Պուխարեստի Մէջ Տինքի Սպանութեան 13-րդ եւ Պաքուի Ջարդերուն 30-րդ Տարելիցներուն Առիթով՝ Հոգեհանգստեան Կարգ

Սփիւռք

Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Տաթեւ եպս. Յակոբեանի հանդիսապետութեամբ Յունուար 19-ին, Պուխարեստի Սրբոց Հրեշտակապետաց Մայր Տաճարին մէջ` «Ակօս” թերթի խմբագիր, Թուրքիոյ երեւելի մտաւորականերէն մէկուն` Հրանդ Տինքի հրէշաւոր սպանութեան 13-րդ եւ Պաքուի ջարդերու 30-րդ տարելիցներու առիթով մատուցուած է սուրբ պատարագ, յաւարտ որուն տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Հրանդ Տինքի եւ Պաքուի ջարդերուն զոհ գացած հայերու հոգիներու խաղաղութեան ու հանգստութեան համար: Արարողութեան ներկայ եղած են  Ռումանիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերգէյ Մինասեան, Ռումանիոյ Հայոց Միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեան, թեմական ու ծխական խորհուրդներու անդամներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:  Ըստ «Արմենփրես”-ի՝ այս մասին կը տեղեկացնէ Ռումանիոյ հայոց թեմի մամուլի դիւանը:

Տաթեւ Սրբազանը իր քարոզին մէջ մէկ անգամ եւս ընդգծեց Հրանդ Տինք մտաւորականի, լրագրողի եւ մարդու մեծութիւնն ու կատարած հսկայածաւալ աշխատանքի կարեւորութիւնը` մասնաւորապէս նշելով. «Ժամանակը ի զօրու չէր ամոքելու կամ մոռացութեան մատնելու այն խոր վէրքը, որ պատճառած էր Հրանդ Տինքի ընտանիքի անդամներուն, ընկերներուն ու ամբողջ աշխարհասփիւռ հայութեան: Հրանդ Տինքի սպանութիւնը բացայայտ ոտնձգութիւն էր ընդդէմ ազատ խօսքի, ժողովրդավարութեան ու այն գաղափարներուն, որոնց կրողն էր մեծ մտաւորականը: Իբրեւ ճշմարտութեան առաջամարտիկ, անտեսելով բոլոր տեսակի սպառնալիքներն ու ոտնձգութիւնները, Հրանդ Տինքը բոլոր ամբիոններէն կը պահանջէր ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, չհերքել պատմական իրողութիւնը եւ մերժողական դիրքորոշմամբ յանցակից չդառնալ երիտթրքական ու օսմանեան իշանութիւններուն: Սակայն, ինչպէս շուրջ 100 տարիներ առաջ, այնպէս ալ այսօր, ժամանակակից Թուրքիոյ իշխանութիւնները ընտրեցին խնդրի լուծման այլ ճանապարհ` սպանութեան, ոճրագործութեան եւ առաջաւոր գաղափարներ կրող վառ անհատականութիւնը  լռեցնելու յանցաւոր ու անմարդկային ճանապարհը: Սակայն այս քաղաքական ու գաղափարական սպանութիւնը, ի հեճուկս Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, լիովին հակառակ ազդեցութիւն ունեցաւ: Հրանդ Տինքը ինչպէս Թուրքիոյ, այնպէս ալ աշխարհի զանազան անկիւններու մէջ ունեցաւ հարիւր հազարաւոր գաղափարակիցներ,  որոնք կը պայքարին աւելի ժողովրդավար ու քաղաքակիրթ երկիր ունենալու երազին համար»:

Այնուհետեւ Սրբազանը անդրադարձ կատարեց Պաքուի ջարդերուն. «Պաքուի մէջ տեղի ունեցած ջարդը, հայ ընտանիքներսու հրէշաւոր սպանութիւններն ու արտաքսումը յաւերժ պիտի մնայ հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ, իբրեւ ծանրագոյն ոճրագործութիւն եւ ծրագրուած ցեղասպանութիւն: ․․․Բայց քանի դեռ մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ չէ մոռցուած մեր պատմութիւնը, մեր ազգը պիտի շարունակէ ապրիլ, արարել, ստեղծագործել` կերտելով աւելի լուսաւոր ապագայ, բայց երբեք չմոռնալով անցեալի մութ ու խաւար էջերը․․․: Անպատժելիութիւնը ու միջազգային դատապարտման բացակայութիւնը ժամանակակից պայմաններու մէջ կը բերեն նոր ջարդերու եւ բռնութիւններու, որոնց ականատեսներն ենք այսօր»:

Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք ծաղկեպսակներ զետեղուեցան եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ կանգնեցուած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած խաչքարին առջեւ, ուր խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերգէյ Մինասեան:

Հոգեհանգստեան արարողութիւներ տեղի ունեցան նաեւ միւս հայաշատ ծուխերուն ու քաղաքներուն մէջ: