Ապրիլ 5-ի Հանրաքուէն Հակաօրինական է. Քարոզչական Շտաբի Առաջին Յայտարարութիւնը

Հայաստան

ՀՀ Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու նպատակով Ապրիլ 5-ին հանրաքուէ իրականացնելու իշխանական ճամբարի նախաձեռնութիւնը արջի ծառայութիւն կը մատուցէ Նիկոլ Փաշինեանի վարչակարգին՝ ատով իսկ վտանգելով Հայաստանի մէջ սկսած եւ ընթացող հասարակական արդարութեան հաստատման գործընթացը: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է «Կամք» նախաձեռնութեան ղեկավար Վահագն Չախալեան:

«Ինչո՞ւ պոյքոթի ենթարկել Ապրիլ 5-ի հանրաքուէն

ՀՀ Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու նպատակով Ապրիլ 5-ին հանրաքուէ իրականացնելու իշխանական ճամբարի նախաձեռնութիւնը արջի ծառայութիւն կը մատուցէ Նիկոլ Փաշինեանի վարչակարգին՝ ատով իսկ վտանգելով Հայաստանի մէջ սկսած եւ ընթացող հասարակական արդարութեան հաստատման գործընթացը:

Հանրաքուէն միաժամանակ անընդունելի է ե՛ւ բարոյական, ե՛ւ իրաւական, ե՛ւ գործնական առումներով:

Ապրիլ 5-ը անընդունելի է բարոյական առումով

Բարոյական առումով հանրաքուէն անհեռանկար է, որովհետեւ անիկա կը ծառայէ սպիտակներու եւ սեւերու պայքարի մանր հաշիւներուն: Այսպէս կոչուած՝ սեւերէն սահմանադրական դատարանը վերցնելով՝ այսպէս կոչուած՝ սպիտակները կ՝ուզեն իրենց վերահսկողութիւնը հաստատել Հայաստանի Հանրապետութեան դատարաններուն վրայ: Նման գործելաոճը բարոյապէս անընդունելի է, եւ կը հետեւի ամբողջատիրական սովորոյթներուն՝ Սահմանադրութիւնը ծառայեցնելու իշխող վարչախումբին: Յիշենք, որ Սերժ Սարգսեանի վարչակարգը տապալուեցաւ Սահմանադրութիւնը ժողովուրդին դէմ օգտագործելուն իբրեւ արդիւնք:

Ապրիլ 5-ը անընդունելի է իրաւական առումով

Ըստ ՀՀ Սահմանադրութեան պահանջներուն, Սահմանադրութեան փոփոխութեան իրաւական ակտերու նախագիծերը Ազգային Ժողովը կը ներկայացնէ սահմանադրական դատարանի հաստատման: Ապրիլ 5-ի հանրաքուէն հակաօրինական է եւ կը հակասէ ՀՀ Սահմանադրութեան (Սահմանադրութեան 168-րդ յօդուածի երկրորդ կէտին, 169-րդ յօդուածի 2-րդ մասին, սահմանադրական օրէնքի 25-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 2-րդ կէտին):

Ապրիլ 5-ը անընդունելի է գործնական առումով. այն աշխարհաքաղաքական եւ հասարկական նման իրավիճակի մէջ խոցելի կը դարձնէ մեր երկիրը ներսէն եւ դուրսէն:

Կոչ կ՝ընենք

ՀՀ Ազգային Ժողովին, Կառավարութեան ու Նախագահին՝ ետ կանգնելու սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէ իրականացնելու սխալ ճանապարհէն:

ՀՀ քաղաքացիներուն՝ բռնելու պետականութեան, իրաւականութեան, ժողովրդավարութեան եւ համերաշխութեան ճանապարհը, պոյքոթի ենթարկելու Ապրիլ 5-ի սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէն»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: