«Բարոյական Յաղթանակ»-ով Բարոյականին Յաղթանակը Վարդանանց Պատերազմի Հետքերով

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն

Ամէն տարի, երբ Ս. Վարդանանց զօրավարներուն եւ Ս. Ղեւոնդեանց քահանաներուն տօները գան, փետրուար ամսուան մէջ, շատ հաւանաբար մեր մտքին մէջ հետեւեալ երկու բառերը կը հնչեն. «Բարոյական յաղթանակ»: Շատերը հեգնական կ’արտայայտուին, շատեր ալ` լրջօրէն: Իսկապէ՞ս բարոյական յաղթանակ էր, թէ՞ մենք մեզ համոզելու համար, որ միշտ յաղթողը հայն է: Մեզի համար նիւթական յաղթանա՞կն է իմաստալից, թէ՞ յաղթանակ մը, որ կը մնայ յաւերժ:

Հաւատալով, որ բոլոր ընթերցողները, մեծամասնութեամբ, գիտեն ու կը ճանչնան պատմութիւնը, պիտի ուզեմ աւելի կեդրոնանալ Վարդանանց պատերազմի նշանակալից բաժինին, որով մինչեւ օրս սերունդներ կը դաստիարակուին եւ նոյն ոգիով կը մեծնան:

Պատմականօրէն, եթէ անդրադառնանք, հայերը հինգերորդ դարուն թէ՛ ոսկեդար ունեցան եւ թէ՛ միաժամանակ Հայաստանը դարձաւ դրացի երկիրներու քաղաքական շահերու ախորժաբեր դաշտ: Ս. Մեսրոպ Մաշտոց հայկական մշակոյթը կ’անկախացնէ գիրերու գիւտով, նոր ուսումնարաններով եւ հայկական գրական աշխարհ մը ստեղծելով, միւս կողմէ` թէ՛ պարսիկները եւ թէ՛ բիւզանդացիները եկեղեցական-կրօնական շղթայազերծումներով (Քաղկեդոնի ժողովով) հայ ազգի անկախութիւնը կը փորձեն խլել:

Քրիստոնէական եւ հոգեւոր կեանքին մէջ մենք հետեւեալ իրականութիւնը կը հասկնանք ու կ’ըմբռնենք. երբ մեր կեանքին մէջ ունինք թանկագին աստուածային արժէքներ եւ աստուածատուր շնորհքներ, յատկապէս որոնք մեր անձը կը զօրացնեն` Աստուծոյ հետ միութիւն ստեղծելով, չարը ամէն գնով եւ փորձութիւններով կ’ուզէ մեզմէ խլել: Այդ արժէքներուն եւ շնորհքներուն շարքը մեծ է` հաւատք, յոյս, սէր, կամք, ճշմարտութիւնը խօսիլ ու պահել եւ այլն: Այս բոլոր արժէքները, մեզ մեր իսկական պատկերին ու նմանութեան մէջ, որ Աստուծմէ առած ենք եւ Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր մէջ կ’ամրապնդեն, միշտ փորձութեան ենթակայ են չարին կողմէ, որովհետեւ այս արժէքները մեր ձեռքէն ձգելով, թուլութեան մէջ կը տկարանանք եւ դիւրաւ կ’իյնանք մեր մարդկային տկարութեան մէջ: Ի՞նչն է կապը այս իրականութեան եւ Ս. Վարդանանց-Ս. Ղեւոնդեանց նահատակներուն:

Աւարայրի ճակատամարտը այսօր մենք չորս բառերով կ’ամփոփենք. «Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց»: Այս ամփոփ եւ կուռ նախադասութեան մէջ երկու կարեւոր արժէքներ ադամանդի պէս կը պսպղան` Հաւատք եւ Ազատութիւն:

Հաւատք

Հաւատքի մասին շատ կը լսենք, յատկապէս` եկեղեցիներէն ներս: Հաւանաբար իւրաքանչիւրիս մէջ հաւատքը տարբեր իմաստ եւ պատկերացում ստացած է: Բայց հաւատքը այնպիսի աստուածային ուժ մըն է, յատկապէս` Աստուծոյ հանդէպ, որ ինչպէս Յիսուս կ’ըսէ, լեռը կրնաս տեղէն շարժել: Հաւատքը էութիւնդ ամբողջ կը մղէ, շարունակես ըլլալ եւ ընել` տեսնելով այն տեսլականը կամ եզրակացութիւնը, որ երեւելի չէ: Այլ խօսքով, հաւատալ իրականութեան մը, որ կարելի չէ տեսնել, բայց վստահ ըլլալ ու զգալ, թէ պիտի պատահի եւ ըլլայ, կամ կայ: Վարդան Մամիկոնեանը` իբրեւ Հայոց աշխարհի սպարապետ, շատ լաւ գիտէր, թէ հայոց բանակէն կրկնապատիկ եւ աւելի մեծ բանակ պիտի գայ պատերազմելու իր բանակին դէմ: Գիտէր, որ մարդկային եւ նիւթական մեծ վնաս կ’ենթադրէր պատերազմը: Պարզապէս միայն քրիստոնէական հաւատքի համար չէր, որ պէտք էր պատերազմէր, այլ, այդ բոլորէն անդին, կար տեսլական մը, որ դժուար է նկարագրել, սակայն տեսած էր եւ` հաւատացած, որ կ’արժէ պատերազմը մղել: Ամէնէն դիւրին իրականութիւնն էր, Վարդանին համար, յանձնուիլ եւ փրկել զինուորներուն նահատակութիւնը: Սակայն ան հաւատքը ունեցաւ, հաւատքը պահելու համար, նահատակուիլ իմացեալ մահով:

Քանի դարեր անցած են այս պատերազմէն, որ պարսիկներն անգամ չեն յիշեր ու նշեր պատերազմը, սակայն մինչեւ օրս հայը երկրագունդի զանազան ցամաքամասերու վրայ կը յիշէ, կը ներշնչուի, կը դաստիարակուի, կը մեծնայ, կ’աճի Վարդանանց շունչով ու ոգիով: Անկարելի էր պատկերացնել, որ Վարդանը թիւով եւ նիւթապէս պիտի յաղթահարէր պարսից զօրքը, բայց իր հաւատքը պարտութիւն չէր ճանչնար: Եթէ ենթական տեսած չըլլայ բարի աւարտը կամ գալիքը, դժուար թէ ամէնէն անդառնալի իրականութիւնը զոհէ` կեանքը: Վարդանին հաւատքն էր, որ տեսաւ գալիք բարիքը պատերազմին, որ մինչեւ օրս կը մեծարենք ու կը հետեւինք իր ունեցած կամքին եւ հաւատքին:

Այսօր, որքան կացութիւններու առջեւ կը գտնուինք, եւ կամ որեւէ մէկ գաղափար, որ շուտով մեզ «կը համոզէ», յանձնենք մեր հաւատքը, եւ ալ աւելի «հանգիստ» զգանք: Յանձնուիլը շատ դիւրին է եւ հաւանաբար այդ վայրկեանի համար ազատութեան դուռ է, սակայն յանձնուելուն հետեւանքները շատ ծանր են, որոնք մեզ միայն դէպի տկարութեան եւ կործանման կ’առաջնորդեն: Եթէ Վարդանը եւ իր զինակիցները նման անհամեմատելի կացութեան առջեւ չյանձնուեցան, ապա ուրեմն մեր կեանքի դժուարութիւններուն մէջ յանձնուիլը եւ մանաւանդ հաւատքը յանձնելը թոյլատրելի պէտք չէ ըլլայ: Այսօր յանձնուեցանք, վաղն ալ կը յանձնուինք ուրիշ ձեւով, ուրիշ իրականութեան մէջ եւ` դէպի զառիվայր:

Հայրենիք

Հայրենիք, ուրեմն` ազատութիւն, անկախութիւն եւ հող:

Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած առաջին շնորհքներէն մէկն էր ազատութիւնը: Երբ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ Աստուած մարդը ստեղծեց իր պատկերով եւ նմանութեամբ, նաեւ կը հասկնանք, թէ Ան մարդը ստեղծեց ազատ կամքով եւ բանականութեամբ: Չարը խաբեց մարդը` հաւատացնելով, որ ինքն ալ աւելի բարձր պիտի ըլլայ, սակայն մարդուն ազատութիւնն ու անկախութիւնը կաշկանդեց` մեղքն ու մահը աշխարհ հրաւիրելով: Մինչեւ օրս նիւթականի եւ գերակայութեան համար որքա՜ն ազատութիւններ եւ անկախութիւններ կ’ոտնակոխուին, եւ մարդկային ամէնէն տարրական եւ միաժամանակ աստուածային այս սուրբ պարգեւը կը խլուի մարդ արարածէն:

