Այսօր Պաշտօնապէս Կը Սկսի Սահմանադրական Հանրաքուէի Քարոզարշաւը

Հայաստան

Այսօր պաշտօնապէս կը սկսի սահմանադրական հանրաքուէի քարոզարշաւը, որ կը շարունակուի մինչեւ Ապրիլ 3։ Այս մասին կը յայտնէ Yerkir.am-ը:

Նշենք, որ «Այո՛»-ի քարոզչական կողմն ու շտաբը ձեւաւորուած են՝ տարածքային կառավարման նախարար Սուրէն Պապիկեանի գլխաւորութեամբ։

Ազգային ժողովի պատգամաւորներու կողմէն «Ոչ» քարոզչութեան կողմ ձեւաւորելու ժամկէտը կը լրանայ այսօր, բայց մինչ այս պահը խորհրդարանական ուժերէն որեւէ մէկը «Ոչ»-ի շտաբ ձեւաւորելու մասին որեւէ յայտարարութիւն չէ տարածած:

Սահմանուած ժամկէտին քարոզչութեան կողմ չարձանագրուելու պարագային «Ոչ»-ի քարոզչութեան կողմ կրնայ ձեւաւորել առնուազն 50 քաղաքացիներէ բաղկացած խումբը:

Ինչ կը վերաբերի արտախորհրդարանական ուժերուն, նշենք, որ հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կոչ ըրած է առհասարակ անտեսել հանրաքուէն, իսկ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը չի մասնակցիր հանրաքուէի գործընթացին:

1995-ի Սահմանադրութեան ընդունումէն ետք՝ 2020 Ապրիլ 5-ին կայանալիք Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն արդէն 4-րդ փորձն է: Վերջին 25 տարուան ընթացքին սահմանադրական փոփոխութիւններ նախաձեռնուած են համապատասխանաբար 2003, 2005 եւ 2015 թթ..: