ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Երիտասարդներուն եւ Ոստիկանութեան Միջեւ Բախումներ

Հայաստան

Դեկտեմբեր 3-ին, կէսօրուան ժամը 3:00-ին ՀՅԴ ՀԵՄ-ի երիտասարդները հաւաքուած էին ԿԳՄՍ նախարարութեան դիմաց, կ“ակնկալէին նախարարին հետ հանդիպում, սակայն նախարութենէն յայտնեցին, որ հանդիպման համար կայ յատուկ ընթացակարգ, որմէ ետք երիտասարդները ճեղքելով ոստիկանական պատը, հաւաքուեցան դրան դիմաց, իսկ ոստիկանութիւնը բիրտ միջոցներ կիրառելով հեռացուց ցուցարարները եւ քաշքշելով ու հարուածելով ոմանց նստեցուց ոստիականական մեքենան՝ Ոստիկանութեան կեդրոնի բաժանմունք տեղափոխելու համար: Ցոյցի ելած երիտասարդերուն սդէմ Ոստիկանութիւնը բռնի ուժ կիրառեց։

Ըստ “Երկիր”-ի՝ ոստիկանութիւնը բերման ենթարկած է 24 անձ։ Աւելի ուշ անոնք ազատ արձակուեցան։

«Ոստիկանութիւնը ոչ թէ կը ծառայէ ժողովուրդին, այլ օրուան իշխանութեան․ ոչինչ փոխուած է՝ նոյն անյարգալից վերաբերմունքը, նոյն խեղդելը, նոյն միջոցները, որ կը կիրառէին քաղաքացիին հանդէպ առաջ, հիմա ալ կը կիրառեն։ Նոր Հայաստանի մէջ ոստիկանը ցուցարարին կ՛ըսէ «կը թքեմ վրադ»», վրդոված են ՀՅԴ ՀԵՄ-ի ցուցարարները։

Ցուցարարները յայտարարեցին, որ աշխարհի բոլոր կողմերը, ուր այսուհետեւ կը գտնուի Արայիկ Յարութիւնեանը իր, արդէն իսկ անօրէն պաշտօնական այցերով, ՀՅԴ ՀԵՄ-ականները զինք կը սպասեն հրաժարականի վանկարկումներով։

15 օրուան նստացոյցէն ետք՝ անոնք միայն պիտակաւորումներ լսած են եւ ոչ մէկ կառուցողական քննարկում։

Կը շարունակէ՞ք հանդիպում պահանջել ԿԳՄՍ նախարարին հետ հարցումին, հնչած է հետեւեալ պատասխանը․ «Ո՛չ, հրաժարական։ Կարող ենք հանդիպել եւ քննարկել Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի տեքստը»։