Թուրքիոյ Դատարանը Մերժած է Պատրիարքական Ընտրութեան Վերաբերեալ Սիմոն Չէքեմի Ներկայացուցած Հայցը

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը Սեպտեմբեր 24-ին Պոլսի հայոց պատրիարքարան ուղարկած էր պատրիարքի ընտրութեան նոր կանոնադրութիւնը, որով կը սահմանափակուէր արտասահմանաբնակ եպիսկոպոսներու մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն:  85-րդ պատրիարքի ընտրութիւնը կազմակերպող Նախաձեռնարկ մարմինը որոշած էր չբողոքարկել յիշեալ կանոնադրութիւնը:

Սակայն նշեալ կանոնադրութիւնը դժգոհութիւն յառաջացած է պոլսահայ համայնքին մէջ, իսկ  Նախաձեռնարկ մարմինի կազմէն քանի մը հոգի հրաժարական տուած են:

Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասի Երեք խորան հայկական եկեղեցիին առընթեր թաղային խորհուրդի անդամ Սիմոն Չէքեմը Թուրքիոյ ՆԳՆ եւ Պոլսոյ նահանգապետարանի դէմ դատական հայց  ներկայացուցած է` նշելով, որ պատրիարքի ընտրութիւնները կազմակերպող Նախաձեռնարկ մարմինը չէ կատարած իր ստանձնած պարտաւորութիւնները:

Ըստ «Էրմէնիհապեր»-ի՝  դատարանը մերժած է Սիմոն Չէքեմի հայցը` նշելով, որ Նախաձեռնարկ մարմինը չէ ձեւաւորուած Թուրքիոյ ներքին գործերու նախարարութեան կողմէ եւ բողոքը պէտք է ներկայացնել Նախաձեռնարկ մարմինի դէմ, այլ ոչ թէ նախարարութեան:

Սիմոն Չէքեմի կողմէ ներկայացուած դատական հայցին մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան հրապարակած կանոնադրութեամբ կը սահմանափակուի  արտասահմանաբնակ եպիսկոպոսներու մասնակցութիւնը Պոլսի հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն: «Մինչ այդ նման սահմանափակում չէ եղած եւ թեկնածութիւն առաջադրելու հնարաւորութիւն կ՛ընձեռուէր այն եպիսկոպոսներուն, որոնք հոգեւոր ծառայութիւն կ՛իրականացնէին արտասահմանի մէջ եւ որոնց հայրերը ծնունդով Թուրքիայէն էին: Ատով կանխած են արտասահմանաբնակ թեկնածուններու առաջադրումը»,-նշած է ան:

Ըստ դատական հայցի` Նախաձեռնարկ մարմինը, չնայած վերոնշեալ սահմանափակման, որոշում ընդունած է շարունակել պատրիարքական ընտրութիւններու գործընթացը եւ չէ կատարած իր պարտաւորութիւնները: