Հոգեհանգստեան Արարողութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երջանկայիշատակ Վեհափառ Հայրապետներուն Եւ Երանաշնորհ Միաբան Հայրերու Հոգիներուն Համար

Սփիւռք

Կիրակի, 16 Փետրուար 2020-ին, յաւարտ ս. եւ անմահ պատարագին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին կից գտնուող «Զարեհեան յուշարձան-դամբարան»-ին մէջ, ներկայութեամբ միաբան հայրերու եւ հաւատացեալներու, կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երջանկայիշատակ հայրապետներուն եւ լուսահոգի միաբաններուն հոգեհանգիստը, որուն նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոսը:

Արդարեւ, սոյն հոգեհանգստեան պաշտօնը, որ աւանդութիւն դարձած է փետրուար ամսուան ընթացքին կատարել կաթողիկոսութեան թեմերուն բոլոր եկեղեցիներէն ներս, առիթ է ոչ միայն յիշելու մեր վեհափառ հայրապետներուն եւ հոգեւոր հայրերուն նուիրական ծառայութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, այլեւ այն եզակի դերը, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ունեցաւ ցեղասպանութենէն ետք սփիւռքի կազմակերպման աշխատանքին մէջ, ինչպէս նաեւ վերանորոգելու մեր ուխտը` ծառայական նոյն ճամբան շարունակելու, որպէսզի նոր եռանդով շարունակենք մեզի կտակուած աւանդն ու հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը: