Սումգայիթի Եւ Պաքուի Ջարդերուն 30-րդ Տարելիցին Առիթով Հոգեհանգիստ Կատարուած է

Հայաստան

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբանութիւնը, Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Յունուար 19-ին մասնակցած է Պատարագի սրբազան արարողութեան Ս. Գայիանէ վանքին մէջ: Պատարագիչը եղած Մայր Աթոռի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա ծայրագոյն վարդապետ Բաղումեանը:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն, իր քարոզին մէջ Հայր Սուրբը խօսած է օրուան ընթերցուածքի խորհուրդի շուրջ, նաեւ անդրադարձ կատարած Պաքուի եւ Սումգայիթի մէջ 30 տարի առաջ հայութեան դէմ կատարուած ոճրագործութեան` նշելով. «Յարութեան հաւատքով ապրած եւ գոյատեւած է մեր ժողովուրդը` ամէն անգամ փիւնիկի նման յառնելով մոխիրներէ ու թշնամիին վայրագութիւններէն: Ճիշտ 30 տարի առաջ` այս օրերուն, երբեմնի հայաշատ Պաքուի մէջ, իսկ անկէ առաջ ալ Սումգայիթի մէջ ատրպէյճանական իշխանութիւններու թոյլտւութեամբ եւ աջակցութեամբ տեղի ունեցան մեր հայրենակիցներու կազմակերպուած տեղահանութիւնն ու ջարդերը, շատերը զոհուեցան, իսկ փրկուածները` ունեզրկուեցան: Անկասկած, ապագային նման երեւոյթները բացառելու գրաւականը Հայրենիքի շուրջ համախմբումն է, հայոց պետականութեան ամրապնդումը, միասնականութեան ոգիի եւ համերաշխութեան զօրացումը ամէնուս միջեւ` ի կատարումն մեր փայփայած նուիրական երազներու ու իղձերու»:

Քարոզէն ետք, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, կատարուած է հոգեհանգստեան կարգ Պաքուի եւ Սումգայիթի մէջ իրականացուած ջարդերու 30-րդ տարելիցին առիթով: