Տիարպեքիրի Սուր Շրջանի Պատմական Շէնքերը Ոչնչացուած են

Աշխարհ, Էրկիր

Տիարպեքիրի Ճարտարապետներու պալատը եւ որոշ հասարակական կազմակերպութիւններ մտած եւ ուսումնասիրած են Տիարպեքիրի Սուրի չորս թաղամասերը, որոնք 4 տարիէն ի վեր արգիլուած են եւ այնտեղ կարելի է մուտք գործել միայն յատուկ թոյլտւութեամբ:

Պատուիրակութիւնը, որ Յունուար 17-ին մտաւ Սուր, իր հետաքննութեան վերաբերեալ զեկոյցը հանրութեան հետ կիսեց մամուլի հաղորդագրութեամբ:

Ըստ զեկոյցին, տասնեակ պատմական շինութիւններ ամբողջութեամբ աւերուած են, եւ որոշ տարածքներու մէջ պեղած են գանձ որսորդները: Աւելին, այդ պեղումները կատարուած են այն մարզին մէջ, ուր մուտքն ու ելքը չի թոյլատրուիր:

Յայտարարութեան մէջ այս իրավիճակին մասին ըսուած է. «Հակառակ որ ոչ ոքի թոյլատրուած է մուտք գործել տարածք, որոշ շէնքեր պեղուած են գանձերու համար, իսկ շէնքերը վնասուած են”:

Պատուիրակութեան զեկոյցին համաձայն ` Սուր, Հասիրլի, Ֆաթիհպաշայ եւ Տապանօղլու թաղամասերուն մէջ գտնուող 49 պատմական շէնքերէն որեւէ քար չէ մնացած:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ հայ եւ քաղդէական եկեղեցիներու մասին։

«Ենիքափը փողոցը, որ պահպանած է իր նախնական փողոցային կառուցուածքը, որուն վրայ կան բազմաթիւ յուշարձանային եւ քաղաքացիական ճարտարապետական ​​օրինակներ, քանդուած է 7 մեթրէն 15 մեթր փողոցով փոխակերպման նախագիծով: Այս պատճառով ոչնչացած են Սուրբ Կիրակոս եւ Քաղդէական եկեղեցիներու խանութներն ու բակային պատերը: Դիտարկուած է, որ փողոցին մէջ կառուցուած նոր շէնքերը ամբողջովին դէմ են փողոցային արտաքին ճակատի աւանդոյթներուն»: