Նարեկ Դուրեան Պէյրութի Մէջ Հանդէս Եկաւ Նոր Մենակատակերգութեամբ` «Սիրոյ Մենիւ»

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին, Կիրակի 16 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Նարեկ Դուրեան «Սիրոյ Մենիւ» նոր մենակատակերգութեամբ նուիրուած` արուեստագէտի 60-ամեակին: Ներկայացման արտադրողն է Քրիստինէ Յովհաննիսեան: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազդակ»-ը։

Նարեկ Դուրեան այս մենաներկայացումը գրած է իր 60-ամեակին առիթով: Իր իսկ հաստատումով, երբ մարդու տարիքը կը հասնի վաթսուն տարեկանի, սիրոյ հանդէպ իր մօտեցումը կը փոխուի եւ կ՛անդրադառնայ, որ միայն մէկ տեսակ սէր չկայ, այլ` սիրոյ տեսականիներ կան: Անձ մը կրնայ սիրել իր մասնագիտութիւնը, տաղանդը, բամբասանքը, չարութիւնը, բարիքը կամ ընդհանրապէս` ինքզինք:

Արդարեւ, մօտաւորապէս երկու ժամ տեւողութեամբ հանդիսատեսը ականատես եղաւ սիրոյ տեսականիներուն, որոնք ներկայացուեցան Դուրեանի կողմէ զուարճալի եւ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ:

Յայտնենք, որ «Սիրոյ Մենիւ» նոր մենակատակերգութիւնը պիտի ներկայացուի նաեւ այսօր` Երկուշաբթի, 17 Փետրուարի երեկոյեան ժամը 8:00-ին նոյն վայրին մէջ: