Հայերէն Գիրքի Պատմութիւն. Սովորական Նահանջի Զարդարանք

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Տօնական օրերուն Միացեալ Թագաւորութեան եռացող մայրաքաղաքը կը գտնուէի. թանգարաններ, յիշարժան վայրեր, ամանորեան շուկայի զեղչեր…

Մթնոլորտ մը. անգլիացիները որոշած են դուրս գալ Եւրոմիութենէն: Հայ մարդիկ գոհունակութեամբ կը խօսէին այս մասին:

Երեւոյթներ կան, որոնք այլեւս մեզ չեն անհանգստացներ: Թէեւ անոնք չեն նկատուիր, այնքա՜ն բնական եւ սովորական կը թուին, ընդհանրացած, կանոն:

Ընտանեկան յարկի մը տակ մասնակից եղանք տօներուն: Մեծ հայր եւ մեծ մայր անգամ զաւակներուն եւ թոռներուն հետ դադրած էին հայերէն խօսելէ: Ի հարկէ, սփիւռք կոչուած հայաշխարհի մէջ բացառիկ պարագայ մը չէր:

Հիւրընկալները երիտասարդ էին: Տան մէջ երաժշտութիւն, նկարներ, համադամներ անգլիական էին, բացի հիւր մեծ մայրիկի պատրաստած ճաշերէն:

Հեռատեսիլը եւ այֆոնը դեռ տունէն չէին արտաքսած գիրքը: Այլեւս դարուն չհամապատասխանող զարմացնող պատկեր մը: Գրադարան մը եւ խնամքով շարուած գիրքեր, որոնց առջեւ կանգնեցայ եւ հիւանդագին հետաքրքրութեամբ հայերէն գիրք մը փնտռեցի, որ ժառանգութեամբ կամ գէթ իր պատկերներուն համար հոն հասած կրնար ըլլալ:

Հայու տան գրադարանին մէջ հայերէն գիրք չկար: Զուր ճիգ  պիտի ըլլար հայերէն թերթ, կամ հայկական նոյնիսկ օտարաբարբառ  թերթ փնտռել: Նորին վեհափառութեան կղզիին մէջ հայերէն թերթ չկայ, բայց կան եկեղեցիներ եւ ակումբ, Հայաստանի դեսպանատուն, կուսակցութիւններ եւ միութիւններ: Հանգամանաւորներ: Կան բարերարներ, եւ անոնց անունով եւ նուիրաբերումով, այլ երկինքներու տակ` դպրոցներ:

Ծնողք եւ զաւակներ ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ բանի կռթնելով շարունակութիւն պիտի ըլլան, նոյնիսկ երբ, բախտաւոր պարագային, անունները հայկական մնացած ըլլան:

Մշակոյթը եւ գիրքը սոսկ արտադրող եւ սպառող քաղաքացիին կու տան ինքնութիւն, homo consumeris-ը կը դարձնեն յատուկ անուն, որ կը կառուցուի յիշողութեան պատուանդանին վրայ, կը դառնայ նկարագիր ունեցող համայնք եւ ազգ:

Երէցներ եւ նորեր իրենց հետ բերած լաւ կամ վատ հայերէնով կը խօսին իրարու հետ, բայց անոնց ալ կեանքի լեզուն հայերէնը չէ, համեմուած է, կրնանք ըսել` վիրաւոր: Հոս ալ, եթէ մատներու արանքէն չդիտենք իրականութիւնները` հայրենի պետութիւնը, սփիւռք(ներ)ի բազմանուն կազմակերպութիւնները, հակառակ խորանէն եւ բեմէն լսուած խօսքերու, վատութեամբ կը տնտեսեն ծագումով հայերու արտադրութիւնը:

Հայու տուն հայերէն գրուած էջ չի մտներ:

Դպրոցաշէն բարերարները եւ հայապահպանութեան բարձրագոչ ասպետները, համատեղ ճիգով, գէթ ամիսը մէկ անգամ երկծալ հայագիր թերթ մը չե՞ն կրնար հասցնել իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ, որպէսզի երիտասարդ հայրեր եւ մայրեր, անոնց զաւակները, տեսնեն, թէ իրենք սուկի պէս բուսած արարածներ չեն, շարունակութիւն պէտք է ըլլան եւ չեն:

Այս աշխատանքը ազնիւ ազգային քաղաքականութիւն է, ջոջի մը տան մէջ ճաշկերոյթ չէ, ոչ ալ` թերթի մէջ պատկեր, կամ լամբակէն կախուած շքանշան: Որո՞ւ խօսիլ:

Կոկորդ պատռելով կը խօսինք Ցեղասպանութեան եւ անոր ճանաչման մասին: Կ’ըսենք` ճանաչում եւ յաղթանակ, կը յուզուինք փակ շրջանակի մէջ:

Հաւկուրութենէ կը տառապինք եւ չենք տեսներ մեր աչքին առջեւ ամէն փռուող մաշումի ցեղասպանութիւնը, որուն համար մեզմէ դուրս հասցէ պէտք չէ փնտռել:

Կարծէք macro ճառ-քաղաքականութիւնը արգելք է ազգային իրաւ քաղաքականութեան, որ կրնայ micro ըլլալ: Յաճախ կը մտածեմ Ա. Աշխարհամարտի աւարտի որբահաւաքի հերոսներու մասին, որոնք ճամբաներու վրայ հետիոտն կ’երթային մէկ քաղաքէն միւսը, գիւղէ գիւղ, որբեր գտնելու եւ ազգին վերադարձնելու համար զանոնք:

Այդ micro ազգային իրաւ քաղաքականութիւն էր:

Նպատակը պէտք է հասկնալ. փրկել եւ պաշտպանել ազգի համրանքը, որպէսզի կարելի ըլլայ տոկալ, տեւել եւ մնալ պատմութեան բեմին վրայ` որպէս ինքնուրոյն շարունակութիւն:

Սոսկ ծագումով հայ ըլլալու գիտակցութեան մխիթարութեամբ ազգի պատկանելիութիւն եւ ինքնութիւն չեն պահուիր: Ծագումով հայ ըլլալ` կը նշանակէ, որ հայը փոխարինուած է այլ բանով, նոյնիսկ եթէ այդ բարձրաձայն չենք ուզեր խոստովանիլ:

Ենթադրաբար հայ ընտանիքի տան գրադարանին մէջ հայերէն գիրք չկար:

Ինչպէ՞ս ճշդել այս բացակայութեան պատասխանատուութիւնը: Պատասխանատուները:

Միշտ կարելի է խօսիլ անհատներու թերացման եւ նահանջի մասին: Բայց աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ, այս պարագային, մատնանիշ ընել ապիկարութիւնը ղեկավարման, քանի որ անոր ճամբով է, որ մասնակին կը դառնայ հաւաքական ծրագրում եւ յանձնառութիւն, որոնք եթէ ըլլային, հայ ընտանիքի գրադարանին մէջ գէթ մէկ հատիկ հայերէն գիրք կ’ըլլար` որպէս սրբապատկեր, Icône:

Իրա՛ւ ղեկավարութիւնը, ոչ ցուցամոլ եւ շահախնդրուած էսթեպլիշմընթը, պարտք է իւրաքանչիւրին: Հաշուետու է ազգին եւ պատմութեան: Նախագահներ, նախարարներ, ատենապետներ, կրօնապետներ պատասխանատու են հայ տունէն բացակայ հայերէն խօսքին եւ գիրքին համար:

Միշտ պէտք է կրկնել, որ հարկ է հասնիլ իւրաքանչիւրին` իր յարկին տակ: Սովորութիւն է համոզուածը համոզել` անգիտանալով բացակայ մեծամասնութիւնը, որ հայերէն գիրք եւ թերթ չի տեսներ: Ինչպէ՞ս, ի՞նչ միջոցներով հասնիլ իւրաքանչիւրին, հարց կրնայ տալ գործնապաշտ հայը, որ սպառող է, consumeris զբօսի քաղաքակրթութեան կը հետեւի` յանուն լաւ ապրելու իրաւունքի:

Համոզուածներու, եթէ այսպէս կարելի է խօսիլ, հետզհետէ կծկուող շրջանակներ կան, որոնք կը ծառայեն դիրքեր եւ փառքեր պաշտպանելու:

Այսօր կենսական է ցուցադրական-show-ի եւ պալատականներով ճամբորդութիւններու ինքնագոհութիւնները մոռնալ եւ ազգի ներքին հիւսկէնը վերականգնել` որպէս համրանք եւ որպէս ոգի:

Հայ անհատին, ընտանիքին, առանց անտեսումի, իւրաքանչիւրին տանիլ հայերէն գիրը, խօսքը, թերթը, գիրքը, անոնցմով ստացուած եւ ստացուելիք ժառանգութիւնը, որպէսզի մասնակից-մեղսակից չըլլանք ազգին համրանքի կորուստով ընթացող ցեղասպանութեան:

Այդ հայ ընտանիքէն երբ կը բաժնուէինք, հայերէն գիրք մը տուի, ըսի, որ զայն դասեն միւսներուն հետ` որպէս յուշաքար:

Որպէսզի տեսնեն, որ աշխարհի գիրքերուն պէս կան նաեւ հայուն հարազատ գիրը, խօսքը եւ գիրքը: Թերեւս պիտի հասկնան, որ եթէ անոնք չըլլան, իրենք անարմատ այլ բան պիտի ըլլան:

Հայերէն գիրք մը. նաւաբեկեալին շիշի մը մէջ դրած օգնութեան կանչին պէս:

9 Jունուար 2020, Նուազի-լը-Կրան