Վարդան Մամիկոնեանը, Ղեւոնդ Երէցը եւ իրենց բոլոր հայրենակիցները կրնային ազատութիւնն ու անկախութիւնը յանձնել պարսիկներուն` իրենց կեանքը փրկելով եւ հաւանաբար ալ աւելի սերտ յարաբերութիւններ ունենալով անոնց ղեկավարութեան հետ: Իմացեալ մահով, իմացեալ նահատակութեամբ կտրականապէս մերժեցին իրենց ազատութիւնը յանձնել պարսիկներուն: Անհաւատալի դժուար էր մահով պահել ազատութիւնը, սակայն իրենց նահատակութեամբ կրցան զայն պահել` հակառակ այն իրականութեան, որ մարդկային մեծ վնաս կրեցին:

Ազատութիւնը այսօր բոլորովին տարբեր իմաստ եւ հասկացողութիւն ստացած է: Այսօր, դժբախտաբար, ազատութիւնը դարձած է յարաբերական իրականութիւն: Յատկապէս արեւմտեան երկիրներուն մէջ իւրաքանչիւր անձ ի՛նք կ’որոշէ, թէ իրեն համար ի՛նչ կը նշանակէ ազատութիւն: Հաւանաբար ազատութիւն ձեռք կը բերուի շատ մեծ դիւրութեամբ, բայց անկախութիւնը կը կորսուի նոյնպէս դիւրութեամբ: Այլ խօսքով, ազատ կերպով մարդ կրնայ ապրիլ իր կեանքը եւ ընել այն, ինչ որ կ’ուզէ, սակայն անկախութիւնը կը կորսնցնէ, երբ հոգեկան եւ մտային կաշկանդումներու մէջ կ’իյնայ ենթական:

Հայ ժողովուրդը իր արեամբ հասկցաւ ազատութեան եւ անկախութեան իմաստը: Կը հաւատամ, որ Ս. Վարդանանց պատերազմը այն առաջին ճակատամարտերէն մէկը եղաւ, որ սրբացուց ազգի հողին ու հաւատքին համար պայքարիլը, որոնք Աստուծոյ կողմէ տրուած սրբութիւններ են: Նոյն այս ճակատամարտին պատճառով, պատմութեան ընթացքին, բոլորս կերտուեցանք այն հայը, որ իր հողին, հաւատքին եւ սրբութիւններուն համար իր կեանքը կը նուիրէ, եւ եթէ պէտք է, կը զոհէ: Հաւատքն ու հայրենիքը մեր անձէն վեր են եւ մեր կեանքէն աւելի թանկարժէք: Ճիշդ այս «բարոյական յաղթանակ»-ին պատճառով է, որ բազմաթիւ ճակատամարտեր դիմադրեցինք եւ մեր ազատութեան ու անկախութեան հանդէպ, սրբութեամբ կը մօտենանք ու կը պայքարինք: Բարոյական յաղթանակով, բարոյականը յաղթեց, որ մինչեւ օրս կը փորձենք պահել ամէն գնով:

Այս տօնը լաւագոյն առիթն է յիշելու եւ ճիգ մը ընելու, որ մեր հաւատքը, հայրենիքը, սրբութիւններն ու արժէքները մեր թուլութեան մէջ չյանձնենք ոեւէ մէկուն եւ որեւէ իրականութեան: Վարդանանցին պէս պէտք է սիրել պայքարիլը` այս սրբութիւնները պահելու համար: Անոնց պէս պէտք է սիրել անկարելիները, անկարելի նեղ կացութիւններն ու դժուարութիւնները` հաւատքն ու ազատութիւնը պահելու համար: Քրիստոս անգամ մեզի չսորվեցուց փորձութիւններէն, դժուար ճանապարհներէն փախչիլը, այլ տուաւ ամէն տեսակի շնորհք` յաղթահարելու եւ դուրս գալու:

Ճիշդ է` հաւանաբար կրկնութիւն կը տեսնենք ամէն տարի Վարդանանց տօնել եւ յիշել «Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց», սակայն որքան ներշնչող է սորվիլ Վարդանանցէն իսկական քաջութեան մասին, որ երեւելի թշնամիներու դէմ չէ, այլ` աներեւոյթ, որ տարբեր անձերու եւ տարբեր դէպքերու միջոցով կ’ուզէ խլել մեր հաւատքն ու ազատութիւնը: Իսկական զէնքն ու պատրաստութիւնը, որ պէտք ունինք այդ քաջութիւնն ու դիմադրութիւնը ունենալու համար, աղօթքէն եւ Աստուծոյ, եկեղեցւոյ ուսուցումներէն աւելի զօրաւոր ու ազդու միջոց չկայ: