«Արմենոֆոպիա» Մոլուցքը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Հայրենիք»-ի խմբագրական

«Կեղծ խօսքերը ոչ միայն չարիք են, այլեւ հոգին կը վարակեն չարիքով»

Պղատոն

Քաղաքակիրթ աշխարհը, սկսեալ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար պայքարող ոչ-կառավարական հիմնարկներէն, մինչեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան հովանիին տակ գտնուող ենթայանձնախումբերը տեղեակ չեն, թէ որքան մտահոգիչ է Ատրպէյճանի մէջ եւ առ հասարակ ատրպէյճանցիին մօտ գոյութիւն ունեցող հակահայ ատելութիւնն  ու մոլուցքը։

Զարմանալիօրէն Ատրպէյճանն է, որ իր լուման տրամադրելով, գործի լծած է քարոզչական մեքենան, շարունակ աղաւաղելով եւ խեղաթիւրելով լուրեր, միշտ ու միշտ նախայարձակը նկատելով Հայաստանը, յանցաւորն ալ՝ հայորդին։

Պարզ ու մեկին ահազանգային է կացութիւնը, այն պատճառով, որ դպրոցականները փոքր տարիքէն սկսեալ ատելութեամբ կը լեցուին հայութեան եւ Հայաստանին դէմ։ Այս հայատեացութեան ախտը համաճարակի բնոյթ ստացած է եւ կրնայ ահաւոր կացութիւններու դուռ բանալ։ Քանի մը ամիս առաջ, ոտնագնդակի մրցումի մը հետեւելու համար զբօսաշրջիկներ ոստիկաններու կողմէ նոյնիսկ հրմշտկուած էին Պաքուի մէջ, հայ մարզիկի մը անունը կրող շապիկը կրած ըլլալնուն պատճառաւ։

Դեռ աւելին, երիտասարդներ բռնի կերպով ձերբակալուած եւ ոստիկանատուն տարուած էին, հարցաքննուելու համար, թէ ինչո՞ւ հայերէն կամ հայ երգիչի մը հնչած երաժշտութիւնը կ՛ըմբոշխնեն։ Այս իրադարձութիւններու լոյսին տակ, պէտք չէ  զարմանալ՝ իմանալով,  որ տասնեակ մը օրեր առաջ, Գերմանիոյ մէջ ազերի թենորը պիտի մերժէր բեմ բարձրանալ հայուհի սոփրանոյին հետ։ Արտերկրի մէջ ելոյթ, եւրոպացի յօրինողներու գործեր․․․եւ հոն ալ հայատեացութեան դրօշը պարզուած էր։

Այս է պատկերը, Պաքուի  հայութեան վերջին ջարդին երեսնամեակի օրերուն, որուն զոհ գացին հարիւրաւոր հայորդիներ։ «Վերջին» բառը, կը մատնէ կրկնութիւն կամ դժբախտաբար կրկնութիւններ։ Արդարեւ 1905-ին եւ 1918-ին ալ նմանօրինակ վայրագութիւններ կատարուած էին քաղաքի մը մէջ, ուր հայութիւնը նոյնքան ներկայութիւն եւ վաստակ ունէր, որքան Վրաստանի մայրաքաղաք՝ Թիֆլիսի մէջ։ Թէ՛ առեւտուրի եւ թէ՛ քարիւղի արդիւնաբերութեան բնագաւառէն ներս, հայորդիներ առաջնահերթ դեր ունէին։ Ի վերջոյ մինչեւ հիմա, կանգուն մնացած հայ ընտանիքի անբաժան եկեղեցին՝ Սուրբ Գէորգը, փաստ մըն է, թէ նաֆթի քաղաքին մէջ հայոց պատմութիւն կերտուած է։ Այս ընթացքով, այս մտայնութեամբ եւ յատկապէս այսպէս ղեկավարութեամբ, այդ կառոյցն ալ կրնայ զոհը դառնալ տիրող հայատեացութեան մոլուցքին եւ անհետանալ այդ վայրէն։

Այո՛, այսպիսի յոռետեսութիւն կը սփռէ հորերու քաղաքի իրավիճակը։ Մեծաւ մասամբ, այլ տեսակի ջարդ մը, թէեւ անուղղակի սակայն նոյնքան մտահոգիչ եւ սահմռկեցուցիչ, որքան դարաշրջանի մը վրայ երկարող, շրջանէն ներս կատարուած ջարդերը, կամ դեռ աւելին, հարաւ ուղղուելով Նախիջեւանի մէջ տարիներ առաջ կատարուած պատմական արժէք վայելող խաչքարերու անխնայ սրբապղծումը, քանդումն ու ոչնչացումը։

Աննահանջ կերպով եւ առանց յապաղումի, ժամանակն է թակելու արդարութեան եւ իրականութեան դռները։ Ողջ աշխարհը պէտք է, որ լաւապէս տեղեկանայ, թէ «Արմենոֆոպիա»-ն ո՞ւր  հասած է Ատրպէյճանի դպրոցներէն ներս տրուած կրթութենէն, մինչեւ մասնագիտացած հիմնարկներ։