Ստեփանակերտի Մէջ Գիրք Նուիրելու Օրը Պիտի Նշուի Մեծ Շուքով

Այլեւայլ, Հայաստան

ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ եւ ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան աջակցութեամբ՝ Փետրուար 19-ին, ժամը 13:00-ին, Ստեփանակերտի Վերածննդի հրապարակին վրայ պիտի կայանայ գիրք նուիրելու օրուան նուիրուած ձեռնարկ: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» ուսանողական միութեան անդամ Վահագն Խաչատրեանի տեղեկութիւններով՝ ձեռնարկին ընթացքին մարդիկ հնարաւորութիւն պիտի ունենան գիրք նուիրաբերելու «Գիրքի պանք»-ին, ուր հաւաքուած ամբողջ գիրքերը, իբրեւ նուիրատւութիւն, պիտի փոխանցուին Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ գիւղի դպրոցի գրադարանին:

«Կ՝ակնկալենք մեր քաղաքացիներու աշխոյժ մասնակցութիւնը: Գրքահաւաքը պիտի շարունակուի մինչեւ Մարտ 1: Պէտք է նշեմ, որ «Գիրքի պանք»-ին նուիրատւութիւն առաջին անգամ եղած է 2018-ին: Այն ժամանակ մօտ 1800 գիրք նուիրած ենք Քաշաթաղի շրջանի Քաշունիք գիւղի դպրոցի գրադարանին: Ինչ կը վերաբերի այս տարի Աղաւնոյ գիւղի դպրոցին նուիրատւութեան, նշեմ, որ կ՝ընտրուին բացառապէս վերաբնակեցուած շրջանները: Բոլոր դպրոցներն ալ քիչ թէ շատ ապահովուած են գիրքերով, բայց մենք շեշտը կը դնենք ժամանակակից գրականութեամբ այդ գրադարանները համալրելուն վրայ: Ծրագիրով նախատեսուած է նաեւ նոր հրապարակուած գիրքերու ձեռքբերում, եւ, խորհրդակցելով դպրոցի տնօրէնին հետ, ըստ անհրաժեշտութեան նոր տպագրուած գիրքեր ալ պիտի գնենք»,- մանրամասնած է Վ. Խաչատրեան: