535,000 Տոլար Հաւաքուեցաւ Ի Նպաստ Թիւֆէնքեան Մանկամսուրի Արդիականացման Եւ Ընդարձակման

Սփիւռք

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան մանկամսուր-մանկապարտէզի 620 ծնողներ, շրջնաւարտներ եւ համակիրներ ներկայ եղան Քալիֆորնիոյ Գիտութեան կեդրոնի սրահին մէջ կազմակեպուած վարժարանի հիմնադրութեան 45րդ տարեդարձի տօնակատարութեան, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 8 Փետրուարի երեկոյեան։

Տօնակատարութիւնը նաեւ մեկնարկը հանդիսացաւ մանկամսուրին արդիականացման եւ ընդարձակման ծրագիրին, որուն նպատակն է մինչեւ 2025, մանկապարտէզը ապահովել արդիական ընդարձակ շէնքով, որ յագեցած պիտի ըլլայ արհեստագիտական նորագոյն սարքերով, որպէսզի ժամանակակից խաղերու եւ գիտութեան ճամբով առաւել եւս խթանուին հայ մանուկներու երեւակայական եւ ստեղծագործական աշխարհը, կարողութիւնները եւ բնատուր ձիրքերը:

0220Tufenkian2

«Միասին կառուցենք, սերունդներ կերտենք» նշանաբանով հանդիսութեան ներկայ էին՝ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեան, փոխատենապետ Մհեր Տէր Օհաննէսեան եւ ատենադպիր Էլիզապէթ Պօյաճեան, ինչպէս նաեւ Խնամակալ մարմինի, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի, ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէի եւ ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի ներկայացուցիչները։

Վերոնշեալներուն կողքին, տօնակատարութեան մասնակցեցան նաեւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի գրասենեակէն ներկայացուցիչ մը, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, նահանգային խորհրդարանի անդամ Լօրա Ֆրիտմըն, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Քեթրին Պարկըրի ներկայացուցիչը, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Վարդան Կարապետեան, Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտաշէս Քասախեան, Կլենտէյլի համայնքային քոլեճի Հոգաբարձութեան անդամ դոկտ.  Արմինէ Յակոբեան, Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան ատենապետ դոկտ. Արմինա Կարապետեան, ինչպէս նաեւ մանկամսուրի հիմնադիրներ՝ տէր եւ տիկին Վահիկ եւ Ալիս Պետրոսեաններ, տէր եւ դոկտ. Վահէ եւ Արմինէ Յակոբեաններ եւ անշուշտ վարժարանի 30 տարիներու բարերարներ տէր եւ տիկին Ռալֆ եւ Սավի Թիւֆէնքեաններ ու Թիւֆէնքեան եւ Քալեմգիրեան ընտանիքները։

Յայտագիրին պաշտօնական բաժինը սկսաւ անդամ եւ օրուան հանդիսավար Գեւիկ Պաղտասարեանի ողջոյնի խօսքով, որմէ ետք առաջնորդը կատարուեց բացման աղօթքը:

Այնուհետեւ խօսք առաւ վարժարանի Ուսումնական մարմինի ատենապետ Արթին Շահվերտեան, որ նաեւ խօսեցաւ Սեւակ Վրէժ Գունտագճեանի պատրաստած վաւերագրական ժապաւէնին մասին, որ նուիրուած է վարժարանի պատմութեան, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ ժապաւէնը։

Շահվերտեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ բարերարներուն, յատկապէս՝ Ռալֆ եւ Սավի Թիւֆէնքեաններուն եւ ներկայացուց վարժարանի արդիականացման եւ ընդարձակման ծրագիրին մանրամասնութիւնները։

Ապա, Էնթընի Փորթանթինօ, Լօրա Ֆրիտմըն եւ Քեթրին Պարկըրի ներկայացուցիչը գնահատագիրներ յանձնեցին վարժարանին՝ դրուատելով անոր ստանձնած կրթական առաքելութիւնը։

0220Ralph and Savey Tufenkian COLOR

Տէր եւ տիկին Ռալֆ եւ Սավի Թիւֆէնքեաններ 100,000 տոլար նուիրեցին

Գնահատագիրներու յանձնումէն ետք, Շահվերտեան եւ Պաղտասարեան ներկայացուցին դրամահաւաքի ջանքերուն մանրամասնութիւնները, նոյն ժամանակ կոչ ընելով ներկաներուն, որ շարունակեն աջակցիլ նախաձեռնութեան, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով նուիրատուներ տէր եւ տիկին Արմէն եւ Էեթրին Փանոսեաններուն, տէր եւ տիկին Բաբգէն եւ Յասմիկ Ամիրեաններուն եւ տէր եւ տիկին Լեւիկ եւ Ռոմինա Յակոբեաններուն։

Իր կարգին, վարժարանի վարիչ Արսինէ Աղազարեան փոխանցեց իր պատգամը, իր երախտագիտութիւնը յայտնելով Թիւֆէնքեան ընտանիքի անդամներուն, որոնք իրենց հանգուցեալ զաւակին՝ Ռիչըրտին յիշատակը վառ պահեցին՝ զօրակցելով վարժարանին եւ խօսեցաւ վարժարանին իրագործումներուն մասին։ Ապա ան երախտագիտութեան յուշանուէրներ ստանալու համար բեմ հրաւիրեց վարժարանի հիմնադիրներ տէր եւ տիկին Վահիկ եւ Ալիս Պետրոսեանները եւ տէր եւ դոկտ. Վահէ եւ Արմինէ Յակոբեանները, ինչպէս նաեւ վարժարանի նախկին վարիչ դոկտ. Իտա Գարայանը եւ յիշեցուց, որ հիմնադիրներէն Ռուբէն Գիւճեան չէ կրցած ներկայ ըլլալ տօնակատարութեան։ Նշեալներուն նուէրները յանձնեցին վարժարանին մէջ ամենաերկարատեւ ծառայութիւն ունեցող ուսուցիչներ Աղաւնի Ասատուր, Անի Միսըրլեան եւ Անի Յովակիմեան։

Վարիչուհին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ձեռնարկին Կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ անոր ատենապետուհի Քրիսթին Զոհրապեանին, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր ուսուցիչի եւ անձնակազմի անդամի՝ ցուցաբերած նուիրումին համար։

Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ անոր ատենապետուհի Լուսի Պետրոսեան գնահատագիրներ յանձնեց ուսուցիչներուն եւ անձնակազմի անդամներուն, իրենց մատուցած ծառայութիւններուն եւ նուիրաբերումին համար:

Եզրակացնելով իր խօսքը՝ Աղազարեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ռալֆ եւ Սավի Թիւֆէնքեաններուն, Թիւֆէնքեան ընտանիքին, Փօլ եւ Սանտրա Քալեմգիրեաններուն ու Կրեկ եւ Քերոլայն Թիւֆէնքեաններուն։

Ապա առաջնորդ սրբազանը ուղղեց իր պատգամը: Ան շնորհաւորեց եւ գնահատեց վարիչը, Ուսումնական մարմինը, ուսուցչական կազմը, աշակերտութիւնը, ծնողները եւ նուիրատուները 45ամեակին առթիւ՝ նշելով, որ միասին կառուցեցինք եւ սերունդներ կերտեցինք ու պիտի շարունակենք կառուցել եւ կերտել: Ան յատկապէս դրուատեց դպրոցին բարերարներ տէր եւ տիկին Ռալֆ եւ Սավի Թիւֆէնքեանները իրենց մնայուն զօրակցութեան եւ ցուցաբերած հոգածութեան համար, որ որոշիչ դեր ունեցած է վարժարանի յառաջխաղացքին մէջ: Առաջնորդը ուրախութեամբ յայտնեց, որ այս առթիւ տէր եւ տիկին Թիւֆէնքեանները 100,000 տոլարի նոր նուիրատուութիւն մը կը կատարեն՝ ի նպաստ վարժարանի ընդարձակման եւ արդիականացման ծրագիրներուն: Ան օրհնեց անոնց սիրեցեալ զաւակին՝ Ռիչըրտին յիշատակը եւ խօսքը եզրափակեց՝ անոնց քաջառողջութիւն մաղթելով:

Վարժարանի շրջանաւարտներէն Սարին Հապէշեան, Մեքս Թիւֆէնքեան եւ Սարա Չիթլի եւս իրենց սրտի խօսքերը փոխանցեցին՝ շեշտելով իրենց վրայ վարժարանին եւ հանգուցեալ Ռիչըրտ Թիւֆէնքեանի ունեցած դրական ազդեցութեան կարեւորութիւնը։

Աւարտին, ներկաները վայելեցին երգիչներ Արմէնչիկի եւ Սուփըր Սագոյի կատարումները եւ մասնակցողները սրահէն հեռացան Քալեմգիրեաններուն տրամադրած նուէներով։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելել մանկամսուրի արդիականացման նպատակով հաստատուած համացանցային կայքը՝ www.Tufenkian2025.com կամ www.TufenkianPreschool.com կայքը: