Ստեփանակերտի Մէջ Կայացած է «Մարտակերտի Նորիկ» Ֆիլմին Շնորհանդէսը

Հայաստան

Փետրւար 15-ին, Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատէն ներս տեղի ունեցած է Արցախեան ազատամարտի հերոս, Արցախի պաշտպանութեան բանակի փոխգնդապետ, ԼՂՀ ԳԽ պատգամաւոր, դաշնակցական Նորայր Դանիէլեանի յիշատակին նուիրուած «Մարտակերտի Նորիկ» փաստագրական ֆիլմին շնորհանդէսը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ապառաժ»-ը:

Շնորհանդէսին ներկայ եղած են Նորայրի մարտական, գաղափարական ընկերները, հարազատները, համագիւղացիները, զինուորներ, երիտասարդներ:

Ֆիլմի ռեժիսորն է Սամուէլ Թադէոսեան: Ըստ անոր՝ «Մարտակերտի Նորիկ» ֆիլմը «Արդարութեան մարտիկներ» ֆիլմաշարի հերթական աշխատանքն է, որմով կը ներկայացնէ Արցախեան պատերազմին մէջ բացառիկ կենսագրութիւն ունեցող ազատամարտիկները։

«Մարտակերտի Նորիկը շրջանի անձնուէր, նուիրեալ հրամանտարն էր: Նորիկը այլեւս որեւէ բանի կարիք չունի, մենք ունինք անոր սխրանքի վեհանձնութեան ամբողջ շնորհները մեզի, ապա սերունդներուն փոխանցելու անհրաժեշտութիւն: Մենք հիմա Հայաստանի, Արցախի համար ճակատագրական ժամանակներ կ՝ապրինք եւ այս պարագային ֆիլմը մեր բարոյական արժէքները եւ յաղթանակները պաշտպանելու համեստ փորձ է: Եթէ մարդը, ազգը, պետութիւնը զրկես արժէքներէ, տակը կը մնայ յաղթահարելի տարրական գոյութիւնը»,- իր խօսքին մէջ ըսած է Սամուէլ Թադէոսեան՝ ֆիլմի ստեղծման աշխատանքներուն օժանդակելու համար շնորհակալութիւն յայտնելով Նորայրի հարազատներուն, մարտական ընկերներուն, ՀՅԴ Արցախի կառոյցին:

Ֆիլմի շնորհանդէսը Դեկտեմբեր 25-ին արդէն տեղի ունեցած էր Երեւանի մէջ եւ հանդիսատեսին կողմէ շատ լաւ ընդունուած:

Նորայր Դանիէլեանի քրոջ՝ Նունէ Դանիէլեանի խօսքով, փոքր տարիքէն Նորայրի մէջ նկատուած են առաջնորդին, ղեկավարին բնորոշ յատկանիշները: Ամէն ինչի մէջ առաջամարտիկի դերին մէջ էր:

Խորհրդային բանակին մէջ ծառայելէ ետք՝ Նորայրը ընտրուած է ուսանողական կոմիտէի նախագահ: Եղած է Արցախեան շարժման աշխոյժ աշխատանքներուն մէջ, վերակառուցած է Ջանեաթաղի դաշտային օթեւանը, հիմնադրած Քաջավան գիւղը:

Օմոնականներուն կողմէ ձերբակալուած է եւ 1.5 տարի իր ընկրեներուն հետ եղած է Շուշիի, Պաքուի բանտերուն մէջ: «Բանտին մէջ 12 տարի ազատազրման դատապարտած են իբրեւ «յանցախումբ»-ի ղեկավար: Զինք չէին ուզեր փոխանակել, գործող դատախազը անձամբ խոստացած էր ատիկա: Սակայն դատախազի մահէն ետք Նորայրը կը փոխանակուի: 1992 Ապրիլի սկիզբները հայրենի գիւղին մէջ էր: Թէեւ հիւծուած էր, բայց անմիջապէս կը զբաղի ջոկատի ստեղծման աշխատանքներով: Մարտակերտի գունդը կը կազմաւորուի Վարդաձորի ջոկատին հիման վրայ»,- նշած է Նունէ Դանիէլեան:

Մարտակերտի շրջանի Վարդաձոր գիւղին մէջ ծնած Արցախեան շարժման առաջամարտիկը 1992թ. կը դառնայ Մարտակերտի պաշտպանական շրջանի հրամանատար։

Նորայրը մասնակցած է Մարտակերտի, Քելբաջարի եւ Կուբաթլուի շրջաններու ինքնապաշտպանական եւ ազատագրական մարտերուն։ 1993-էն ընտրուած է ԼՂՀ ԳԽ պատգամաւոր։ Զոհուած է անյայտ հանգամանքներու մէջ՝ 1993 Հոկտեմբեր 18-ին, Խաչենի մէջ։