեսփոխանը:

Այս օրերուն Հալէպի ազատագրման զուգահեռ կարեւոր իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ Սուրիոյ մէջ: Երկրի խորհրդարանը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

«Սուրիան պետականօրէն ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այստեղ կարեւոր ուղերձը այն է, որ միասնաբար, ձեռք ձեռքի տուած պայքարինք, կանխարգիլենք ոճրագործութիւնները», շեշտեց Ժիրայր Ռէյիսեան` ընդգծելով, որ այսօր եւս Սուրիան կ՛ենթարկուի այդ նոյն ջարդարարներուն ոճրային արարքին: