Կրկին Ու Կրկին Արցախի Օժանդակութեան Հարցականը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Հայրենիք»-ի խմբագրական

Այս օրերուն, սովորութիւն դարձած է Միացեալ Նահանգներու յառաջիկայ տարեշրջանի պետական ամավարկին արտաքին օժանդակութիւններու թղթածրարի վերստուգման եւ վաւերացման գործընթացը, ուր միշտ խնդրայարոյց եղած է Արցախը, միշտ ալ նկատի չառնուելով ու լուսանցքի տակ առնուելով Սպիտակ Տան կողմէ։

Կը թուի, թէ հարցը ներկայ ղեկավարին հետ չառնչուիր։ Աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր, պատկերը փոխուած չէ։

Այս տարի, նախագահ Թրամփ շարունակած է միեւնոյն ընթացքը եւ Փետրուար 11-ին լոյս ընծայելով յառաջիկայ տարեշրջանի պետական ամավարկը, ներկայացուցած է արտաքին օժանդակութիւնները 21 առ հարիւրով կրճատելու Արցախի օժանդակութիւնը։

Այս որոշումը առնուեցաւ Պաքուի մէջ կայացած Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու՝ Մեւլութ Չաւուշօղլու – Էլմար Մամետեարով հանդիպումէն քանի մը օր ետք միայն՝ Փետրուար 6-ին, թրքալեզու պետութիւններու համագործակցութեան խորհուրդի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի արտակարգ նիստին ընթացքին։

Որքա՜ն էական է Արցախի օժանդակութիւնը եւ այս գծով Հայ Դատի յանձնախումբերը ահազանգ կը հնչեցնեն, որպէսզի ամէն գնով կապ հաստատուի քոնկրէսականներու հետ, վերստին համոզելու, որ անպայման նկատի առնուի 2021-ի պետական ամավարկին մէջ։

Թիրախը յատկապէս Արցախի ականազերծման նպատակին տրամադրուելիք ամերիկեան օժանդակութիւնը կրճատելու փորձն է։ Նուազագոյնը՝ տաս միլիոն տոլարի օժանդակութեան կարիք կայ, Արցախի մարդասիրական կենսական նպաստներ տրամադրելու ջանքերուն եւ ամբողջացնելու համար տարիներէ ի վեր շարունակուող ականազերծման աշխատանքերը։

Միայն Արցախի մէջ, Միացեալ Նահանգներու պետական պիւտճէէն ստացուած միջոցներով եւ անշուշտ ոչ-կառավարական բարերարներու օգնութեամբ, վնասազերծուած են բազմաթիւ ականապատուած հողաշերտեր: 1998-էն ի վեր Արցախին յատկացուող ամերիկեան օգնութիւնը առաջնահերթ դեր կը խաղայ նաեւ, սահմանամերձ շրջաններէն հեռու, տեղւոյն բնակչութեան մարդասիրական խնդիրները կարգաւորելու համար:

Հոս տեղին է նշել, թէ այս տարեկան աջակցութիւնը կը վայելէ յանձնախումբի թէ՛ Հանրապետական եւ թէ՛ Դեմոկրատական անդամներուն աջակցութիւնը:

Նոյնքան առաջնահերթ է նաեւ, Արցախի օժանդակութեան կողքին, արգիլումը Ատրպէյճանին որեւէ տնտեսական աջակցութեան, մինչեւ այն ատեն, որ Պաքուի կողմէ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ սպառնալիքները կը շարունակուին։ Եւ այս մէկը անշուշտ, վերոյիշեալ Չաւուշօղլու – Մամետեարով հանդիպման լոյսին տակ։

Անշուշտ, Արցախի կողքին կարելի չէ մոռնալ նաեւ առնուազն իննսուն միլիոն տոլարի օժանդակութիւնը Հայաստանին։ Ի վերջոյ, այս պարագային ալ, ամերիկեան յատկացումներուն միջոցաւ կ՛ամրապնդուի Միացեալ Նահանգներու հետ քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական գործակցութիւնը։

Ուստի, ժամանակն է որ ամէն մէկ ամերիկահայ կապ հաստատէ իր շրջանի քոնկրէսականին հետ եւ ամէն գնով շեշտէ Հայաստանի եւ յատկապէս Արցախի օժանդակութեան ներմուծումը, գրանցումն ու վաւերացումը յառաջիկայ տարեշրջանի ամավարկին մէջ։